ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբը Նեցուկ Կը Կանգնի Թուրքիոյ Քրտամէտ Կուսակցութեան Ընտրապայքարին
18 մայիս թուակիր յայտարարութեամբ մը, ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ որոշած է նեցուկ կանգնիլ Թուրքիոյ մէջ 7 յունիսին տեղի ունենալիք խորհրդարանական ընտրութեանց մասնակցող քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան ընտրապայքարին` միաժամանակ կոչ ուղղելով Եւրոպայի տարածքին բնակող Թուրքիոյ քաղաքացիներուն, որ նշեալ կուսակցութեան ի նպաստ քուէարկեն: ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբը կը շեշտէ, որ այս որոշումը տրուած է` նկատի ունենալով այն...




















