«Հայաստանի Հանրապետութիւնը որեւէ երրորդ կողմի առջեւ պարտաւորութիւն չէ ստանձնած եւ պիտի չստանձնէ փոխելու Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութիւնը», երէկ յայտարարեց արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան:
«Ինչպէս նախապէս, այդպէս ալ հիմա, այդպիսի հարց իբրեւ փոխհամաձայնեցուած օրակարգի հարց գոյութիւն չունի մեր քննարկումներուն մէջ, եւ Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան փոփոխութեան եւ/կամ նոր Սահմանադրութիւն ընդունելու հարցը բացառապէս ներքաղաքական օրակարգի եւ մեր ժողովուրդի որոշելիքն է», նշեց նախարարը:
Պաքուն կը շարունակէ Հայաստանի հետ խաղաղութեան պայմանագիրի ստորագրման համար իբրեւ նախապայման դնել Սահմանադրութեան փոփոխութիւնը, մասնաւորապէս հանել Անկախութեան հռչակագիրը, ուր յիշատակում կայ Լեռնային Ղարաբաղի մասին: Հայաստանի իշխանութիւնները բազմիցս յայտարարած են, որ տարածքային պահանջներ չունին Ազրպէյճանէն:
Միրզոյեան երէկ շեշտեց` Երեւան չ՛ընդունիր այդ նախապայմանը:
Հայաստանի իշխանութիւնները նաեւ յայտարարած են նոր Սահմանադրութիւն ընդունելու մասին, սակայն շեշտելով, որ ատիկա չեն ըներ Պաքուի պահանջը կատարելու համար: