Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունեց Հարաւային Կովկասի եւ Վրաստանի ճգնաժամի հարցերով Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչ Հերպերթ Զալպերը:
Զրուցակիցները քննարկեցին շրջանի անվտանգութեան եւ կայունութեան, ղարաբաղեան հիմնախնդիրի խաղաղ լուծման բանակցային հոլովոյթի ներկայ հանգրուանին, առկայ խնդիրներուն եւ լուծման հոլովոյթը յառաջ մղելու ուղղութեամբ հետագայ կարելի ջանքերուն, ինչպէս նաեւ Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն համագործակցութեան զարգացման վերաբերող հարցեր:
Հանրապետութեան նախագահը անգամ մը եւս ընդգծեց, որ Հայաստան բարձր կը գնահատէ Եւրոպական Միութեան հաւասարակշռուած դիրքորոշումը Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրին վերաբերեալ, ինչպէս նաեւ խնդիրի համապարփակ լուծման համար բարենպաստ մթնոլորտ ստեղծելու յանձնառութիւնը: Նախագահ Սարգսեան կարեւոր նկատեց 21-22 մայիսին Ռիկայի մէջ տեղի ունեցած Արեւելեան գործընկերութեան վեհաժողովի լիակատար աջակցութիւնը ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն` Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին լուծման ուղղութեամբ ձեռնարկուող ջանքերուն, ներառեալ` այդ երկիրներու նախագահներու մակարդակով 2009 թուականէն ի վեր անոնց յայտարարութիւններուն:
Հերպերթ Զալպեր ընդգծեց, որ Ռիկայի վեհաժողովին իբրեւ հետեւանք ընդունուած հռչակագիրին մէջ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման վերաբերեալ ձեւակերպումները, իրաւամբ, արդար էին եւ ամբողջովին համարժէք իրավիճակին:
Ան վերահաստատեց Եւրոպական Միութեան աջակցութիւնը ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու ձեւաչափի ծիրին մէջ ընթացող բանակցութիւններուն` շեշտելով, որ այդ ձեւաչափի պահպանման հարցին մէջ Եւրոպական Միութեան դիրքորոշումը կը մնայ անփոփոխ:
Նախագահ Սարգսեան Այցելեց
Հայաստանի Ամերիկեան Համալսարան
Նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ այցելեց Հայաստանի ամերիկեան համալսարան, ուր ծանօթացաւ ընթացիկ գործունէութեան, ուսման պայմաններուն եւ ծրագիրներուն:
Նախագահ Սարգսեան այցելեց համալսարանի գրադարան, որ կը սպասարկէ ոչ միայն համալսարանի ուսանողներուն եւ դասախօսական անձնակազմին, այլ բաց է նաեւ հանրութեան համար: Սարգսեան նաեւ զրուցեց աշխատակիցներուն հետ, հետաքրքրուեցաւ անոնց կողմէ իրականացուող աշխատանքներով եւ մաղթեց յաջողութիւններ:
Նախագահին մամլոյ գրասենեակը կը տեղեկացնէ, որ նախագահ Սերժ Սարգսեան աշխատանքային այցելութեամբ կը մեկնի Ռուսիա` մասնակցելու Ուֆայի մէջ տեղի ունենալիք ՊՐԻՔՍ, Եւրասիական տնտեսական միութեան եւ Շանկհայեան համագործակցութեան կազմակերպութեան վեհաժողովի աշխատանքներուն: