Գլխաւոր լուրեր

«Աքսիոս»` Մէջբերելով Պարրաքը.  «Սուրիան Եւ Իսրայէլը Հաւանական Ապահովական  Համաձայնութեան Մը Շուրջ Կը Բանակցին»

«Աքսիոս»` Մէջբերելով Պարրաքը. «Սուրիան Եւ Իսրայէլը Հաւանական Ապահովական Համաձայնութեան Մը Շուրջ Կը Բանակցին»

Ամերիկեան «Աքսիոս» կայքը, մէջբերելով Սուրիոյ հարցով ամերիկացի պատուիրակ Թամըս Պարրաքը, հաղորդեց, որ Սուրիան եւ Իսրայէլը հաւանական ապահովական համաձայնութեան մը շուրջ կը բանակցին: Պարրաք նշած է, թէ միացեալ, կայուն եւ բարգաւաճ Սուրիա մը բոլոր սուրիացիներէն եւ անոնց բոլորին համար ներկայացուցչութեան մը կարիքը ունի: Իսրայէլեան «Այ24ՆԻՈՒԶ» պատկերասփիւռի կայանը, մէջբերելով լաւատեղեակ աղբիւր մը, հաղորդեց, որ ամերիկեան վարչակազմը սեպտեմբերին ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովէն առաջ Իսրայէլի...

Ակնարկ.  Անհրաժեշտ Եւ Ոչ Անհրաժեշտ Հարուածներ

Ակնարկ. Անհրաժեշտ Եւ Ոչ Անհրաժեշտ Հարուածներ

Պէյրութին յղուած ամերիկեան փաստաթուղթին պիտի հետեւէր Թել Աւիւին ուղղուած մը: Բեմագրութիւնը այնպէս էր, որ նախ Պէյրութէն պիտի ակնկալուէր որոշ գործողութիւններ, յետոյ իբրեւ հակակշիռ քայլ նման փաստաթուղթ մը ուղղուէր Թել Աւիւին: Ենթադրելի էր, որ իբրեւ թէ փոխզիջումնային բանաձեւը պիտի ըլլար երկու կողմերէն ակնկալել համընթաց, համաժամանակակից քայլեր: Ամերիկեան «Աքսիոս»-ը յատկապէս միջինարեւելեան տարածաշրջանի իրադարձութիւններուն նկատմամբ «պաշտօնական» խօսափողի դեր ստանձնած է: Կը նախանշէ հետագայ...

Նեթանիահուի Գրասենեակ. «Եթէ Լիբանանեան  Բանակը Հըզպալլան Զինաթափելու Քայլեր Որդեգրէ,  Իսրայէլ Փոխադարձ Քայլեր Պիտի Որդեգրէ»

Նեթանիահուի Գրասենեակ. «Եթէ Լիբանանեան Բանակը Հըզպալլան Զինաթափելու Քայլեր Որդեգրէ, Իսրայէլ Փոխադարձ Քայլեր Պիտի Որդեգրէ»

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի գրասենեակը նշեց. «Այժմ յարմար ժամանակն է, որ թէ՛ Իսրայէլն ու թէ՛ Լիբանանը յառաջ ընթանան գործակցութեան ոգիով եւ կեդրոնանան Հըզպալլան զինաթափելու ու երկու երկիրներուն մէջ կայունութիւնը եւ բարգաւաճումը ամրապնդելու հասարակաց նպատակին վրայ»: «Եթէ լիբանանեան բանակը Հըզպալլան զինաթափելու քայլեր որդեգրէ, Իսրայէլ պիտի որդեգրէ փոխադարձ քայլեր, ներառեալ իսրայէլեան բանակի ներկայութեան աստիճանական նուազեցում` ՄԱԿ-ի ղեկավարած ապահովական մեքանիզմին հետ համակարգաբար», շեշտեց...

«Քուտս» Զօրամասի Հրամանատարի  Օգնականը Կը Յայտարարէ.  «Հըզպալլայի Զինաթափումը Ամերիկեան-Իսրայէլեան  Ծրագիր Է Եւ Երբեք Պիտի Չիրականանայ»

«Քուտս» Զօրամասի Հրամանատարի Օգնականը Կը Յայտարարէ. «Հըզպալլայի Զինաթափումը Ամերիկեան-Իսրայէլեան Ծրագիր Է Եւ Երբեք Պիտի Չիրականանայ»

Իրանի Յեղափոխական պահակագունդի հրամանատարի համակարգումի հարցերով օգնական զօր. Այրժ Մասժիտի յայտարարեց. «Լիբանանի մէջ Հըզպալլայի զինաթափումը ամերիկեան-իսրայէլեան ծրագիր մըն է եւ այդ ծրագիրը երբեք պիտի չգործադրուի»: «Ո՛չ լիբանանցի ժողովուրդը, ո՛չ ալ Հըզպալլայի ուժը այս ծրագիրը պիտի ընդունի, եւ անիկա երբեք պիտի չիրականանայ», շեշտեց զօր. Մասժիտի: «Դիմադրութեան զէնքը լիբանանցի ժողովուրդին այս հողը սիոնական գոյացութեան յարձակումէն պաշտպանելու զէնք է», ըսաւ ան: Մասժիտի նաեւ...

Ստեփանակերտի Կեդրոնին Մէջ  Աշոտ Ղուլեանի Յուշարձանը Ոչնչացուեցաւ

Ստեփանակերտի Կեդրոնին Մէջ Աշոտ Ղուլեանի Յուշարձանը Ոչնչացուեցաւ

Արցախի մշակութային եւ զբօսաշրջութեան զարգացման գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ 24 օգոստոսին` արցախեան ազատամարտի հերոս Աշոտ Ղուլեանի (Բեկոր) յիշատակի օրը, Ստեփանակերտի մէջ ոչնչացուած է անոր յուշարձանը: Աշոտ Ղուլեանի յուշարձանը, որ ստեղծուած էր յայտնի հայ քանդակագործ Եուրի Սամուէլեանի կողմէ, տեղադրուած էր 1996-ին` անոր թաղման վայրին մէջ, նոյնանուն զբօսայգիին մէջ: Աւելի ուշ Բեկոր Աշոտի աճիւնները տեղափոխուած էին անոր ծննդավայր Խնձրիստան, սակայն ներկայիս անոր...

Իրանը, Ֆրանսան, Գերմանիան, Բրիտանիան  Եւ Եւրոպական Միութիւնը Համաձայնած Են  Երեքշաբթի Օր Հանդիպում Ունենալ

Այսօր Ժընեւի Մէջ Իրան-Եւրոպական Եռեակ Բանակցութիւններ

Իրանի պետական պատկերասփիւռի կայանը երէկ հաղորդեց. «Իրան վաղը` երեքշաբթի օր Ժընեւի մէջ եւրոպական եռեակին (Ֆրանսա, Բրիտանիա եւ Գերմանիա, «Ա.») հետ իր հիւլէական ծրագիրին շուրջ բանակցութիւններ պիտի վարէ»: Իրանեան «Թասնիմ» լրատու գործակալութիւնը իր կարգին հաղորդեց. «Հիւլէական բանակցութիւնները պիտի գումարուին արտաքին գործոց փոխնախարարի մակարդակով»: Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան Նոել Պարրօ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչիի հետ 22 օգոստոսին հեռաձայնային հաղորդակցութենէ...

ՀՅԴ-ի Հիմնադիր Քրիստափոր Միքայէլեանի  Նահատակութեան 120-Ամեակին Առիթով.  ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Վիտոշի Բազէ» Բանակումի Բացում

ՀՅԴ-ի Հիմնադիր Քրիստափոր Միքայէլեանի Նահատակութեան 120-Ամեակին Առիթով. ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Վիտոշի Բազէ» Բանակումի Բացում

Կիրակի, 24 օգոստոս 2025-ին ՀՅԴ ԼԵՄ-ի անդամները ուղղուեցան Այնճար: Առաջին հերթին, ԼԵՄ-ականները մասնակցեցան ՀՅԴ ԼԵՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան կազմակերպած, արցախեան նահատակ Մհեր Ջուլհաճեանի նահատակութեան 32-րդ տարելիցին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօնին, որ տեղի ունեցաւ, Այնճարի Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի: Ապա, ԼԵՄ-ականները ուղղուեցան ԼԵՄ-ի բանակավայր, ուր բացումը կատարուեցաւ ՀՅԴ հիմնադիր-ռահվիրայ Քրիստափոր Միքայէլեանի նահատակութեան 120 ամեակին նուիրուած ՀՅԴ ԼԵՄ-ի 2025 տարուան «Վիտոշի...

Նախագահ Աուն. «Պարրաքի Փաստաթուղթին  Իսրայէլի Պատասխանին Կը Սպասենք»

Նախագահ Աուն. «Պարրաքի Փաստաթուղթին Իսրայէլի Պատասխանին Կը Սպասենք»

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն շաբաթ օր Պաապտայի պալատին մէջ ամերիկացի ծերակուտական Տարըն Լահուտի հետ հանդիպումի ընթացքին յայտնեց. «Լիբանան վերջնական պատասխանը կը սպասէ այն փաստաթուղթին, որ ամերիկացի պատուիրակը բերաւ, որ երեքշաբթի օր Մորկըն Օրթէյկըսի հետ Լիբանան պիտի այցելէ»: Ան հերքեց, թէ Լիբանանը պաշտօնապէս որեւէ տեղեկութիւն ստացած է լրատուամիջոցներու մէջ շրջանցուող այն լուրին մասին, թէ Իսրայէլ մտադիր է հարաւային Լիբանանի մէջ արգելակիչ...

Պարրաք Իսրայէլ Այցելեց

Պարրաք Իսրայէլ Այցելեց

Ամերիկացի պատուիրակ Թամըս Պարրաք երէկ հասաւ Իսրայէլ, ուր հանդիպում ունեցաւ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի հետ` քննարկելու համար Լիբանանի մէջ Իսրայէլի յարձակումները զսպելու Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի վարչակազմին առաջարկը: Այս մասին հաղորդեց «Աքսիոս»: Պարրաք հանդիպում ունեցաւ նաեւ Իսրայէլի ռազմավարական հարցերու նախարար Ռոն Տերմերի, արտաքին գործոց նախարար Կիտէոն Սահերի եւ պաշտպանութեան նախարար Իսրայէլ Քացի հետ: «Աքսիոս» կը հաղորդէ. «Թրամփի վարչակարգը ապագային...

Թրամփ. «Եթէ Ուքրանիոյ Մէջ Պատերազմը Չդադրի,  Ես Երկու Շաբաթէն Շատ Կարեւոր Որոշում Պիտի Տամ»

Թրամփ. «Եթէ Ուքրանիոյ Մէջ Պատերազմը Չդադրի, Ես Երկու Շաբաթէն Շատ Կարեւոր Որոշում Պիտի Տամ»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ կրկին անդրադարձած է Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ միջեւ պատերազմը դադրեցնելուն: «Պի.Պի.Սի.» կը հաղորդէ, որ ան նշած է, թէ ինք «դժգոհ» է խաղաղութեան հաստատման հոլովոյթէն: Թրամփ ընդգծած է, որ տակաւին չէ կրցած Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինը համոզել հանդիպելու Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքիի հետ: «Այնտեղ հսկայական ատելութիւն կայ: Սակայն տեսնենք` ինչ կ՛ըլլայ: Ըստ իս, երկու շաբաթէն պիտի իմանանք,...

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի Ուղերձը  Հայաստանի Անկախութեան  Հռչակագիրի 35-Ամեակին Առիթով

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի Ուղերձը Հայաստանի Անկախութեան Հռչակագիրի 35-Ամեակին Առիթով

Սիրելի՛ հայրենակիցներ, 1990 թուականի օգոստոսի 23-ին, անասելի բարդ պայմաններում, Հայաստանի Գերագոյն խորհուրդը հռչակեց մեր անկախ պետականութեան ստեղծման գործընթացի մեկնարկը: Թէեւ կային քաղաքական տարաձայնութիւններ, Անկախութեան հռչակագիրը ընդունուեց խորհրդարանական եւ արտախորհրդարանական գրեթէ բոլոր ուժերի ներգրաւմամբ ու միասնականութեամբ: Այն ամրագրեց հայոց անկախ պետականութիւնը վերակերտելու քաղաքական, պատմական, իրաւական, տնտեսական եւ մշակութային հիմնասիւները: Մէկ տարի անց` 1991-ի սեպտեմբերի 21-ին, համաժողովրդական կամքով ու միասնականութեամբ ամրագրուեց անկախութիւնը:...

Խմբագրական.  Երկու Ցուցատախտակներէն Մէկուն Ուղղութեան  Ընտրութեան Գերխնդիրը (Անկախութեան Հռչակագիրի Օրուան Առիթով)

Խմբագրական. Երկու Ցուցատախտակներէն Մէկուն Ուղղութեան Ընտրութեան Գերխնդիրը (Անկախութեան Հռչակագիրի Օրուան Առիթով)

Քաղաքական ներկայ պայմաններուն մէջ Անկախութեան հռչակագիրին օրուան նշումը որոշ դիրքորոշումներու մասին ընդգծումներ կը կատարէ: Պարզ է, որ Պաքուն կը ճնշէ Երեւանի վրայ, որպէսզի փոխուի սահմանադրութիւնը: Պաքուն շահագրգռող բաժինը Անկախութեան հռչակագիր-սահմանադրութիւն իրաւական կապն է: Անկախութեան հռչակագիրը չի կրնար չեղարկուիլ: Պատմական փաստ է, փաստաթուղթ, որուն հիմնադրոյթներուն վրայ հիմնուած է Հայաստանի վերանկախացած Հանրապետութիւնը: Այդ դրոյթները վերափոխուեցան իրաւադրոյթի, որովհետեւ սահմանադրութեան նախաբանը յղում կատարեց այդ...

«Լիբանանի Հարցերը Ներքին  Երկխօսութեամբ Կը Լուծուին»  Կ՛ըսէ Լարիժանի

«Լիբանանի Հարցերը Ներքին Երկխօսութեամբ Կը Լուծուին» Կ՛ըսէ Լարիժանի

Իրանի ազգային անվտանգութեան բարձրագոյն խորհուրդի քարտուղար Ալի Լարիժանի յայտնեց. «Կ՛ըսեն, թէ Իրանը Հըզպալլան ստեղծեց: Ո՛չ, դուք ձեր վերաբերումով ստեղծեցիք Հըզպալլան: Այո՛, մենք օգնեցինք, չենք հերքեր այդ մէկը, սակայն անկեղծօրէն կ՛ըսենք` օգնեցինք եւ պիտի շարունակենք օգնել, սակայն Հըզպալլան ծնաւ  լիբանանեան ժողովուրդին կամքով եւ անոր ուժի աղբիւրը դարձաւ: Նոյնիսկ փոքր երկիր մը կրնայ Իսրայէլի դիմաց տոկալ»: «Լիբանանի հարցերը ներքին երկխօսութեամբ կը լուծուին»,...

Ըստ «Աքսիոս»-ի.  Առկայ Է Իսրայէլը Հարաւային Լիբանանէն  Հեռացնելու Եւ Սահմանային Տնտեսական Գօտի  Ստեղծելու Ամերիկեան Առաջարկ

Ըստ «Աքսիոս»-ի. Առկայ Է Իսրայէլը Հարաւային Լիբանանէն Հեռացնելու Եւ Սահմանային Տնտեսական Գօտի Ստեղծելու Ամերիկեան Առաջարկ

Լաւատեղեակ աղբիւրներ «Աքսիոս» կայքին յայտնած են, թէ Միացեալ Նահանգներ կոչ ուղղած են Իսրայէլի` լիբանանեան կառավարութեան կողմէ Հըզպալլան զինաթափելու որոշումէն ետք Լիբանանի դէմ իր օդային յարձակումները նուազեցնելու եւ աստիճանաբար հեռանալու հարաւի մէջ իր բռնագրաւած հինգ դիրքերէն: Ամերիկեան կայքը նշեց, թէ ամերիկացի պատուիրակ Թամըս Պարրաք իսրայէլեան կառավարութեան հետ քննարկած է Հըզպալլայի զինաթափման զուգահեռ քայլերու որդեգրումը, ինչպէս նաեւ առաջարկած է հարաւային Լիբանանի հետ...

ՄԱԿ-ը Պաշտօնապէս Յայտարարեց,  Որ Կազայի Մէջ Սով Գոյութիւն Ունի

ՄԱԿ-ը Պաշտօնապէս Յայտարարեց, Որ Կազայի Մէջ Սով Գոյութիւն Ունի

Կազայի մէջ սովը իբրեւ պատերազմի միջոց օգտագործելը ռազմական յանցագործութիւն է: «Թայմզ աֆ Իզրայէլ» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է ՄԱԿ-ի մարդու իրաւունքներու հարցերով յանձնակատար Վոլքըր Թիւրքը: «Կազայի մէջ սովը Իսրայէլի կառավարութեան կողմէ ձեռնարկուած գործողութիւններու ուղղակի հետեւանքն է, եւ սովէն մահերը կրնան պատերազմական յանցագործութիւն համարուիլ», ըսած է ան: ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերես յայտարարեց. «Չենք կրնար արտօնել, որ այս կացութիւնը...

«Զանգեզուրի Միջանցք»-ի Բացումը Պիտի Ըլլայ Մեր Գերիշխանութեան Գործնական Ուժի, Շրջանին Մէջ  Ազրպէյճանի Յառաջատար Դիրքի Եւս Մէկ Ցուցանիշ»  Կ՛ըսէ Քամրան Ալիեւ

«Զանգեզուրի Միջանցք»-ի Բացումը Պիտի Ըլլայ Մեր Գերիշխանութեան Գործնական Ուժի, Շրջանին Մէջ Ազրպէյճանի Յառաջատար Դիրքի Եւս Մէկ Ցուցանիշ» Կ՛ըսէ Քամրան Ալիեւ

Նոր իրողութիւններու լոյսին տակ, ռազմավարական առանցքային հարցերէն մէկը «Զանգեզուրի միջանցք»-ի բացումն է: Այս մասին յայտարարած է Ազրպէյճանի ընդհանուր դատախազ Քամրան Ալիեւ: Անոր համաձայն, այս նախագիծը ոչ միայն Ազրպէյճանի հիմնական մասին եւ Նախիջեւանի միջեւ ցամաքային կապ պիտի ապահովէ, այլ նաեւ պիտի փոխէ ամբողջ շրջանի փոխադրամիջոցային քարտէսը` դառնալով տնտեսական եւ քաղաքական համարկման կարեւոր գործօն: «Ինչպէս նախագահ Իլհամ Ալիեւ նշած է, «Զանգեզուրի միջանցք»-ը...

Զաքի. «Կը Զօրակցինք Պետութեան  Իշխանութեան Իր Բոլոր Հողերուն Վրայ Տարածման  Եւ Զէնքը Իր Մենաշնորհը Դարձնելու Գաղափարին»

Զաքի. «Կը Զօրակցինք Պետութեան Իշխանութեան Իր Բոլոր Հողերուն Վրայ Տարածման Եւ Զէնքը Իր Մենաշնորհը Դարձնելու Գաղափարին»

Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղարի ներկայացուցիչ Հուսամ Զաքի երէկ այցելեց Պէյրութ` լիբանանցի պաշտօնատարներու հետ հանդիպում ունենալու համար: Զաքի երէկ առաւօտեան հանդիպում ունեցաւ Լիբանանի արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Եուսեֆ Ռաժժիի հետ եւ անոր հետ քննարկեց Լիբանանի ու արաբական շրջանի կացութիւնները: Զաքի հանդիպումի ընթացքին ըսաւ, որ իր այցելութեան նպատակն է ընդգծել այն մեծ հետաքրքրութիւնը, որ Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղարը կը...

Բանակը Պըրժ Պարաժինէ Եւ Պաս  Գաղթակայաններէն Ապօրինի Զէնք Ստանձնեց

Բանակը Պըրժ Պարաժինէ Եւ Պաս Գաղթակայաններէն Ապօրինի Զէնք Ստանձնեց

Լիբանանեան բանակը երէկ Պէյրութի Պըրժ Պարաժինէ պաղեստինեան գաղթակայանին մէջ Պաղեստինեան ազգային անվտանգութենէն ստանձնեց ապօրինի ծանր զէնքեր: Գործողութիւնը յառաջիկայ շաբաթներուն պիտի շարունակուի նոյն գաղթակայանին եւ պաղեստինեան այլ գաղթակայաններու մէջ: Պաղեստինցի պաշտօնատար մը «Նաշրա» կայքին յայտնեց. «Պաղեստինեան ազգային անվտանգութեան ուժերը` գաղթակայաններուն մէջ գտնուող պաղեստինեան զէնքերը յանձնելու իբրեւ առաջին քայլ, այսօր Պէյրութի Պըրժ Պարաժինէ գաղթակայանին մէջ իրենց զէնքերը պիտի յանձնեն»: Ամերիկացի բանագնաց Թամըս...

Զելենսքի. «Փութինի Հետ Բանակցութիւնները  Կրնան Զուիցերիոյ, Աւստրիոյ  Կամ Թուրքիոյ Մէջ Տեղի Ունենալ»

Զելենսքի. «Փութինի Հետ Բանակցութիւնները Կրնան Զուիցերիոյ, Աւստրիոյ Կամ Թուրքիոյ Մէջ Տեղի Ունենալ»

Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքի յայտնեց. «Ռուսիան հարաւային ռազմաճակատին վրայ իր ուժերը կ՛ամրապնդէ»: «Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ հանդիպումը կարելի է անվտանգութեան երաշխիքներու շուրջ համաձայնութենէն ետք», նշեց Զելենսքի` աւելցնելով. «Փութինի հետ բանակցութիւնները կրնան Զուիցերիոյ, Աւստրիոյ կամ Թուրքիոյ մէջ տեղի ունենալ»: Ան նաեւ նշեց. «Չինաստանը Ուքրանիոյ անվտանգութեան երաշխաւոր չի կրնար ըլլալ»: Ուքրանիոյ նախագահը նաեւ աւելցուց. «Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփէն խնդրեցի ճնշում...

Լաւրով. «Փութին Չի Պատրաստուիր  Զելենսքիի Հետ Հանդիպելու»

Լաւրով. «Փութին Չի Պատրաստուիր Զելենսքիի Հետ Հանդիպելու»

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին չի պատրաստուիր Վոլոտիմիր Զելենսքիի հետ հանդիպելու: Այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով: «Կը կարծեմ, որ Զելենսքիի եւ Փութինի մինչեւ օգոստոսի աւարտը հանդիպման հաւանականութիւնը զերօ է: Հետագային եւս առիթները չափազանց փոքր են կամ ընդհանրապէս կը բացակային: Փութինի եւ Զելենսքիի վեհաժողովը ոչ աւելին, քան Թրամփի երազանքն է: Հաւանաբար ան սխալ հասկցած է Փութինի դիրքորոշումը,...

Page 78 of 795 1 … 77 78 79 … 795

Արխիւներ