Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Կազայէն Անդին Եւ Կազայի Ետին

October 10, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կազայի շուրջ ամերիկեան համաձայնութեան առաջին փուլի իրականացման գործընթացը կը նախանշէ նախադրեալներ, որ տարածաշրջանը կը թեւակոխէ նոր շրջափուլ: Պէտք չէ աճապարել անշուշտ բացարձակ հաստատումներ կատարելու եւ վերջնական եզրայանգումներ յայտարարելու:

Այդ նախադրեալներուն ձեւաւորման համար նկատի պէտք է առնել քանի մը հանգամանք:

Առաջին. Միացեալ Նահանգներու կողմէ նախագիծի մշակումը, Իսրայէլի վարչապետին Ուաշինկթըն կանչուիլը, պաշտօնական Թել Աւիւի արագ համաձայնիլը եւ Համասին ժամկէտ փոխանցուիլը տուեալներ են, որոնք կը խօսէին համաձայնութեան  անմիջականութեան մասին:

Երկրորդ. անցումային կառավարութեան միջազգային խորհուրդի կողմէ վերահսկուիլը ամբողջ միջազգային ընտանիքին ներգրաւուածութեան մասին կը յուշէ: Այդուհանդերձ, այստեղ կարեւոր է Միացեալ Նահանգներու անձամբ ներգրաւուիլը` իբրեւ այդ խորհուրդի նախագահ: Այս մէկը եւս կը շեշտէ համաձայնութեան հրամայականը:

Երրորդ. Համասի աջակից պետութիւններէն Քաթարն ու Թուրքիան ողջունած էին նախագիծը: Աւելի ուշ ողջունեց նաեւ Իրանը` միանալով Համասի դիրքորոշումին: Այս երկիրներուն վրայ պէտք է աւելցնել նաեւ Եգիպտոսը, որուն ճամբով յատկապէս Կազա կը հասնի մարդասիրական օժանդակութիւնը: Այս շարքէն կ՛առանձնանայ Իրանը, որ ռազմական առումով նկատել հովանաւորն էր Համասին:

Չորրորդ. այս բոլորին նախաբան կարելի է նկատել Ուաշինկթընէն Իսրայէլի վարչապետին ներողութիւն խնդրելը Քաթարի ղեկավարէն, քաթարեան տարածքներուն վրայ իրականացուած յարձակումին համար: Ներողութիւնը պարզապէս թելադրանք-պարտադրանքն էր Ուաշինկթընին, որ շարունակած էր ճնշել այդ ուղղութեան վրայ:

Ըստ էութեան զինադուլ է, որուն շուրջ համաձայնութիւնը կը յարգուի: Այս մէկը կը թարգմանուի իբրեւ ընդհանուր 21 կէտնոց համաձայնագիրի առաջին փուլ: Կը հետեւին բոլոր ռազմագերիներու եւ պատանդներու ազատ արձակումը, իսրայէլեան ուժերու նահանջի առաջին փուլը եւ մարդասիրական օժանդակութեան տրամադրումը:

Զինադուլի համաձայնութիւնը կրնար դիւրաբեկ ըլլալ ինքնին, եթէ ամերիկեան վճռականութիւնը չըլլար: Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ պարզեցին, որ բանակը սկսած է կազմաքանդել Կազայի մէջ իր մեծ դիրքերը եւ նահանջել դէպի այն գիծերը, որոնց շուրջ գոյացած է համաձայնութիւնը: Իսրայէլեան նահանջի այս երեւոյթը եւս կը շեշտէ վերը նշուած նախադրեալները:

Այս բոլորը կը տանին դէպի քաղաքական նոր մայրուղիներ: Կազան միայն ռազմական բախումներու դադրեցման կամ քաղաքական նոր քարտէսի հանգոյց չէ: Կազան նաեւ ուժանիւթային ուղիներու դարպաս է: Հիմա արդէն նոր դիմագիծի ծրագիրով, անցումային կառավարութեամբ` մասնագէտներով եւ փորձագէտներով, բայց մանաւանդ վերահսկողական խորհուրդով: Ամերիկեան խորհուրդով:

Այս արդիւնքներն ու հեռանկարները մտածել կու տան Կազայի լայնածաւալ բռնկումին, աննախադէպ տարողութեամբ կատարուած յարձակումին, արմատական գործողութիւններու ձեռնարկումին, կիրարկուած ցեղասպանական քաղաքականութեան տարողութեան եւ այս բոլորին յանգած միջազգային խորհուրդի վերահսկողութեան եւ անոր առընթեր առաջադրուող միջազգային խաղաղապահ ուժերու տեղակայման նախագիծին ամբողջ պատճառահետեւանքային շղթային մասին:

Այս վերլուծման փորձին մէջ կը տեղաւորուի Իրանի դերակատարութեան վերասահմանումն ու վերաիմաստաւորումը` նկատի ունենալով ինչպէս Լիբանանի, այնպէս նաեւ Սուրիոյ եւ Կազայի մէջ պատահածները:

Համասը չէր կրնար տալ իր համաձայնութիւնը ամերիկեան նախագիծին, առանց Իրանի հետ համակարգելու իր քայլերը: Փուլային բանակցութիւն մը կը մեկնարկէ այս ձեւով համաձայնութեան իրականացման: Աւելորդ չէ յիշելը, որ այս եղանակը Համասի առաջարկն էր: Իսկ Համասի այս դիրքորոշումը ողջունած էր Թեհրանը:

Համաձայնութիւնը ուրեմն, խորքին մէջ կայացած է Ուաշինկթըն-Թեհրան գիծին վրայ: Այսպիսով աւելի ընկալելի կը դառնայ պաշտօնական Ուաշինկթընի յայտարարութիւնը, որ համաձայնութիւնը չի վերաբերիր միայն Կազային, այլ ամբողջ Միջին Արեւելքին:

«Ա.»

Նախորդը

Կազայի Մէջ Զինադադարի Համաձայնութեան Առաջին Փուլին Շուրջ Համաձայնութիւն

Յաջորդը

Յայտարարութիւններ (10 Հոկտեմբեր 2025)

RelatedPosts

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում  Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս  Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»

October 26, 2026
Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք  Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»
Գլխաւոր լուրեր

Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»

October 26, 2026
Թրիփոլի Այցելելով.  Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով,  Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի,  Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի  Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրիփոլի Այցելելով. Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով, Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի, Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.