Հոկտեմբեր ամսուան ընթացքին Հայ եկեղեցին հանդիսաւորապէս կը յիշատակէ Սրբոց Թարգմանչաց տօնը եւ այս առիթով երախտագիտութեամբ պատիւ կ՛ընծայէ` հայ գիրերու գիւտի հեղինակ Ս. Մեսրոպ Մաշտոցին, Ս. Սահակ Պարթեւ հայրապետին ու անոնց անմիջական աշակերտներուն ու հետեւորդներուն, որոնք 5-րդ դարէն սկսեալ սեփական գիր ու գրականութեան ճամբով ո՛չ միայն մտքի լոյս բերին հայ ժողովուրդին ու կերտեցին հայոց մշակութային ոսկեդարը, այլեւ սեփական մշակոյթով երաշխաւորեցին մեր ազգի միասնութիւնն ու յարատեւութիւնը:
Հոկտեմբեր ամսուան ընթացքին մեր Եկեղեցին նաեւ մեր ուշադրութիւնը կ՛ուղղէ դէպի հայ վարժարան, որպէսզի Սրբոց Թարգմանչաց վաստակի պրիսմակէն նայելով հայ դպրոցին` մենք անդրադառնանք, որ մեր ինքնութիւնը պահելու ու մեր պատմութեան երթը շարունակելու համար մենք կարիքը ունինք հայ դպրոցին ու հայ դպրոցով ջամբուող հայոց լեզուին ու մշակոյթին: Հետեւաբար, գէթ վերամուտի այս հանգրուանին, անդրադառնանք, որ հայ դպրոցը կայ, որպէսզի մեր ժողովուրդի զաւակները աճին ու զարգանան հայեցի շունչով ու հայկական նկարագրով, եւ զգանք, որ հայ դպրոցը հիմնուած է, որպէսզի մենք կարենանք մեր կեանքը պահել հայադրոշմ խարիսխի մը ամրութեան վրայ:
Անկասկած, վերամուտը առիթ է ողջունելու լիբանանահայ մեր վարժարանները, որոնք հաստատուած են, որպէսզի Թարգմանչաց սերունդով սկիզբ առած լուսաւորութեան սրբազան առաքելութիւնը շարունակուի ու ծաւալի մեր կեանքէն ներս: Այս առթիւ սրտագինս կ՛ողջունենք ու կը գնահատենք սակաւաթիւ այն նուիրեալները, որոնք` իբրեւ կրթական մշակներ, վարչական պատասխանատուներ, օժանդակներ ու բարերարներ, մեր դպրոցներէն ներս կորովով կը շարունակեն կրթական աշխատանքը` վերելքի ու յառաջդիմութեան մէջ պահելով հայ դպրոցին առաքելութիւնն ու կեանքը: Հայ դպրոցի շեմէն ներս ուրախութեամբ կ՛ողջունենք նաեւ մեր աշակերտութիւնը եւ սրտանց կը մաղթենք, որ հայ դպրոցի հարազատ երդիքին տակ աշխատանքով արդիւնաւորեն յառաջիկայ կրթական տարեշրջանի կեանքը:
Վերամուտի առիթով հարց կու տանք նաեւ մեր ժողովուրդին, թէ ինչպէ՞ս կը դիմագրաւէ հայ աշակերտներուն օտար վարժարան յաճախելու երեւոյթը, հայ դպրոցին ունեցած նիւթական դժուարութիւններն ու մարդուժի բացակայութեան տագնապը, որոնք նոր չեն, այլ ամէն տարի նոր սաստկութեամբ կը յայտնուին մեր կեանքէն ներս:
Հայ դպրոցը մերն է, եւ անոր առաքելութեան շարունակականութիւնը ապահովելու պատասխանատուութիւնը բոլորիս նուիրական պարտականութիւնն է: Արդարեւ, գէթ վերամուտի առիթով պէտք է յիշենք եւ մեր շրջապատին յիշեցնենք, որ իւրաքանչիւրս մեր ունեցած միջոցներով մասնակից պէտք է դառնանք հայ դպրոցի աշխատանքն ու առաքելութիւնը կանգուն պահելու նուիրական գործին:
Այս առիթով գոհունակութեամբ կը հաստատենք, որ անցնող տասնամեակներուն, օտարութեան պայմաններու մէջ ապրելով ու անընդմէջ դժուարութիւններ ու տագնապներ դիմագրաւելով հանդերձ, մեր ժողովուրդը մեծաւ մասամբ հաւատարիմ մնաց իր ինքնութեան նկատմամբ եւ իր հաւատքովն ու աշխատանքովը պաշտպանեց իր հոգեւոր ու ազգային կեանքին ընթացքը: Այսուամենայնիւ, պէտք է նաեւ ընդունինք, որ համաշխարհային բարքերու ներկայ խառնարանին մէջ մեր ալ կեանքէն ներս սկսած են շեղումներ արձանագրուիլ, ու մեր ժողովուրդն ալ սկսած է կամաց-կամաց անջատուիլ մեր Եկեղեցիէն ու դպրոցներէն ու ամէն օր քիչ մը աւելի հեռանալ մեր կառոյցներէն ու հաստատութիւններէն: Տուեալ պայմաններուն մէջ կրնա՞նք լիբնանանահայ մեր կեանքի երբեմնի որակն ու աշխուժութիւնը վերականգնել: Կրնա՞նք մեր ընտանեկան յարկերը դարձեալ բարոյական ու ազգային արժէքներով ամրացնել: Կրնա՞նք նոր սերունդը իր հարազատ արմատներուն ուղղել եւ այդպիսով մեր վաղուան կեանքը ծրագրել ու նոր աշխատանքով, ազգային մեր յարատեւութեան համար նոր վաստակ գոյացնել:
Դպրոցական վերամուտի առիթով այս հարցադրումները կը կատարենք հրապարակաւ ու բարձրաձայն, որպէսզի նորութիւններ եւ արդիականութիւն փնտռող մեր ժողովուրդը անդրադառնայ, որ մեր գոյութիւնը երաշխաւորելու համար մեր կեանքը պէտք է յագենայ հայ մշակոյթի լոյսով, Հայոց պատմութեան տենդով ու մեր ազգի ծոցին մէջ աճած սեփական աւանդոյթներով:
Անկասկած, առանց հայ դպրոցի վաստակին, պիտի չկարողանանք ազգային կերպարանք տալ մեր համայնական կեանքին: Այդ ճշմարտութիւնն է, որ պէտք է տագնապեցնէ մեզ եւ առիթ ստեղծէ, որ նոր գիտակցութեամբ ու նուիրումով շրջապատենք հայ դպրոցը եւ մեր մասնակցութեամբ զայն տանինք նոր վերելքի: Արդարեւ, ամէն ժամանակէ աւելի, այսօ՛ր պէտք ունինք մեր ազգային յարատեւութիւնը երաշխաւորող հայ դպրոցին ու անկորուստ ա՛յն արժէքներուն, որոնց սերմնացանը կրնայ կատարել միայն հայ դպրոցը, որ մեր բոլորանուէր մասնակցութեամբը պէտք է մնայ հաստատուն ու անսասան, որպէսզի մեր ազգի մշտնջենաւորութեան համար մեր ունեցած երազներն ու ծրագիրները յարատեւեն ու պտղաբերին:
Թող Աստուծոյ պահապան Աջը միշտ պաշտպանէ` մեր վարժարանները, մեր դպրոցներու կրթական մշակներն ու աշակերտները, մեր ծնողներն ու տարբեր ծառայութիւններով հայ կրթութեան գործին մասնակից նուիրեալները եւ առիթ ընծայէ, որ հայ դպրոցի վաստակով մեր կեանքը առաւել եւս գեղեցկանայ, հարստանայ ու ամրանայ:
Աղօթարար`
ՇԱՀԷ ԱՐՔ. ՓԱՆՈՍԵԱՆ,
ԱՌԱՋՆՈՐԴ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅՈՑ