Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Այսօր Շարմ Շէյխի Մէջ Կազայի Խաղաղութեան Վեհաժողով

October 13, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Եգիպտոսի նախագահական պալատը շաբաթ երեկոյեան յայտարարեց, որ այսօր Շարմ Շէյխի մէջ պիտի գումարուի Խաղաղութեան վեհաժողով` նախագահութեամբ Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսիի եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի, ինչպէս նաեւ մասնակցութեամբ աւելի քան 20 պետութիւններու ղեկավարներու:

Նախագահական պալատը իր հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ նշեց. «Վեհաժողովին նպատակը Կազայի պատերազմին վերջ տալը, Միջին Արեւելքի մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան հաստատման ջանքերը ամրապնդելը եւ շրջանային անվտանգութեան ու կայունութեան նոր էջ բանալն է»:

«Այս վեհաժողովը կը գումարուի շրջանին մէջ խաղաղութեան հաստատման եւ աշխարհի տարածքին տագնապներուն վերջ տալու իր ժրաջան աշխատանքի ծիրին մէջ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի տեսլականի լոյսին տակ», աւելցուց հաղորդագրութիւնը:

Լաւատեղեակ աղբիւր մը երէկ իրանեան «Թասնիմ» լրատու գործակալութեան յայտնեց. «Իրան, հակառակ հրաւիրուած ըլլալուն, պիտի չմասնակցի վաղը գումարուելիք Շարմ Շէյխի վեհաժողովին»:

Աղբիւրներ ամերիկեան «Աքսիոս» կայքին յայտնեցին. «Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը շաբաթ օր պաշտօնական հրաւէրներ յղեց Կազայի վերաբերեալ վեհաժողովին, որ երկուշաբթի օր պիտի գումարուի Շարմ Շէյխի մէջ: Վեհաժողովին հրաւիրուեցան շարք մը պետութիւններ, որոնց շարքին` Սպանիան եւ Իրանը»:

Մինչ այդ, Համասի անունով բանակցող պատուիրակութեան մօտիկ աղբիւր մը երէկ ԱՖՓ լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ շարժումը պատերազմէն ետք փոխանցման փուլի ընթացքին Կազայի կառավարման պիտի չմասնակցի:

Իսրայէլեան կառավարութիւնը երէկ իր կարգին յայտարարեց, թէ ողջ մնացած բոլոր 20 իսրայէլացի գերիներու ազատ արձակումը պիտի սկսի այսօր առաւօտեան:

Միւս կողմէ, Քաթարի կառավարական գերագոյն մարմինի 3 պաշտօնեաներ Շարմ Շէյխի մէջ ինքնաշարժի արկածի պատճառով մահացան, իսկ 2 ուրիշներ վիրաւորուեցան:

Նախորդը

Թրամփ. «Նոպելեան Մրցանակը Ստացած Անձը Ինծի Հեռաձայնեց Եւ Ըսաւ. Որ Զայն Ի Պատիւ Ինծի Կ՛ընդունի»

Յաջորդը

Յայտարարութիւններ (13 Հոկտեմբեր 2025)

RelatedPosts

Ակնարկ.  Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ

February 3, 2026
Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.