Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռուսական Վարկով Հայաստան Պիտի Գնէ Նաեւ Հեռահաս Սպառազինութիւն

Յուլիս 8, 2015
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

7-07-15_Putin_SargsianՀայաստանի պաշտպանութեան նախարարի բանբեր Արծրուն Յովհաննիսեան ո՛չ հաստատեց, ո՛չ ալ հերքեց հրապարակուած այն տեղեկութիւնը, թէ Հայաստան Ռուսիայէն պիտի գնէ «Իսքանտեր-Մ» հրթիռային համակարգեր: «Պիտի գնուին նորագոյն զէնքեր, սպառազինութիւն ե՛ւ յարձակողական, ե՛ւ  պաշտպանական բնոյթի, ինչպէս նաեւ նոր սարքեր: Ընդհանրապէս բանակի վերազինման լայնածաւալ ծրագիրի ծիրին մէջ է այս ամէնը», ընդգծեց Յովհաննիսեան:

Յատկանշական է, որ Հայաստանի խորհրդարանին կողմէ վարկային այդ համաձայնագիրի վաւերացման օրը` 2 յուլիսին, ռուսական ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը, յղում կատարելով Ռուսիոյ ռազմաճարտարագիտական գործակցութեան մարզի անանուն աղբիւրին, գրեց, որ Մոսկուա Երեւանի հետ բանակցութիւններ կը վարէ  «Իսքանտեր-Մ» տեսակի հրթիռային համակարգեր մատակարարելու շուրջ:

Արծրուն Յովհաննիսեան այս առնչութեամբ ըսաւ. «Որոշ ոչ մէկ բան կրնամ ըսել: Ռուսական կողմին հետ կը քննարկուին տարբեր տեսակի յարձակողական, ներառեալ հեռահաս սպառազինութեան գնման հարցեր»:

Ըստ ռուսական լրատու միջոցներու, «Իսքանտեր» հրթիռային համակարգերը ունին քանի մը տեսակներ, եւ «Իսքանտեր-Մ»-ը, որուն  հասողութիւնը մինչեւ 500 քիլոմեթր է, նախագծուած է ռուսական զինեալ ուժերուն համար:

Եթէ գործարքը պաշտօնապէս հաստատուի, Հայաստան Ռուսիայէն ետք կը դառնայ երկրորդ երկիրը, որ կ՛ունենայ «Իսքանտեր» հրթիռային համակարգեր:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ռուսական այս վարկին միջոցով ձեռք բերուող սպառազինութիւնը նո՞ր է հայաստանեան զինեալ ուժերուն համար, պաշտպանութեան նախարարի բանբերը արձագանգեց. «Ձեռք բերուած սպառազինութեան տեսականիին մէջ կան եւ սպառազինութիւններ, որոնք նորագոյնն են, բայց մենք արդէն ունինք, միայն քանակը կ՛աւելցուի: Կան սպառազինութիւններ, որոնք մենք ցարդ չենք ունեցած»:

Բանակի հետագայ վերազինման եւ արդիականացման վերաբերող հարցումին Արծրուն Յովհաննիսեան պատասխանեց. «Բանակը մինչեւ այդ վարկն  ալ կը սպառազինուէր եւ պիտի շարունակէ սպառազինուիլ: Միայն այդ վարկով չէ, որ բանակի սպառազինման ծրագիրը կ՛իրականացուի»:

 

 

Նախորդը

Մարտական Պատրաստակամութեան Ստուգումներ

Յաջորդը

«Միացեալ Նահանգներ Պատրաստ Են Լեռնային Ղարաբաղի Խնդիրին Շուրջ Աշխատանքը Շարունակելու Ռուսիոյ Եւ Ֆրանսայի Հետ» Կ՛ըսէ Ուորլիք

RelatedPosts

Ակնարկ.   Դէպի 2026` Գիւմրիի Օրինակով
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Դէպի 2026` Գիւմրիի Օրինակով

Հոկտեմբեր 21, 2025
Գիւմրիի Քաղաքապետ Վարդան Ղուկասեան Ձերբակալուեցաւ, Կալանքի Միջնորդութիւն Ներկայացուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Գիւմրիի Քաղաքապետ Վարդան Ղուկասեան Ձերբակալուեցաւ, Կալանքի Միջնորդութիւն Ներկայացուեցաւ

Հոկտեմբեր 21, 2025
«Հայաստան» Խմբակցութեան  Յայտարարութիւն
Հայկական

Ազգային Ժողովի «Հայաստան» Խմբակցութեան Յայտարարութիւն

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?