Գրիգոր Ակոբեանի «Այբուբեն» Ցուցահանդէսի Բացման Հանդիսութիւն
Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահի ընդարձակ երկու սրահները իւրայատուկ հրապոյր մը ունէին` պատկերազարդուելով գեղանկարիչ Գրիգոր Ակոբեանի գեղանկարներով եւ մանաւանդ Այբուբենի նկարներով: Հայոց 36 տառերը իւրայատուկ խորհրդաւորութեամբ կը պարուրէին անոնց դիմաց կանգնողը եւ մտաբերել կու տային մայրենի լեզուի քաղցրութիւնն ու հմայքը, անոր արժէքը, գեղեցկութիւնն ու դարաւոր պատմութիւնը: Գեղանկարիչ Գրիգոր Ակոբեանի «Այբուբեն» ցուցահանդէսի բացման հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ հինգշաբթի, 14 մայիս 2015-ին, երեկոյեան ժամը...




















