Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ Շարմ Շէյխ ուղղուելու ընթացքին նշեց, որ «ամբողջ աշխարհը խանդավառ է, եւ այս պահը Միջին Արեւելքի համար խաղաղութիւն կը նշանակէ»` աւելցնելով. «Միջին Արեւելքի մէջ շատ իւրայատուկ ժամանակաշրջանէ կ՛անցնինք»:
«Կազայի համաձայնութեան երկրորդ փուլին շուրջ բանակցութիւնները սկսան», յայտարարեց Սպիտակ տան ղեկավարը` նշելով. «Համաձայնութիւնը տեղի պիտի չունենար, եթէ Իրան հիւլէական զէնք մը ունենար»:
«Կը կարծեմ, որ Իրան շարժումին պիտի միանայ, եւ ան որոշ օգնութեան կարիք ունի», ըսաւ ան:
«Միջին Արեւելքի մէջ շատ յառաջդիմութիւն պիտի տեսնենք», յայտնեց Թրամփ` աւելցնելով. «Քաթարը, Սէուտական Արաբիան եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները Յորդանանի եւ Եգիպտոսի կողքին հոյակապ էին»:
Միացեալ Նահանգներ, Եգիպտոս, Թուրքիա եւ Քաթար ստորագրեցին Կազայի համաձայնութեան վերաբերեալ ամբողջական փաստաթուղթը:
Նշենք, որ Եգիպտոսի նախագահական պալատը երէկ յայտարարեց, որ Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպասն ու Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուն պիտի մասնակցին Շարմ Շէյխի վեհաժողովին»:
Նախքան այդ, իսրայէլեան պետական ձայնասփիւռի կայանին ալ հաղորդած էր, որ Նեթանիահու վեհաժողովին պիտի մասնակցի, սակայն Իսրայէլի վարչապետի գրասենեակը աւելի ուշ յայտարարեց. «Նեթանիահուն հրէական տօներու պատճառով Շարմ Շէյխի վեհաժողովին պիտի չմասնակցի»:
Դիւանագիտական աղբիւր մը ԱՖՓ լրատու գործակալութեան յայտնած է, թէ Թուրքիան ճնշում բանեցուցած է Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի` Կազայի շուրջ Շարմ Շէյխի վեհաժողովին մասնակցութիւնը արգիլելու համար:
«Նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի նախաձեռնութեամբ եւ շնորհիւ Թուրքիոյ դիւանագիտական ջանքերուն ու այլ ղեկավարներու աջակցութեան, Նեթանիահու Եգիպտոսի ժողովին ներկայ պիտի չգտնուի», նշած է աղբիւրը:
Մինչ այդ, Իսրայէլ եւ Համաս երէկ Կազայի շուրջ համաձայնութեան առաջին փուլի ծիրին մէջ գերիներու փոխանակում կատարեցին: Համաս յայտարարեց, որ Իսրայէլ երէկ 1968 գերի ազատ արձակած է: Պաղեստինեան շարժումը իր կարգին իսրայէլացի քսան ողջ գերիներ ազատ արձակեց:
Իսրայէլացի գերիներու եւ անհետ կորսուածներու ընտանիքներու համախմբումը յայտարարեց. «Իմացանք, թէ Համաս երկուշաբթի միայն չորս գերիներու դիակներ պիտի յանձնէ»` զայն նկատելով «համաձայնութեան խախտում»:
«Իսրայէլեան կառավարութիւնն ու միջնորդները պէտք է անմիջապէս գործի լծուին` անմիջապէս լուծելու համար այս բացայայտ անիրաւութիւնը», աւելցուց համախմբումը: