Գլխաւոր լուրեր

Ս. Աստուածածին Վանքի Ուխտի Օրուան Ս. Պատարագի Ընթացքին.  «Հայաստանի Անկախութեան, Հողային Ամբողջականութեան  Ու Գերիշխանութեան Անվթար Պահպանումը Մեզի Համար  Գերագոյն Արժէք Է Ու Յանձնառութիւն» Պատգամեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

Ս. Աստուածածին Վանքի Ուխտի Օրուան Ս. Պատարագի Ընթացքին. «Հայաստանի Անկախութեան, Հողային Ամբողջականութեան Ու Գերիշխանութեան Անվթար Պահպանումը Մեզի Համար Գերագոյն Արժէք Է Ու Յանձնառութիւն» Պատգամեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

Օրըստօրէ սաստկացող ազգային ու տարածաշրջանային վտանգներու դիմաց ամուր կամք ցուցաբերելու եւ տոկալու համար կարիքը ունինք նայելու դէպի վեր` Աստուծոյ, ու հաւատքով հայցելու Անկէ բխող ամրութիւնն ու յոյսը: Սուրբ Մարիամ Աստուածածինի վերափոխման յիշատակումը մեզի առիթ կ՛ընծայէ, որ քով-քովի հաւաքուելով, եկեղեցի դառնալով, վերանորոգենք մեր ուխտը եւ վերանորոգ յոյսով դիմագրաւենք մեր մարտահրաւէրները: Սուրբ Աստուածածին վանքի ուխտի տօնին առիթով մատուցուած սուրբ եւ անմահ պատարագի...

Դարձեալ Քեսապը Շրջապատուած Է  Աննախատեսելի Հրդեհով

Դարձեալ Քեսապը Շրջապատուած Է Աննախատեսելի Հրդեհով

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան  Cilicia TV դիմատետրեան էջը կը հաղորդէ, որ շուրջ ամիս մը առաջ մեծ հրդեհի վտանգին ենթակայ էր Քեսապը: Այդ օրերուն հրդեհը Քեսապի դռներուն մօտ էր. սակայն այս անգամ անզսպելի հրդեհը մուտք գործած է Քեսապ: Էքիզոլուխը, Տիւզաղաճն ու Էսքիւրանը ուղղակի հրդեհի մէջ են: Մեծ թիւով հայ ընտանիքներ արդէն իսկ հեռացած են իրենց տուներէն: Պետական սահմանափակ միջոցները կարող չեն...

Այսօր Ալասքայի Մէջ  Թրամփ-Փութին Հանդիպում

Այսօր Ալասքայի Մէջ Թրամփ-Փութին Հանդիպում

Այսօր Միացեալ Նահանգներու Ալասքա նահանգի Էնքըրէյճ քաղաքին մէջ տեղի կ՛ունենայ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի եւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի վեհաժողովը: Թրամփ յայտնեց. «Եթէ Ռուսիան ուրբաթ օր չհամաձայնի զինադադար հաստատելու, Միացեալ Նահանգներէն շատ լուրջ հետեւանքներ թող սպասէ»: «Եթէ առաջին հանդիպումը լաւ անցնի, կ՛ուզեմ, որ անմիջապէս երկրորդ հանդիպում մը ըլլայ Փութինի, Զելենսքիի եւ իմ միջեւ, եթէ անոնք կ՛ուզեն, որ ես այնտեղ...

ՄԱԿ. «Սուրիոյ Ծովեզերեայ Շրջանին Մէջ  Բռնարարքներու Ընթացքին Պատերազմական Ոճիրի Համազօր Ոտնձգութիւններ Տեղի Ունեցան»

ՄԱԿ. «Սուրիոյ Ծովեզերեայ Շրջանին Մէջ Բռնարարքներու Ընթացքին Պատերազմական Ոճիրի Համազօր Ոտնձգութիւններ Տեղի Ունեցան»

ՄԱԿ-ի Սուրիոյ հարցով հետաքննիչ յանձնախումբը իր հրապարակած զեկուցումին մէջ նշեց, թէ մարտին Սուրիոյ ծովեզերեայ շրջանին մէջ տեղի ունեցած բռնարարքները «ծրագրուած եւ լայնածաւալ» էին, եւ անոնց ընթացքին տեղի ունեցան ոտնձգութիւններ, «որոնք կրնան պատերազմական ոճիր նկատուիլ»: Հետաքննիչ յանձնախումբը հաղորդեց, որ ժամանակաւոր կառավարութեան ուժերու անդամներն ու կառավարութեան հետ կամ անոր կողքին գործող անհատները» կիրարկեցին «տարբեր վայրերու մէջ լայն տարածում գտած ծրագրուած գործելաոճի»: ՄԱԿ-ի...

Քոշթա. «Եւրոպական Միութիւնը Պատրաստ Է  Աջակցելու Հայաստան – Ազրպէյճան  Համաձայնութիւններու Իրականացման Հոլովոյթին»

Քոշթա. «Եւրոպական Միութիւնը Պատրաստ Է Աջակցելու Հայաստան – Ազրպէյճան Համաձայնութիւններու Իրականացման Հոլովոյթին»

Եւրոպական Միութիւնը պատրաստ է աջակցելու Ուաշինկթընի մէջ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ ձեռք բերուած համաձայնագիրներու իրականացման հոլովոյթին: Այս մասին Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին ըսած է Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Անթոնիօ Քոշթա: Ան ընդգծած է Ուաշինկթընի մէջ Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ ձեռք բերուած համաձայնութիւններու կարեւորութիւնը շրջանին մէջ երկարատեւ խաղաղութիւն ու կայունութիւն ապահովելու առումով եւ յայտնած է Եւրոպական Միութեան պատրաստակամութիւնը...

Վելայաթի. «Իրան Միշտ Հանդէս Եկած Է  Իր Դրացիներուն Միջեւ Խաղաղութեան Օգտին»

Վելայաթի. «Իրան Միշտ Հանդէս Եկած Է Իր Դրացիներուն Միջեւ Խաղաղութեան Օգտին»

Իրանեան լրատուամիջոցները մանրամասնութիւններ յայտնած են Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետի միջազգային հարցերով խորհրդական Ալի Աքպար Վելայաթիի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց փոխնախարար Վահան Կոստանեանի միջեւ հանդիպումէն: Ըստ իրանեան լրատուամիջոցներուն, Կոստանեան հանդիպումի ժամանակ բացատրութիւններ եւ հաշուետուութիւն ներկայացուցած է շրջանային վերջին զարգացումներուն եւ Ուաշինկթընի մէջ տեղի ունեցած բանակցութիւններուն վերաբերեալ` ընդգծելով երկու երկիրներուն միջեւ պատմական կապերու եւ բարի դրացիական յարաբերութիւններու պահպանման անհրաժեշտութիւնը: Ան նշած...

Ակնարկ.  «Հետագայ Գործողութիւններ»

Ակնարկ. «Հետագայ Գործողութիւններ»

Հրապարակուած է 17 կէտերէ բաղկացած Հայաստան-Ազրպէյճան խաղաղութեան նախաստորագրուած պայմանագիրին բնագիրը: Նախաստորագրումը տակաւին իրաւականօրէն ուժի մէջ չի դներ փաստաթուղթը: Բայց երբ կը նախաստորագրուի որեւէ իրաւապայմանագրային փաստաթուղթ, ապա այդ կը նշանակէ որ հետագայ ստորագրուելիքին մէջ բովանդակային որեւէ փոփոխութիւն կարելի չէ ընել: Անդրադառնանք  17 կէտերէն ամէնէն հակասական եւ ամէնէն հանգուցային յօդուածներուն: Ըստ 2-րդ յօդուածին, «Ամբողջութեամբ համապատասխանելով յօդուած 1-ին` կողմերը կը հաստատեն, որ միմեանց...

Աուն. «Լիբանանը, Որ Բացարձակապէս  Չի Միջամտեր Որեւէ Այլ Պետութեան, Ներառեալ  Իրանի Հարցերուն, Չ՛ընդունիր, Որ Ոեւէ Մէկը  Իր Ներքին Հարցերուն Միջամտէ»

Աուն. «Լիբանանը, Որ Բացարձակապէս Չի Միջամտեր Որեւէ Այլ Պետութեան, Ներառեալ Իրանի Հարցերուն, Չ՛ընդունիր, Որ Ոեւէ Մէկը Իր Ներքին Հարցերուն Միջամտէ»

Իրանի Ազգային անվտանգութեան գերագոյն խորհուրդի քարտուղար Ալի Լարիժանի երէկ ժամանեց Պէյրութ` լիբանանցի պաշտօնատարներու հետ հանդիպում ունենալու համար: Լարիժանի օդակայանէն յայտարարեց, որ «բոլոր պայմաններուն մէջ Լիբանանի ժողովուրդին կողքին պիտի կանգնինք»` նշելով. «Որոշուած է շարք մը հանդիպումներ ունենալ լիբանանցի պաշտօնատարներու հետ, ներառեալ հանրապետութեան նախագահը, խորհրդարանի նախագահը եւ վարչապետը, եւ մենք միշտ կ՛որոնենք ու կը ձգտինք Լիբանանի գերագոյն շահերու իրագործման»: Լարիժանի օդակայանի ճամբուն...

Եւրոպական Խորհուրդի Ներկայացուցիչները Յոյս Կը Յայտնեն, Որ Ազրպէյճանի Մէջ Պահուող  Հայերու Հարցը Պիտի Լուծուի

Եւրոպական Խորհուրդի Ներկայացուցիչները Յոյս Կը Յայտնեն, Որ Ազրպէյճանի Մէջ Պահուող Հայերու Հարցը Պիտի Լուծուի

Եւրոպական խորհրդարանի հինգ աւագ երեսփոխաններ հրապարակած են յայտարարութիւն` Ուաշինկթընի մէջ Հայաստանի, Միացեալ Նահանգներու եւ Ազրպէյճանի ղեկավարներուն միջեւ բանակցութիւններու արդիւնքներուն վերաբերեալ: Եւրոպական խորհրդարանի ներկայացուցիչները յոյս յայտնած են, որ ազրպէյճանական զօրքերը կարելի եղածին չափ արագ դուրս բերուին Հայաստանի տարածքէն, եւ լուծուի Ազրպէյճանի մէջ ապօրինի պահուող հայ գերիներու հարցը: «Մենք ջերմօրէն կ՛ողջունենք Ուաշինկթընի մէջ տեղի ունեցած Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ղեկավարներու հանդիպման արդիւնքները եւ,...

Սպիտակ Տունը Ուրբաթ Օր Նախատեսուած  Թրամփ-Փութին Հանդիպումին Նկատմամբ  Լաւատեսութիւն Կը Յայտնէ

Սպիտակ Տունը Ուրբաթ Օր Նախատեսուած Թրամփ-Փութին Հանդիպումին Նկատմամբ Լաւատեսութիւն Կը Յայտնէ

Սպիտակ տունը Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի եւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի միջեւ ուրբաթ օր նախատեսուած հանդիպումին նկատմամբ լաւատեսութիւն յայտնեց: Սպիտակ տան բանբեր Քարոլայն Լիւիթ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին անդրադառնալով 15 օգոստոսին Ալասքայի մէջ Թրամփ-Փութին հանդիպումին յայտնեց, որ Թրամփ Փութինի հետ դէմ առ դէմ հանդիպում պիտի ունենայ Ալասքա նահանգի Էնքըրէյճ քաղաքին մէջ: Ան նշեց, որ ամերիկեան վարչակազմը լաւատես է սպասուող հանդիպումին...

Ըստ «Աքսիոս»-ի.  Պարրաքի, Շիպանիի Եւ Տերմերի Միջեւ  Փարիզի Ժողովը Պիտի Քննարկէ Իսրայէլի  Եւ Սուէյտա Քաղաքին Միջեւ «Մարդասիրական»  Միջանցք Բանալու Ամերիկեան Առաջարկ Մը

Ըստ «Աքսիոս»-ի. Պարրաքի, Շիպանիի Եւ Տերմերի Միջեւ Փարիզի Ժողովը Պիտի Քննարկէ Իսրայէլի Եւ Սուէյտա Քաղաքին Միջեւ «Մարդասիրական» Միջանցք Բանալու Ամերիկեան Առաջարկ Մը

Ամերիկացի լաւատեղեակ պաշտօնատար մը եւ երկու իսրայէլացի լաւատեղեակ պաշտօնատարներ իսրայէլեան պատկերասփիւռի 12-րդ կայանին յայտնած են, թէ հաւանական է, որ Իսրայէլի ռազմավարական հարցերու նախարար Ռոն Տերմեր, Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ասաատ Շիպանի եւ Սուրիոյ հարցով ամերիկացի պատուիրակ Թամըս Պարրաք չորեքշաբթի օր (երէկ, «Ա.») Փարիզի մէջ դարձեալ հանդիպում ունենան: Կայանը կը նշէ, որ իսրայէլեան կառավարութեան եւ սուրիական կառավարութեան միջեւ Սուէյտայի տիւրզիներուն «մարդասիրական...

«Հայաստան» Խմբակցութեան  Յայտարարութիւն

Հայաստանի Ազգային Ժողովի «Հայաստան» Խմբակցութեան Յայտարարութիւն

Հայաստանի Ազգային ժողովի ընդդիմադիր «Հայաստան» խմբակցութիւնը երէկ յայտարարութեամբ մը անդրադարձաւ 8 օգոստոսին Ուաշինկթընի մէջ ստորագրուած եռակողմ փաստաթուղթերուն: Ստորեւ` «Հայաստան» խմբակցութեան յայտարարութիւնը. 2025 թուականի օգոստոսի 8-ին Միացեալ Նահանգներում Նիկոլ Փաշինեանի կողմից եռակողմ հանդիպման յայտարարութեամբ ստանձնած պարտաւորութիւնները, ինչպէս նաեւ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ նախաստորագրուած համաձայնագիրը, որոնց չհիմնաւորուած կարեւորութիւնը շեշտում եւ քարոզում են փաշինեանական վարչակարգի ներկայացուցիչները, որեւէ առնչութիւն չունեն իրական խաղաղութեան հետ: Աւելի՛ն,...

Թրամփ. «Քիեւն Ու Մոսկուան Ստիպուած Պիտի Ըլլան  Պատերազմի Աւարտի Համար Տարածքներ Զիջելու»

Թրամփ. «Քիեւն Ու Մոսկուան Ստիպուած Պիտի Ըլլան Պատերազմի Աւարտի Համար Տարածքներ Զիջելու»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարած է, որ Քիեւն ու Մոսկուան երկուքն ալ ստիպուած պիտի ըլլան Ուքրանիոյ պատերազմը աւարտելու համար տարածքներ զիջելու: Անոր համաձայն, այս ուրբաթ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ բանակցութիւնները ցոյց պիտի տան, թէ Քրեմլինի ղեկավարը պատրա՞ստ է համաձայնութեան: Թրամփ Սպիտակ տան մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին, խօսելով Փութինի հետ նախատեսուող հանդիպումին մասին, ըսած է. «Ասիկա աւելի ծանօթացման...

Սուէյտայի Տագնապին Համապարփակ Լուծում  Գտնելու Սուրիա-Յորդանան-Միացեալ Նահանգներ  Աշխատանքային Խումբի Ժողով

Սուէյտայի Տագնապին Համապարփակ Լուծում Գտնելու Սուրիա-Յորդանան-Միացեալ Նահանգներ Աշխատանքային Խումբի Ժողով

Յորդանան երէկ հիւրընկալեց Յորդանան-Սուրիա-Միացեալ Նահանգներ հանդիպում` Սուրիոյ վերակառուցման աջակցելու ուղիները քննարկելու համար: Հանդիպումին մասնակցեցան Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ասաատ Հասան Շիպանի, Միացեալ Նահանգներու Սուրիոյ հարցով յատուկ պատուիրակ եւ Թուրքիոյ մէջ դեսպան Թամըս Պարրաք: Յորդանանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը ժողովի աւարտէն ետք յայտարարեց. «Սուրիա-Յորդանան-Միացեալ Նահանգներ աշխատանքային խումբը աշխատանք պիտի տանի Սուէյտայի մէջ տագնապին համապարփակ լուծում գտնելու»` նշելով. «Գոյութիւն ունի յորդանանեան-ամերիկեան-սուրիական համակարգում` ի...

Եւրոպական Միութեան 27 Անդամներէն  26-ը Կը Պնդեն` Ուքրանիան  Պէտք Է Ինք Որոշէ Իր Ապագան

Եւրոպական Միութեան 27 Անդամներէն 26-ը Կը Պնդեն` Ուքրանիան Պէտք Է Ինք Որոշէ Իր Ապագան

Ուքրանիոյ ժողովուրդը պէտք է ազատ ըլլայ որոշելու իր ապագան: Ուքրանիոյ մէջ խաղաղութեան ուղին չի կրնար որոշուիլ առանց Ուքրանիոյ: Իմաստալից բանակցութիւններ կրնան տեղի ունենալ միայն զինադադարի կամ զինուորական գործողութիւններու աշխուժութեան նուազման պայմաններուն մէջ: Այս մասին կը հաղորդէ գերմանական «Տէօչէ Վելլէ»-ն: Եւրոպական Միութեան անդամ 27 երկիրներէն 26-ին ղեկավարները այս յայտարարութիւնը միասնաբար երէկ կատարած են: Հունգարիան չէ աջակցած Եւրոպական Միութեան խորհուրդի կայքին վրայ...

Պըրրի. «Նախաձեռնութիւնս Կարելի Եղածին Չափ  Շուտ Նախագահի Ընտրութեան Ճամբան Կը Բանայ,  Եւ Գնդակը Բոլոր Կողմերուն Դաշտին Մէջ Է»

Պըրրի. «Կացութեան Լրջութիւնը Կը Պահանջէ, Որ Բոլորը Բարձրագոյն Աստիճանի Պատասխանատուութիւն Ցուցաբերեն»

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի «Ժումհուրիա» օրաթերթին հետ զրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Կառավարութենէն հրաժարումը բացառուած է»: «Լիբանանի դիմագրաւած արտակարգ կացութեան լրջութիւնը կը պահանջէ, որ բոլորը բարձրագոյն աստիճանի պատասխանատուութիւն ցուցաբերեն», նշեց Պըրրի: Օրաթերթը կը գրէ. «Այս օրերուն Պըրրիի մտատանջութիւնը այն է, որ նորաստեղծ տագնապը իսրայէլացի թշնամիին փափաքած յարանուանական սադրանքին վերածուի, ուստի նախանձախնդիր էր քաղաքական հռետորաբանութիւնը վերահսկողութեան տակ պահելու»: «Այսպիսով շիի երկեակը այն տպաւորութիւնը...

Ակնարկ.  9 Նոյեմբերի Վերափոխումը 8 Օգոստոսի

Ակնարկ. 9 Նոյեմբերի Վերափոխումը 8 Օգոստոսի

Ուաշինկթընի եռակողմ հռչակագիրը խորքին մէջ պսակումն է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի, «Քառնըկի» հետազօտական կեդրոնի, Թուրքիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանին եւ վերջապէս նախագահ Թրամփին կատարած յայտարարութիւններուն:  Խաղաղութեան համաձայնագիրին մօտալուտ ըլլալէն մինչեւ արտապատուիրակում, երկարաժամկէտ վարձակալում եւ ապա «հրաշք»-ի կայացում: Այս բոլորը կը տեղաւորուին  Միացեալ Նահանգներու տարածաշրջանին մէջ կիրարկած ընդհանուր քաղաքականութեան պարունակին մէջ: Ի՞նչ նախադէպեր կը կապուին այս բոլորին: Նոյեմբերեան յայտարարութիւնը կէտ...

Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը  Հրապարակած Է Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Միջեւ  Խաղաղութեան Նախաստորագրուած Համաձայնագիրի Բնագիրը

Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Հրապարակած Է Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Միջեւ Խաղաղութեան Նախաստորագրուած Համաձայնագիրի Բնագիրը

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ հրապարակած է Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան եւ միջպետական յարաբերութիւններու նախաստորագրուած համաձայնագիրի բնագիրը, որ բաղկացած է 17 յօդուածէ: Խաղաղութեան համաձայնագիրի համաձայնեցումէն հինգ ամիս ետք` Հայաստանն ու Ազրպէյճանը 8 օգոստոսին Ուաշինկթընի մէջ միայն նախաստորագրեցին համաձայնագիրը, որուն ամբողջական բնագիրը այդ օր չէր հրապարակուած: Ըստ համաձայնագիրին, Երեւանն ու Պաքուն կը ճանչնան եւ կը յարգեն մէկզմէկու ինքնիշխանութիւնը, տարածքային ամբողջականութիւնը,...

Փութին. «Ռուսիան Պատրաստ Է 2020-2022 Թուականներուն  Ձեռք Բերուած Եռակողմ Համաձայնութիւններուն  Համապատասխան` Նպաստել  Հայ-Ազրպէյճանական Կարգաւորման,  Փոխադրամիջոցային Ապաշրջափակման»

Փութին. «Ռուսիան Պատրաստ Է 2020-2022 Թուականներուն Ձեռք Բերուած Եռակողմ Համաձայնութիւններուն Համապատասխան` Նպաստել Հայ-Ազրպէյճանական Կարգաւորման, Փոխադրամիջոցային Ապաշրջափակման»

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ: Քրեմլին կը յայտնէ, որ զրոյցը տեղի ունեցած է Երեւանի նախաձեռնութեամբ: «Փաշինեան մանրամասն տեղեկութիւն տրամադրած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի եւ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ 8 օգոստոսին Ուաշինկթընի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումին արդիւնքներուն վերաբերեալ», կը նշուի հաղորդագրութեան մէջ: Ռուսիոյ նախագահը նշած է Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ...

Փաշինեանն Ու Էրտողանը Քննարկած Են  Հայ-Թրքական Կարգաւորման Ընթացքը

Էրտողան-Փաշինեան Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն

Երէկ տեղի ունեցած է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հեռաձայնային հաղորդակցութիւնը Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ, այս մասին կը հաղորդէ Հայաստանի վարչապետի մամլոյ քարտուղարը: Հաղորդագրութեան համաձայն, Փաշինեան Թուրքիոյ նախագահին ներկայացուցած է 8 օգոստոսին Ուաշինկթընի մԷջ տեղի ունեցած բանակցութիւններուն արդիւնքները, մասնաւորապէս, «Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան եւ միջպետական յարաբերութիւններու մասին համաձայնագիր»-ի նախաստորագրումը, ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի մեքանիզմները լուծարելու մասին ԵԱՀԿ-ին ուղղուած միացեալ...

Page 80 of 795 1 … 79 80 81 … 795

Արխիւներ