Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«1915-ին Հայ Ժողովուրդին Եւ Քրիստոնեայ Համայնքներուն Դէմ Օսմանեան Կառավարութեան Կողմէ Կատարուածը Միայն Ցեղասպանութիւն Բառով Կարելի Է Բնորոշել» Յայտարարեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

Յուլիս 10, 2015
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

7-09-15_asoriԱնցնող երեք օրերուն վրայ տարածուած միջազգային համագումար մը տեղի ունեցաւ Լիբանանի Քասլիքի համալսարանին մէջ` նուիրուած յատկապէս Ասորիներու ցեղասպանութեան: Աւելի քան հարիւր հոգիներու մասնակցութեամբ տեղի ունեցած համագումարը կազմակերպուած էր ասորի ուղղափառ եւ ասորի կաթողիկէ պատրիարքութեանց կողմէ:

Համագումարի բացման նիստին ներկայ գտնուեցան վեց հոգեւոր պետեր եւ զանազան եկեղեցիներու ներկայացուցիչներ: Հոգեւոր պետերու շարքին խօսք առաւ նաեւ Արամ Ա. կաթողիկոս:

Վեհափառ հայրապետը իր խօսքը ամփոփեց հետեւեալ հինգ կէտերուն մէջ.

ա) Ինչ որ տեղի ունեցաւ 1915-ին, Օսմանեան կայսրութեան սահմաններուն մէջ հայերուն, ասորիներուն, յոյներուն եւ այլ քրիստոնեայ համայնքներուն դէմ, ցեղասպանութիւն էր, բառին իրաւական հասկացողութեամբ: Ցեղասպանութիւն էր իր մեթոտով ու նպատակով, եթէ նոյնիսկ այդ ժամանակներուն ցեղասպանութիւն բառը տակաւին մաս չէր կազմեր միջազգային օրէնքի բառարանին: Պատմութիւնը յստակօրէն ցոյց կու տայ, թէ Օսմանեան կառավարութեան կողմէ ծրագրուածը, կազմակերպուածն ու գործադրուածը ցեղասպանութիւն մըն էր:

բ) Միջազգային օրէնքին համաձայն, երբ նոյն երկրին մէջ եւ նոյն ժողովուրդին համար կառավարութիւն մը կը յաջորդէ նախորդ կառավարութեան, թէկուզ գաղափարախօսական ու քաղաքական տարբեր օրակարգով եւ նպատակով, ան յաջորդը կը նկատուի նախկին կառավարութեան: Իրաւաքաղաքական այս յստակ սկզբունքէն մեկնելով` ներկայ Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը յաջորդը կը նկատուի Օսմանեան կայսրութեան, եւ հետեւաբար, ան կը ժառանգէ 1915-ի կառավարութեան իրաւունքներն ու պարտաւորութիւնները: Սա կը նշանակէ, որ ներկայ Թուրքիան պարտաւորութիւն մը ունի 1915-ին կազմակերպուած ցեղասպանութեան նկատմամբ:

գ) Դարձեալ միջազգային օրէնքին համաձայն, ցեղասպանութիւնը ոճիր է մարդկութեան դէմ: Հետեւաբար, ցեղասպանութիւնն ու ցեղասպանը պէտք է միջազգային դատապարտումի ենթակայ դառնան: Ցեղասպանութեան դատապարտումը կը նշանակէ ցեղասպանութեան ճանաչում եւ ճանաչումը կ՛ենթադրէ հատուցում:

դ) Թէ՛ հայերը եւ թէ՛ ասորիները աշխարհի բոլոր կողմերը կը շարունակեն նշել ցեղասպանութեան 100-ամեակը: Մենք մեր նահատակները յիշեցինք եւ անոնց կտակին նկատմամբ մեր հաւատարմութիւնը վերահաստատեցինք: Սակայն, պէտք չէ մոռնանք, որ մենք պահանջատէր ենք: Պէտք չէ մոռնանք, որ Թուրքիոյ մէջ հազարաւոր հայ, ասորի, յոյն վանքեր, եկեղեցիներ ու եկեղեցապատկան կալուածներ կը գտնուին. ոմանք քանդուած են, ուրիշներ բռնագրաւուած` պետութեան կողմէ: Մենք կը պահանջենք անոնց վերադարձը իրենց իրաւատէրերուն:

ե) Մեր պահանջատիրութիւնը իրաւաքաղաքական է եւ ո՛չ կրօնական: Դարեր շարունակ քրիստոնեաներ ու իսլամներ Միջին Արեւելքի մէջ ունեցած են խաղաղ ու ներդաշնակ գոյակցութիւն: Նո՛յն մօտեցումով ու յանձնառութեամբ պիտի շարունակենք մեր գոյակցութիւնը: Այսօր, ինչ որ տեղի կ՛ունենայ Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ քրիստոնեաներուն ու փոքրամասնութիւններուն նկատմամբ, այլապէս ցեղասպանութիւն է: Ցեղասպանութիւնը պէտք է դատապարտուի բոլոր կրօններուն ու ազգերուն կողմէ, որպէսզի չկրկնուի ան:

Նախորդը

Հաղորդագրութիւն. Ազգային Երեսփոխանական Ժողովը Գումարեց Ընթացիկ Շրջանի Իր Դ. Նիստը

Յաջորդը

Քնեսեթի Նախագահը Կոչ Ուղղած Է Ճանչնալու Հայոց Ցեղասպանութիւնը

RelatedPosts

Խմբագրական  «Փիս Էքթ»-ը  Չի Կրնար Թերթել Արցախի Էջը
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական «Փիս Էքթ»-ը Չի Կրնար Թերթել Արցախի Էջը

Հոկտեմբեր 16, 2025
«Անկախներ Լիբանանի Համար» Հանդիպման Պատուիրակութիւնը Կ՛այցելէ «Շաղզոյեան» Կեդրոն
Գաղութային

«Անկախներ Լիբանանի Համար» Հանդիպման Պատուիրակութիւնը Կ՛այցելէ «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Հոկտեմբեր 16, 2025
Արամ Ա. Կաթողիկոս Հովուապետական Այցելութեամբ Մեկնեցաւ Քանատա Եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Հովուապետական Այցելութեամբ Մեկնեցաւ Քանատա Եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ

Հոկտեմբեր 16, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?