Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պելճիքայի Ներկայացուցիչներու Տան Կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչման Հարց. Բանաձեւի Հեղինակները Զայն 16 Յուլիսի Լիագումար Նիստին Ընթացքին Քննարկելու Դիմում Ներկայացուցած Են

July 9, 2015
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

7-08-15_Peter De Roover

«Ֆլամանտական նոր դաշինք» համախոհական կուսակցութեան անդամ, Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւի հեղինակ երեսփոխան Փիթեր տէ Ռուվեր «Արմէնփրես»-ին յայտնած է, որ Պելճիքայի Ներկայացուցիչներու տան մէջ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւի հեղինակները դիմած են խորհրդարանին` բանաձեւը արագացուած կարգով ուսումնասիրելու եւ 16 յուլիսի լիագումար նիստին քննարկելու համար:

«Ես շատ գոհ եմ, որ վարչապետ Միշելի յայտարարութենէն ետք, որով ան ճանչցած է 1915 թուականի կոտորածները իբրեւ ցեղասպանութիւն, մենք` խորհրդարանը, կրցանք շարունակել նոյն ոգիով եւ ներկայացնել մեծամասնական բանաձեւ: Այս բանաձեւը կոչ կ՛ուղղէ Թուրքիոյ ճանչնալու Հայոց ցեղասպանութիւնը: Մեր նպատակն է հաշտեցնել հայ եւ թուրք ժողովուրդները` համընդհանուր պայծառ ապագային յոյսով: Ես հպարտ եմ, որ այս հոլովոյթին մասնակից եղած եմ եւ աւելի հպարտ, որ արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբին մէջ բանաձեւին թեր քուէարկած է ոչ միայն մեծամասնութիւն կազմող Համախոհական կուսակցութիւնը, այլ նաեւ ընդդիմադիր Ընկերվարական կուսակցութիւնը: Մենք խնդրած ենք, որ բանաձեւը ուսումնասիրուի արագացուած կարգով եւ մեր հաշիւով լիագումար նիստի ընթացքին քննարկումի դրուի յաջորդ հինգշաբթի», նշած է ան:

Յիշեցնենք, որ Պելճիքայի Ներկայացուցիչներու տան արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբը 7 յուլիսին որդեգրած էր Պելճիքայի կառավարութեան ներկայացուցած` Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւը: Պելճիքայի վարչապետ Շարլ Միշել 18 յունիսին Ներկայացուցիչներու տան լիագումար նիստին ընթացքին իր եւ կառավարութեան անունով ճանչցած էր ցեղասպանութիւնը:

 

 

Նախորդը

Սահակեան Հանդիպումներ Կ՛ունենայ Լոնտոնի Մէջ

Յաջորդը

Ընկերվար Միջազգայնականը Քայլերու Պիտի Ձեռնարկէ Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչման Համար

RelatedPosts

Ակնարկ.  Հիմնական Դերակատարութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Հիմնական Դերակատարութիւն

September 17, 2026
Խորհրդարանը Երրորդ Անգամը Ըլլալով  Վստահութեան Քուէ Շնորհեց Կառավարութեան
Գլխաւոր լուրեր

Խորհրդարանը Երրորդ Անգամը Ըլլալով Վստահութեան Քուէ Շնորհեց Կառավարութեան

September 17, 2026
Բագրատունի. «Եթէ Դաշնակցութիւնը Արժէք  Եւ Ուժ Չունենար, Ոչ Ոք Պիտի Ուզէր  Զայն Թիրախաւորել»
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի. «Եթէ Դաշնակցութիւնը Արժէք Եւ Ուժ Չունենար, Ոչ Ոք Պիտի Ուզէր Զայն Թիրախաւորել»

September 17, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.