Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ուֆայի Վեհաժողով . Նախագահ Սարգսեան Կարեւոր Նկատեց Իրան-Հայաստան Երկաթուղիի Կառուցումը

Յուլիս 11, 2015
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

7-10-15_oufa-11

«Հայաստան կը փափաքի, որ բարեկամ Իրանի հիւլէական խնդիրին շուրջ ընթացող բանակցութիւնները պսակուին յաջողութեամբ», յայտարարեց Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան` Ուֆայի մէջ ՊՐԻՔՍ-ի, Եւրասիական տնտեսական միութեան եւ Շանկհայեան համագործակցութեան կազմակերպութեան միացեալ վեհաժողովին արտասանած իր խօսքին մէջ:

Նախագահ Սերժ Սարգսեան անդրադառնալով եւրասիական համարկման եւ «Մետաքսի ճամբու տնտեսական գօտի»-ի նախաձեռնութեան զուգակցման կարելիութեան, նշեց, որ անոնք ներդաշնակօրէն փոխգործակցելով, հեռանկարին մէջ կրնան ապահովել մեծ ենթակառուցային եւ փոխադրամիջոցային ծրագիրներու իրականացումը նոր մակարդակի բարձրացնելու գործը:

Ընդգծելով վերոնշեալ տնտեսական նախագիծերուն Հայաստանի մասնակցութեան կարելիութիւնը` հանրապետութեան նախագահը աւելցուց. «Հայաստանի պարագային այդպիսի ծրագիր կրնայ դառնալ Հայաստան-Իրան երկաթուղային ճամբու կառուցումը, որ Պարսից ծոցի միջոցով կ՛ապահովէ  Եւրասիական տնտեսական միութեան անդամ  երկիրներու ելքը դէպի Հնդկաց ովկիանոս: Արդէն պատրաստ է թեքնիք-տնտեսական հիմնաւորումը, եւ ծրագիրը բաց է պետական-սեփական գործընկերութեան համար: Կը յուսանք, որ այստեղ ներկայ երկիրներէն ընկերութիւնները հետաքրքրութիւն կը դրսեւորեն»:

Անդրադառնալով հիւլէական խնդիրի շուրջ Իրանի եւ «5+1 խմբակ»-ին միջեւ Վիեննայի մէջ ընթացող բանակցութիւններուն` նախագահ Սերժ Սարգսեան նշեց. «Օգտուելով առիթէն, կը փափաքէի յոյս յայտնել, որ Իրանի հիւլէական ծրագիրին կապուած բանակցութիւնները յաջողութեամբ  պսակուին, եւ ատիկա կը նպաստէ ինչպէս միջազգային, այնպէս ալ շրջանային անվտանգութեան եւ կայունութեան ամրապնդման, նոր կարելիութիւններ կը բանայ տնտեսական համագործակցութեան համար: Իբրեւ բարեկամ Իրանի դրացի երկիր` Հայաստան անկեղծօրէն կը ցանկայ ատիկա»:

 

 

 

Նախորդը

Նախագահ Սահակեան Բրիտանիոյ Մէջ Տեսակցեցաւ Հայ Աւանդական Կուսակցութիւններու Ներկայացուցիչներուն Հետ

Յաջորդը

Ակնարկ. Անգարան` Վերահսկուած Քաոսին Մէջ

RelatedPosts

Ակնարկ.  Կարմիր Գիծէն Անցում Դէպի Մտահոգութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Կարմիր Գիծէն Անցում Դէպի Մտահոգութիւն

Հոկտեմբեր 25, 2025
«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս
Գլխաւոր լուրեր

«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս

Հոկտեմբեր 25, 2025
«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Եւրոպական Միութեան Դեսպան Վասիլիս Մարակոսի Հետ Հանդիպում Ունեցան
Գլխաւոր լուրեր

«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Եւրոպական Միութեան Դեսպան Վասիլիս Մարակոսի Հետ Հանդիպում Ունեցան

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?