Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Շարմ Շէյխի Հրաւիրեալները

October 14, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կազայի վերաբերող ամերիկեան նախագիծին գործադրութեան առաջին փուլ անցումը կայացած է արդէն: Այս նախադրեալը կը խօսի իրադարձութիւններու արագութեան մասին: Յայտնապէս ամերիկեան ճնշումը զօրաւոր է թէ՛ համաձայնութիւնը պարտադրելու եւ թէ՛ անոր կիրարկումը չուշացնելու: Այս առումով ալ պատահական չի թուիր, որ պատանդներու ազատ արձակումը կը զուգադիպի Շարմ Շէյխի վեհաժողովին:

Շարմ Շէյխի ժողովին նպատակը պաշտօնապէս Կազայի համաձայնութիւնը վաւերականացնել է եւ անոր գործադրութիւնը երաշխաւորելը: Ձեւաչափը այդ մասին կը յուշէ` մասնակից երկիրները նկատի ունենալով:

Քանի մը նկատելի երեւոյթ այս առումով անպայման պէտք է ընդգծել:

Եգիպտոսը ընտրելով իբրեւ հաշտեցման վայր, Միացեալ Նահանգները կը բարձրացնեն այդ երկրին հեղինակութիւնն ու դերակատարութիւնը ոչ միայն Կազայի պատերազմին աւարտը ամրագրելու, այլ նաեւ Միջին Արեւելքի մէջ նոր իրավիճակի յայտարարման մեկնարկը կատարելու:

Եգիպտոսի կողքին կը յիշուէր Քաթարը, որ մինչեւ այս պատմական պահը ստանձնած էր միջնորդական առաքելութիւն, վերջին արարին ծանր հարուած ստանալով, երբ իր տարածքներուն վրայ յարձակում գործեց Իսրայէլը:

Կազայի պատերազմի աւարտը հաստատող այս ժողովին բացակայ են հակամարտող կողմերը` Իսրայէլն ու Համասը: Մետասաներորդ պահուն Գահիրէէն յայտարարուեցաւ, որ Իսրայէլի վարչապետը պիտի մասնակցի ժողովին: Թել Աւիւ աւելի ուշ պարզեց, որ Նեթանիահուն պիտի չմասնակցի:

Ռուսիան եւ Չինաստանը կը բացակային: Ուաշինկթընը նկատի չէ առած զիրենք: Հրաւէրի բացակայութիւնը կը խօսի մեկուսացնելու քաղաքականութեան մասին: Այս տարածաշրջանին մէջ  այս ձեւով գէթ երեւութապէս Միացեալ Նահանգներ կ՛ուզեն փոխանցել, որ երկու գերտէրութիւնները ընելիք չունին:

Ի տարբերութիւն Ռուսիոյ եւ Չինաստանին, Թեհրան հրաւէր ստացած է եւ մերժած մասնակցիլ: Արագ եզրակացութեան պէտք չէ յանգիլ: Հրաւէրը ինքնին որոշ քաղաքականութիւն կ՛ենթադրէ, իսկ չմասնակցիլը անպայման առաջադրուած խաղաղութեան ծրագիրը խանգարել չի նշանակեր: Եթէ տակաւին պարզ չէր Իսրայէլի մասնակցիլը կամ չմասնակցիլը, ապա Թեհրան չէր կրնար ընդառաջել հրաւէրի մը, ուր կրնար ներկայանալ նաեւ թշնամի պետութեան վարչապետը: Միայն այս հանգամանքով ալ չի բացատրուիր Իրանին մերժումը: Այս համաձայնութեան կիրարկումը փուլային է. իւրաքանչիւր փուլի համար նախատեսուած են բանակցութիւններ: Իրան իւրաքանչիւր փուլի համար ըսելիք ունի, առնելիք, հաւանաբար նաեւ տալիք. հետեւաբար չմասնակցիլը չ՛ենթադրեր կապերու խզում: Ինքնին հրաւէրը արդէն կը նշանակէ, որ բանակցային խողովակները փակուած չեն: Կազայի համաձայնութիւնը կամ Միջին Արեւելքի խաղաղութեան ուղին կ՛անցնի նաեւ Իրանէն:

Հիմա գանք Հայաստանին եւ Ազրպէյճանին ուղղուած հրաւէրներուն: Առաջին հայեացքով հրաւէրը ունի քարոզչական բնոյթ: Ըսել կ՛ուզուի, որ երկարատեւ հակամարտութիւն ունեցող երկիրներ դարձեալ Միացեալ Նահանգներու եւ այս պարագաին անձամբ անոր նախագահին միջնորդութեամբ նախաստորագրած են խաղաղութեան համաձայնագիր: Սակայն միայն օրինակի կարգավիճակով չի բացատրուիր անոնց ներկայութիւնը: Պէտք չէ մոռնալ Ազրպէյճան-Իսրայէլ խորացած համագործակցութեան զանազան ոլորտները:

Աւելի հեռուէն այս բոլորին վրայ կ՛երեւի շուքը Աբրահամեան դաշինքին: Թրամփի պաշտօնավարման առաջին ժամկէտին այս ձեւակերպումը իբրեւ հայեցակարգ առաջ կը մղուէր: Կազայի պատերազմի նախօրեակին սկսած էր գործընթաց արաբական պետութիւններ-Թել Աւիւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման: Գործընթացը առկախուած էր Կազայի պատերազմով: Հիմա վերստին կը վերադառնայ օրակարգ այս անգամ Շարմ  Շէյխի վեհաժողովի տեսքով:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի մակարդակով ակնարկութիւն կատարուած էր Հայաստանին եւ Ազրպէյճանին միանալու Աբրահամեան դաշինքին: Միջին Արեւելքէն ետք կը թուէր, որ թիրախային աշխարհագրական միջավայրը հարաւային Կովկասն է` իբրեւ Իրանի սահմանամերձ շրջան:

Հայաստանին եւ Ազրպէյճանին ուղղուած հրաւէրներուն քաղաքական շարժառիթները վերլուծելու ընթացքին այս հանգամանքները պէտք է նկատի ունենալ: Այստեղ անպայման յաջողած խաղաղութեան օրինակ ցոյց տալը չէ առաջնահերթը:

«Ա.»

Նախորդը

Թրամփ. «Կազայի Համաձայնութեան Երկրորդ Փուլի Շուրջ Բանակցութիւնները Սկսան»

Յաջորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

RelatedPosts

Միացեալ Նահանգներու Մէջ`  Միջանկեալ Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մէջ` Միջանկեալ Ընտրութիւններ

November 4, 2026
Թրամփ. «Իրանի Հետ Համաձայնութիւն  Գոյացնելու Շատ Մեծ Հաւանականութիւն Կայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իրանի Հետ Համաձայնութիւն Գոյացնելու Շատ Մեծ Հաւանականութիւն Կայ»

November 4, 2026
Իրանեան Զինեալ Ուժերու  Սպայակոյտի Պետը Յայտարարեց.  «Տեւական Անվտանգութեան Հաստատման Իրանի  Ծրագիրը Լիբանանի Եւ Կազայի Մէջ  Պատերազմի Աւարտը Կը Ներառէ»
Գլխաւոր լուրեր

Իրանեան Զինեալ Ուժերու Սպայակոյտի Պետը Յայտարարեց. «Տեւական Անվտանգութեան Հաստատման Իրանի Ծրագիրը Լիբանանի Եւ Կազայի Մէջ Պատերազմի Աւարտը Կը Ներառէ»

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.