Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իսրայէլեան Կառավարութիւնը Հաւանութիւն Տուաւ Կազայի Պատերազմին Վերջ Տալու Համաձայնութեան

October 11, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իսրայէլեան կառավարութիւնը հաւանութիւն տուաւ գերիներու ազատ արձակման եւ Կազայի պատերազմին վերջ տալու համաձայնութեան: Այսպիսով,  համաձայնութիւնը մտաւ ուժի մէջ, եւ իսրայէլեան բանակը սկսաւ գործադրել Կազայէն իր հեռացման առաջին փուլը:

Նախքան այդ, Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու յայտնեց. «Մենք վճռական զարգացումի մը մէջ ենք, եւ պայքարեցանք իրագործելու համար պատերազմի նպատակները, որոնց կարեւորագոյնը բոլոր գերիները ստանալն է, եւ ատիկա պիտի իրագործենք»:

«Մեր նպատակը պիտի չիրագործէինք առանց Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի եւ անոր աշխատանքային խումբին արտակարգ օգնութեան», աւելցուց Իսրայէլի վարչապետը:

«Գիտենք, թէ ասիկա ի շահ Իսրայէլի, Միացեալ Նահանգներու, ամէնուր գտնուող պատուաւորներուն է, եւ ընտանիքները իրենց սիրելիներուն վերամիացնելու համար է», նշեց Նեթանիահու:

Թրամփ մէկ օր առաջ յայտարարեց. «Կազայի մէջ պատերազմին վերջ տուինք»` յայտնելով, որ մտադիր է Միջին Արեւելք ուղղուիլ Եգիպտոսի մէջ համաձայնութեան ստորագրութեան ներկայ գտնուելու համար:

Լաւատեղեակ աղբիւր մը իսրայէլեան «Իսրայէլ Հայոմ» օրաթերթին յայտնեց. «Հաւանական կը նկատուի, որ Թրամփի Իսրայէլ այցելութիւնը երկուշաբթի օրուան յետաձգուի»:

Ամերիկեան Ուժ Մը Կազայի Մէջ

Սպիտակ տունը  յայտարարեց. «Բանակի կեդրոնական հրամանատարութեան ենթակայ ամերիկեան ուժերէն շուրջ 200 զինուորներ պիտի հսկեն Իսրայէլի մէջ խաղաղութեան համաձայնութեան գործադրութեան»:

Ամերիկացի պաշտօնատար մը «Ժազիրա» արբանեակային կայանին յայտնեց. «Ամերիկեան ուժերը Իսրայէլի մէջ պիտի հաստատեն կեդրոն մը` համակարգելու համար Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի Կազայի մէջ խաղաղութեան ծրագիրի ջանքերը»:

«Ամերիկեան ուժերը պիտի ստանձնեն օժանդակութիւններու (Կազա) մուտքի եւ գումակային ու ապահովական ջանքերու համակարգումը», ըսաւ ան:

«Կազայի մէջ ամերիկեան ուժերու տեղակայում չի նախատեսուիր», աւելցուց պաշտօնատարը:

 

Նախորդը

Թրամփ Շնորհակալութիւն Յայտնեց Իրանին` Կազայի Համաձայնութեան Աջակցելուն Համար

Յաջորդը

Շէյխ Խաթիպ. «Կը Յուսանք, Որ Կառավարութիւնը Վրէժխնդրութեան Եւ Թշնամանքի Քաղաքականութեան Չի Դիմեր»

RelatedPosts

Ակնարկ.  Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ

February 3, 2026
Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.