Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ընկերվար Միջազգայնականը Քայլերու Պիտի Ձեռնարկէ Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչման Համար

Յուլիս 9, 2015
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

7-08-15_SIԸնկերվար միջազգայնականի խորհուրդը Նիւ Եորքի մէջ գումարած իր նիստին ընթացքին որոշած է քայլերու ձեռնարկել Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման համար:

Կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղար Լուի Այալա յայտնած է, որ երկօրեայ քննարկումներուն իբրեւ արդիւնք կառոյցի անդամ ՀՅԴ եւ Թուրքիոյ Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներուն մասնակցութեամբ եկած են համաձայնութեան` հաշուի առնելով վերջին շրջանին շարք մը ազգային խորհրդարաններու եւ վերազգային հաստատութիւններու կողմէ ցեղասպանութեան ճանաչումն ու դատապարտումը: Այալա ըսած է, որ Ցեղասպանութեան 100-ամեակի ծիրին մէջ կ՛ուզեն կլոր սեղան կամ լսումներ կազմակերպել հետեւեալ հարցադրումով. «Արդեօք Թուրքիոյ կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը իրապէս պիտի հաշտեցնէ՞ Հայաստանը եւ Թուրքիան»: Յայտարարութիւն կատարած է ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Կիրօ Մանոյեան` շեշտելով, որ այդ քննարկումը պէտք չէ ըլլայ պատմական եղելութեան շուրջ, ինչ որ կը փափաքի Թուրքիան: Ան ներկայացուցած է այն բոլոր փաստարկները, թէ ինչո՛ւ Ընկերվար միջազգայնականի նման միջազգային կազմակերպութիւն մը պէտք է աշխուժ դիրքորոշում ունենայ Հայոց ցեղասպանութեան դատապարտման արշաւին մէջ:

Մանոյեան նշած է, որ Թուրքիան մինչեւ հիմա կը շարունակէ ուրացման, ժխտման քաղաքականութիւնը եւ փակ կը պահէ դէպի Հայաստան ցամաքային ճամբան:

Նախորդը

Պելճիքայի Ներկայացուցիչներու Տան Կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչման Հարց. Բանաձեւի Հեղինակները Զայն 16 Յուլիսի Լիագումար Նիստին Ընթացքին Քննարկելու Դիմում Ներկայացուցած Են

Յաջորդը

Կրթական Հարցերով Յանձնախումբը Քնեսեթին Կոչ Ուղղած Է Ճանչնալու Հայոց Ցեղասպանութիւնը

RelatedPosts

Ակնարկ.  Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Յուլիս 12, 2025
Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»
Գլխաւոր լուրեր

Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?