
Կազմակերպութեամբ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան կրթութեան նախարարութեան եւ համագործակցութեամբ «Արցախ ֆոնտ»-ին, լիբանանահայ 16 աշակերտներ երէկ երեկոյեան ուղղուեցան Լեռնային Ղարաբաղ` մասնակցելու համար «Ասպետ» ռազմամարզական ճամբարին:
Լիբանանահայ գաղութին համար արդէն իսկ աւանդութիւն դարձած մարզահայրենասիրական այս ճամբարին ընթացքին լիբանանահայ աւարտական դասարաններու աշակերտները առիթը պիտի ունենան յարաբերելու իրենց տարեկից արցախցիներու հետ, հետեւելու դաստիարակչական ծրագիրի մը, մասնակցելու զանազան ձեռնարկներու, ծանօթանալու Արցախի պատմական ու մշակութային արժէքներուն, այցելելու բանակի զօրամասերը եւ մօտէն ծանօթանալու հայ զինուորին առօրեային:
Լիբանանահայ աշակերտները ճամբարին մասնակցութեան ընդմէջէն առիթ պիտի ունենան հաստատելու, որ սփիւռքահայութիւնը, յատկապէս` լիբանանահայութիւնը զօրավիգ են եւ մասնակից` Արցախի պետականութեան ամրապնդման ու հզօրացման:
«Ասպետ» ռազմամարզական ճամբարին մասնակցող երկրորդական վարժարաններու 16 աշակերտներն են` Քրիստ Արթինեան, Միսաք Գանտահարեան, Նժդեհ Կոտալազեան, Դրօ Քէշիշեան, Վարանդ Քէօշէեան, Նարեկ Տէրտէրեան, Ֆրետի Տաուտ, Սերժ Աբիկեան, Պետիկ Թութիկեան, Շիրակ Տաքէսեան, Ժիրայր Աուն, Աւօ Մարտիրոսեան, Սերուժ Գումաշեան, Ժիւլիանօ Գույումճեան, Գուրգէն Փափազեան, Յարութ Տաղլեան:
Նշենք, որ «Ասպետ» ճամբարին մասնակիցները նախապէս հանդիպում մը ունեցած էին «Արցախ ֆոնտ»-ի ներկայացուցիչներուն հետ եւ տեղեկացած ճամբարին մանրամասնութիւններուն մասին:
 
			

