Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թրամփ. «Նոպելեան Մրցանակը Ստացած Անձը Ինծի Հեռաձայնեց Եւ Ըսաւ. Որ Զայն Ի Պատիւ Ինծի Կ՛ընդունի»

Հոկտեմբեր 13, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտնած է, որ Խաղաղութեան նոպելեան մրցանակի այս տարուան դափնեկիր Մարիա Քորինա Մաչատոն իրեն հեռաձայնած է: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը:

Թրամփ Սպիտակ տան մէջ լրագրողներու յայտնած է. «Նոպելեան մրցանակի դափնեկիրը ինծի հեռաձայնեց: Ան ըսաւ, որ մրցանակը կ՛ընդունի ի պատիւ ինծի, որովհետեւ ես անոր արժանի եմ»:

Թրամփ նշած է, որ ինք անկէ չէ խնդրած մրցանակը իրեն տալ:

«Ես անոր չեմ ըսած, որ զայն ինծի տայ: Սակայն կը կարծեմ, որ ան կրնար», աւելցուցած է Սպիտակ տան ղեկավարը:

Նորվեկիական Նոպելեան յանձնախումբը հինգշաբթի օր յայտարարեց, թէ վենեզուելական ընդդիմութեան ղեկավար Մարիա Քուրինա Մաչատօ 2025 թուականի Խաղաղութեան նոպելեան մրցանակի դափնեկիրն է` «Յանուն Վենեզուելայի ժողովուրդին ժողովրդավարութեան պաշտպանութեան մէջ անոր ժրաջան աշխատանքին համար»:

Մաչատօ ճարտարագէտ է եւ քաղաքական գործիչ, որ կը ղեկավարէ Վենթէ Վենեզուելա կուսակցութիւնը:

Ան 2023 թուականին վենեզուելական ընդդիմութեան նախնական ընտրութեան մէջ ջախջախիչ յաղթանակ արձանագրեց` ապահովելով քուէներուն աւելի քան 90 առ հարիւրը, ինչ որ զինք վերածեց Վենեզուելայի նախագահ Նիքոլաս Մատուրոյի հետ մրցակցելու ամէնէն ականաւոր թեկնածուին, սակայն վենեզուելական իշխանութիւնները հետագային արգիլեցին, որ ան իր թեկնածութիւնը առաջադրէ, ինչ որ միջազգային բուռն դատապարտման արժանացաւ:

Մաչատօ Քարաքասի մէջ Մատուրոյի երդման արարողութեան նախօրեակին անոր դէմ բողոքի ցոյցի մը ընթացքին ձերբակալուելէ ետք յունուար 2025-ին բանտէն ազատ արձակուեցաւ:

Նախքան այդ, Ռուսիոյ նախագահի օգնական Եուրի Ուշաքով յայտարարած էր. «Ռուսիան ներկայիս պիտի աջակցի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի Խաղաղութեան նոպելեան մրցանակի թեկնածութեան»: Այս մասին հաղորդեց ռուսական «Սփութնիք» լրատու գործակալութիւնը:

Նշենք, որ Խաղաղութեան նոպելեան մրցանակին տիրացած են ամերիկացի չորս նախագահներ` Թէոտոր Ռուզվելթը` 1906 թուականին, Վուտրօ Ուիլսընը` 1919 թուականին, Ճիմի Քարթըրը` 2002 թուականին եւ Պարաք Օպաման` 2009 թուականին:

Բացի Քարթըրէն, անոնք բոլորն ալ այդ մրցանակին տիրացած են իրենց պաշտօնավարման ընթացքին: Օպամա իր նախագահական նստաշրջանը ստանձնելէն 8 ամիս ետք ստացած է մրցանակը: Թրամփ նախագահի պաշտօնը 8 ամիսէ ի վեր կը վարէ:

Թրամփ Կրնայ Նորվեկիոյ Դէմ
Յաւելեալ Մաքսատուրքեր Հաստատել

Բրիտանական «Տէյլի Թելեկրաֆ» օրաթերթը յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ կրնայ Նորվեկիոյ դէմ յաւելեալ մաքսատուրքեր հաստատել, եթէ Օսլոյի մէջ առնչակից յանձնախումբը Խաղաղութեան նոպելեան մրցանակը իրեն չպարգեւէ:

«Օսլոն պէտք է ամերիկեան հաւանական քայլերու պատրաստուի», կը գրէ օրաթեթը` նշելով. «Թրամփ, որ մրցանակը ստանալու իր փափաքը չի թաքցներ, յաճախ իրեն դժգոհութիւն պատճառողներուն կամ յուսախաբողներուն պատժելու կը դիմէ»:

«Սպիտակ տունը կրնայ Ուաշինկթընի դաշնակիցներուն կոչ ուղղել` նուազեցնելու նորվեկիացիներէն կազի եւ քարիւղի գնումը կամ սահմանափակել նորվեկիական կառավարութեան հետ պաշտօնական կապերը. քայլ մը, որ կ՛արտացոլէ Թրամփի միջազգային գործառոյթներուն մէջ նախընտրած ճնշումի գործելաոճը», կը նշէ բրիտանական օրաթերթը:

«Թրամփի մտերիմներ նախապէս սպառնացած էին նորվեկիացիներուն մուտքի արտօնագիրներու սահմանափակումներ հաստատելու, երբ նորվեկիական կառավարութեան հանգստեան թոշակի ֆոնտը յայտարարեց, թէ մտադիր է ամերիկեան «Քաթըրփիլըր» ընկերութեան մէջ իր բաժնետոմսերը ծախել, որովհետեւ անոր սարքերը իսրայէլեան իշխանութիւններուն կողմէ կ՛օգտագործուին Կազայի մէջ պաղեստինցիներու տուները քանդելու համար», աւելցուց «Տէյլի Թելեկրաֆ»:

Նախորդը

Արիւնալի Մարտեր Փաքիստան-Աֆղանիստան Սահմանին Վրայ, Կան Տասնեակ Մը` Զոհեր Երկու Կողմերէն

Յաջորդը

Այսօր Շարմ Շէյխի Մէջ Կազայի Խաղաղութեան Վեհաժողով

RelatedPosts

Այսօր Շարմ Շէյխի Մէջ Կազայի Խաղաղութեան Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Այսօր Շարմ Շէյխի Մէջ Կազայի Խաղաղութեան Վեհաժողով

Հոկտեմբեր 13, 2025
Արիւնալի Մարտեր Փաքիստան-Աֆղանիստան Սահմանին Վրայ, Կան Տասնեակ Մը` Զոհեր Երկու Կողմերէն
Գլխաւոր լուրեր

Արիւնալի Մարտեր Փաքիստան-Աֆղանիստան Սահմանին Վրայ, Կան Տասնեակ Մը` Զոհեր Երկու Կողմերէն

Հոկտեմբեր 13, 2025
Սիսի. «Մտադիր Ենք Կազայի Արագ Վերականգնման Եւ Վերաշինութեան Միջազգային Խորհրդաժողով Հիւրընկալելու
Միջազգային

Սիսի. «Մտադիր Ենք Կազայի Արագ Վերականգնման Եւ Վերաշինութեան Միջազգային Խորհրդաժողով Հիւրընկալելու

Հոկտեմբեր 13, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?