Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանան Այցելելով` Շիպանի. «Երկու Երկիրներուն Միջեւ Գործակցութեան Վրայ Հիմնուած Նոր Էջ Բացինք»

Հոկտեմբեր 11, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ասաատ Շիպանի երէկ այցելեց Լիբանան: Ան արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ հանդիպում ունեցաւ Լիբանանի արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Եուսեֆ Ռաժժիի հետ:

Ռաժժի հանդիպումի աւարտին միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնեց.  «Սուրիական եւ լիբանանեան կողմերուն մօտ յանձնառութիւն գոյութիւն ունի, եւ յարգանք Լիբանանի պետութեան նկատմամբ` չմիջամտելու անոր ներքին հարցերուն, եւ ասիկա դրական հոլովոյթ է»:

«Շիպանիի հետ համաձայնեցայ ստեղծելու յանձնախումբ մը` կարգաւորելու համար բոլոր առկախ հարցերը: Լիբանանի եւ Սուրիոյ պետութեան միջեւ յարաբերութիւնները դիւանագիտական ծիրին մէջ ուղղակի դարձան», նշեց ան:

Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարը իր կարգին յայտնեց, որ իր երկիրը կը յարգէ Լիբանանն ու անոր գերիշխանութիւնը` շեշտելով, որ իր երկիրը կ՛ուզէ շրջանցել անցեալի խոչընդոտները եւ ամրապնդել երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնները:

Շիպանի նշեց, որ երկու կողմերը նախապէս սխալ քաղաքական կառավարման զոհն էին` շեշտելով, որ Պէյրութ իր այցելութեան նպատակը լիբանանեան-սուրիական յարաբերութիւններու խորքը ընդգծելն է:

Ան Լիբանանին շնորհակալութիւն յայտնեց,  հակառակ երկրին մէջ դժուար կացութիւններուն տագնապի ընթացքին սուրիացիները հիւրընկալելուն համար:

Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարը այցելեց Պաապտայի պալատ, ուր հանդիպում ունեցաւ հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի հետ:

Շիպանի հանդիպումէն ետք յայտնեց, որ Սուրիան վերականգնման ու վերաշինութեան փուլի մէջ է` նշելով, որ ատիկա պէտք է դրական անդրադարձ ունենայ Լիբանանի եւ երկու երկիրներուն միջեւ եղբայրական ու պատմական յարաբերութիւններուն վրայ:

Սուրիական դիւանագիտութեան պետը նշեց, որ կը նախատեսէ, որ Լիբանանի եւ Սուրիոյ միջեւ յարաբերութիւններու թռիչքը խանգարող բոլոր խնդիրները լուծուին, ինչ որ երկու ժողովուրդներուն օգուտ պիտի բերէ:

Հանրապետութեան նախագահը հանդիպումի ընթացքին յայտնեց, որ Լիբանան անհամբեր կը սպասէ երկու եղբայրական պետութիւններուն միջեւ յարաբերութիւններուն` փոխադարձ յարգանքի եւ իրարու ներքին հարցերուն չմիջամտելու սկզբունքով ամրապնդման, ինչպէս նաեւ անոնց խորացման ու զարգացման:

Ան նշեց, որ Լիբանանեան-սուրիական բարձրագոյն խորհուրդի աշխատանքը առկախելու սուրիական որոշումը դիւանագիտական յարաբերութիւնները կեանքի կոչելը հրամայական կը դարձնէ, «եւ այս ծիրին մէջ կը սպասենք Լիբանանի մէջ նոր դեսպանի մը նշանակումը, Դամասկոսի եւ Պէյրութի մէջ լիբանանեան եւ սուրիական դեսպանատուներու ճամբով բոլոր հարցերը հետապնդելու համար»:

«Մեր դիմաց երկար ճամբայ ունինք, եւ երբ բարի կամեցողութիւն ըլլայ, ապա մեր եղբայրական երկու երկիրներուն շահերը բոլոր նկատառումներէն վեր են, եւ այս շահը երաշխաւորելու շուրջ համաձայնութիւն գոյացնելուն այլընտրանքը չունինք», ըսաւ ան:

Նախագահ Աուն նախարար Շիպանիէն խնդրեց իր ողջոյնները փոխանցել Սուրիոյ նախագահ Ահմետ Շարհին եւ վերահաստատեց անոր Լիբանան այցելելու հրաւէրը:

Շիպանի իր կարգին շեշտեց, թէ իր երկիրը պատրաստ է որեւէ առկախ թղթածրար` տնտեսական ըլլայ կամ ապահովական, քննարկելու` նշելով. «Մեր ժողովուրդները պատերազմներէն ու ողբերգութիւններէն յոգնեցան, ուստի խաղաղութիւնը փորձենք»:

Աւելի ուշ, վարչապետարանին մէջ ժողով մը գումարուեցաւ` մասնակցութեամբ լիբանանեան կողմէն վարչապետ Նաուաֆ Սալամի, փոխվարչապետ Թարեք Մըթրիի, արտաքին գործոց նախարար Եուսեֆ Ռաժժիի եւ արդարադատութեան նախարար Ատել Նասսարի, իսկ սուրիական կողմէն արտաքին գործոց նախարար Ասաատ Շիպանիի, արդարադատութեան նախարար Մըզհեր Ուէյսի եւ անոնց ընկերակցող պատուիրակութեան:

Նշեալ ժողովին զուգահեռ Լիբանանի Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Հասան Շուքէյրի եւ Սուրիոյ ներքին գործոց նախարարի ապահովական հարցերու օգնական հազարապետ-զօրավար Ապտելքատեր Թահհանի միջեւ տեղի ունեցաւ ժողով մը, ինչպէս նաեւ լիբանանեան բանակի գաղտնի սպասարկութեան տնօրէն զօր. Թոնի Քահուաժիի եւ Սուրիոյ գաղտնի սպասարկութեան պետ Հիւսէյն Սալամէի միջեւ ժողով մը գումարուեցաւ:

Շիպանի վարչապետարանէն ալ յայտարարեց. «Այսօրուան այցելութիւնը պատմական է, եւ Լիբանանի ու Սուրիոյ մէջ ապահովական եւ տեղեկահաւաքի գործակցութեան ամրապնդման վրայ շեշտեցինք»:

«Ընդգծեցինք անհրաժեշտութիւնը Ռումիէի բանտին մէջ գտնուող սուրիացի կալանաւորուածներու հարցին լուծումը արագացնելու, եւ շատ շուտով շօշափելի արդիւնքներ պիտի ըլլան: Խօսեցանք երկու երկիրներուն միջեւ սահմանը վերահսկելու անհրաժեշտութեան մասին», յայտարարեց ան:

«Երկու երկիրներուն միջեւ գործակցութեան վրայ հիմնուած նոր էջ բացինք», նշեց Շիպանի:

 

Նախորդը

Պըրրի. «Ընտրական Օրէնքի Բարեփոխման Խորհրդարանական Նիստ Պիտի Չգումարուի, Կարծիքս Պիտի Չփոխեմ Եւ Անոր Վրայ Հաստատ Պիտի Մնամ»

Յաջորդը

Յուղարկաւորութիւն` Նախկին Նախարար Զօր. Փանոս Մանճեանի

RelatedPosts

Խմբագրական.  Վռամշապուհը, Թարգմանչաց Շարժումի Միւս Ուղղութիւնը Եւ Արհեստական Բանականութեան Հայացումը
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Վռամշապուհը, Թարգմանչաց Շարժումի Միւս Ուղղութիւնը Եւ Արհեստական Բանականութեան Հայացումը

Հոկտեմբեր 11, 2025
Առանց Սիրոյ Զգացումին Կարելի Չէ Ճանչնալ Զաստուած
Գաղութային

Մասնակից Դառնանք Հայ Դպրոցի Առաքելութիւնը Կանգուն Պահելու Նուիրական Գործին

Հոկտեմբեր 11, 2025
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Ազգային Միացեալ Վարժարան Եւ ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» Ընկերաբժշկական Կեդրոն
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Ազգային Միացեալ Վարժարան Եւ ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» Ընկերաբժշկական Կեդրոն

Հոկտեմբեր 11, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?