 Երէկ` ուրբաթ, 10 յուլիսի երեկոյեան ժամը 7:30-ին Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճի սրահին մէջ իրենց վկայագիրները ստացան Ազգային արհեստից քոլեճի արագ ուսման դասընթացքներուն հետեւած աշակերտները` բերքահաւաքի յատուկ եւ տպաւորիչ հանդիսութեան մը ընթացքին:
Երէկ` ուրբաթ, 10 յուլիսի երեկոյեան ժամը 7:30-ին Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճի սրահին մէջ իրենց վկայագիրները ստացան Ազգային արհեստից քոլեճի արագ ուսման դասընթացքներուն հետեւած աշակերտները` բերքահաւաքի յատուկ եւ տպաւորիչ հանդիսութեան մը ընթացքին:

Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի հովանաւորութիւնը վայելող ձեռնարկին բացումը կատարեց քոլեճի վարիչ պատասխանատու Մակի Խաչերեան, որ իբրեւ խօսքի առանցք ընտրեց «Ապագան նուէր չէ, այլ իրագործում, ու մենք զայն կ՛ապահովենք մեր ներկայով» մտածումը: Ան հաստատեց, որ Ազգային արհեստից քոլեճը այդ մէկը կ՛ընծայէ ուսանող թէ կեանքի ասպարէզ նետուած կամ ինքզինք զարգացնելու ձգտող իւրաքանչիւր անհատի: Քոլեճին առաջադրանքին անդրադառնալով` Մ. Խաչերեան յայտնեց, որ մշակուած ծրագիրը կը միտի ընկերութեան մէջ տարբեր պատճառներու բերումով ուսումէ զրկուած տարբեր տարիքի անհատները զինել 21-րդ դարու ընձեռած արհեստագիտական եւ արուեստագիտական գիտելիքներով, որպէսզի անոնք կարենան շրջանցել եւ յաղթահարել իրենց առջեւ ցցուող խոչընդոտները եւ բարելաւել իրենց աշխատանքի կարողութիւնը:
Ապա ան ներկայացուց Ազգային արհեստից քոլեճի դասընթացքները` դիտել տալով, որ մնայուն կերպով նոր ծրագիրներ կը մշակուին համաձայն պահանջին, ինչպէս նաեւ քայլ պահելու համար մեր ընկերութեան զարգացումներուն հետ:
«Այսօր նոր բերքը պիտի քաղուի ու մուտք գործէ կեանքի ասպարէզ, զինուած ուսման պաշարով եւ պաշտպանուած վկայագիրով:
Բարի երթ եւ յաջողութիւն դասընթացքներուն կանոնաւորաբար հետեւած 69 վկայուողներուն: Բերքահաւաքը վկայագիրներու բաշխումի հանդիսութեան կողքին, առիթ է տարուած աշխատանքը արժեւորելու, ինչպէս նաեւ փոխանցելու մեր մտահոգութիւնները:
Արդարեւ, տասնամեակ բոլորած արագ ուսման դասընթացքը անցնող եռամեակին շարունակեց իր առաքելութիւնը` օգտակար դառնալով հայ հաւաքականութեան եւ անոր շրջապատին:
Ճիշդ է, որ հետեւողներուն թիւը մեզի երբեք չի գոհացներ, երբ նկատի ունենաք տարուած քարոզչական հսկայ աշխատանքը, որ կը կատարուի մամուլով, ձայնասփիւռով, թերթիկներով, որմազդներով ու հայկական վարժարաններու տնօրէններու հետ հանդիպումներով:
Երիտասարդ սերունդի համեմատութիւնը սպասուածէն շատ նուազ է: Պատճառը յաճախ կը վերագրենք Լիբանանի տնտեսական տագնապին եւ անորոշութեան մթնոլորտին: Մասամբ ճիշդ է, սակայն ասոր զուգահեռ անհրաժեշտ է մատնանշել անտարբերութեան երեւոյթը եւ մեր հաւաքականութեան մօտ ինքնազարգացման անհրաժեշտութեան գիտակցութեան եւ հաւատքի պակասը: Կը յուսանք, որ ժամանակի հետ այս երեւոյթը դրականօրէն կը փոխուի ու արագ ուսման յատուկ դասընթացքները ինքնազարգացման փնտռուած միջոց մը կը դառնան բոլորին:
Այսօր, անգամ մը եւս կոչ կ՛ուղղենք մեր երիտասարդ- երիտասարդուհիներուն, ըլլան անոնք աշակերտ, ուսանող, արհեստաւոր թէ տան մէջ մնացող, որ օգտուին իրենց ընձեռուած այս առիթէն ու զարգացնեն իրենք զիրենք, երբ տակաւին ուշ չէ, որպէսզի ապագային չափսոսան ու չըսեն` ինչո՞ւ այդ առիթը փախցուցինք», ըսաւ Խաչերեան:
Իր խօսքի աւարտին Մակի Խաչերեան շնորհակալութիւն յայտնեց առաջնորդ սրբազանին, Ուսումնական խորհուրդին, Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճի տնօրէնութեան եւ քարտուղարութեան, Ազգային արհեստից քոլեճի ուսուցիչներուն եւ շրջանաւարտներուն:

Շրջանաւարտներուն խօսքը փոխանցեց Արշօ Պալեան, որ լուսարձակի տակ առնելով այն իրողութիւնը, որ կեանքը դպրոց է, իսկ մարդիկ` յաւիտենական ուսանողներ` դիտել տուաւ, որ այդ ճշմարտութիւնը զիրենք մղած է թակելու Ազգային արհեստից քոլեճի դուռը` յագեցնել կարենալու արհեստից ուսման իրենց ծարաւը` իւրաքանչիւրը իր հետաքրքրութիւններուն եւ նախասիրութիւններուն ծիրին մէջ:
Ան նշեց, որ քոլեճին մէջ տրուած դասընթացքները կը շարժեն մեծին թէ փոքրին հետաքրքրութիւնը եւ առիթ կու տան անոր բացայայտելու իր ձիրքերը, ընտրելու ասպարէզ մը, մասնագիտանալու որոշ մարզի մը մէջ եւ ուսման ու գիտութեան յաւելեալ զէնքերով ներկայանալու կեանքի դաշտ:
«Այս բոլորին կողքին, Ազգային Արհեստից քոլեճը կատարեալ ազնուութեամբ առիթ կ՛ընծայէ իր կեդրոնը յաճախող լիբանանահայ գաղութի իւրաքանչիւր անհատին գոհունակ զգալու, դրականութեամբ լիցքաւորուելու, եւ խորքին մէջ այդ զգացումն է յաջողութեան իսկական գաղտնաբառը: Աւելի՛ն. Ազգային արհեստից քոլեճին մէջ տիրող մտերմիկ մթնոլորտը, կատարեալ օտարականներու միջեւ վայրկեաններու ընթացքին ստեղծուած ընտանեկան հարազատ կապը, իւրաքանչիւր դասախօսի կողմէ ցուցաբերուած համեստ, ճկուն, միաժամանակ մասնագիտական մօտեցումը, դասընթացքին նկատմամբ սէր կ՛արթնցնէ եւ կը մղէ իւրաքանչիւրը իր ներաշխարհին մէջ պեղելու այդ հետաքրքրութիւններուն դրդապատճառները, ենթահողը, ծալքերը: Փնտռտուք մը, որ կը մղէ մարդ արարածը հասկնալու ինքզինք, որ իր կարգին յաջողութեան այլ բանալի մըն է: Այս օրերուս բանալին արժէքաւոր նուէր է, եւ մենք կը գտնուինք Ազգային արհեստից քոլեճի բեմին վրայ` մեզի հետ կրելով այդ բանալիներէն տրցակ մը», հաստատեց Արշօ Պալեան:
Իր խօսքի աւարտին բոլոր շրջանաւարտներուն անունով ան շնորհակալութիւն յայտնեց տնօրէնութեան, դասախօսներուն եւ բոլոր անոնց, որոնք սատարեցին քոլեճին առաքելութեան` մաղթելով, որ այդ առաքելութեան հետեւողականութիւնը երաշխաւորուի, որպէսզի Ազգային արհեստից քոլեճը շարունակէ իր ազնիւ գործը եւ յաւելեալ հմայք, գրաւչութիւն եւ վաւերականութիւն ստանայ` կցուելով Ազգային միացեալ վարժարանի արդիական կառոյցին:
Ապա տեղի ունեցաւ վկայագիրներու տուչութիւն: Լուսանկարչութեան վկայագիր ստացան Յակոբեան Ժաք, Պալեան Արշօ, Ալեմեզեան Դալար, Ադդարեան Դալար, Աբգարեան Աշոտ, Գասապեան Տալիլա, Եափուճեան Ժանեթ, Կէօքէօզեան Վարդան, Հալլաճեան Միրէյ, Ղազէլեան Սմբատ, Պալապանեան Էլօ, Պուչաքճեան Արազ, Պօղոսեան Յակոբ, Ռուսալեան Ալին, Սվաճեան Սամուէլ, Սրապոնեան Կրասիա: Սննդագիտութեան` Պալեան Արշօ, Ալեմեզեան Դալար, Էթոյեան Նայիրի, Թորոսեան Էլիզ, Ժենեան Արփի, Կէօքէօզեան Նորա, Շէօհմէլեան Ազնիւ, Պոյաճեան Զարմինէ, Պուլտուգեան Նարդիկ, Ֆերմանեան Զապէլ: Համակարգիչի` Առաքելեան Աղաւնի, Ասֆուր Ժորժեթ, Թապագեան Յարութիւն, Թելֆէեան Ովսաննա, Ճինպաշեան Սօսէ, Շահինեան Սալբի, Պագգալեան Ռիթա, Պախամեան Րաֆֆի, Պաղտասարեան Նայիրի, Պաղտիկեան Անի, Ռուսալեան Յարութիւն, Սարգիսեան Մակի, Սիմոնեան Մայտա, Քիւրտեան Պօղոս, Քրիաքօ Մարօ, Ֆերմանեան Զապէլ: Օթոքատի` Արթինեան Մինաս, Խաչատուրեան Շողիկ, Մարաշլեան Սարին, Ներսէսեան Մարալ, Ուանէս Վարդգէս, Պոյաճեան Նուպար, Սարգիսեան Լեւոն: Տուրմի պատրաստութեան` Ագրապեան Թալին, Ասարեան Սիւզան, Գազէզեան Սալբի, Գազէզեան Սիլվա, Գունտագճեան Սօսի, Ժենեան Արփի, Կէօքճեան Լիւսի, Հալլաք Մակի, Ղազարեան Սիլվա, Ուլիկեան Վիքի, Չիչեան Սեդա, Պաղտասարեան Մարալ, Պուտագեան Նորա, Պօղոսեան Սիլվա, Սաղտճեան Ռիթա, Սարգիսեան Սօսի, Սարեան Սիլվա, Սերայտարեան Մարիա, Տէր Խորէնեան Արաքսի եւ Փայասլեան Սիլվա:

Աւարտին իր պատգամը փոխանցեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան, որ լուսարձակի տակ առաւ սորվելու եւ գիտելիք ամբարելու կարեւորութիւնը, որովհետեւ կեանքի դպրոցին մէջ կարելի չէ ճակատագիրն ու ապագան ձգել պատահականութեան, այլ պէտք է ունենալ գիտութեան որոշ մակարդակ` պայքարելու համար յանուն աւելի լաւ վաղուան մը: Ան դրուատեց տարուած աշխատանքը, մանաւանդ փորձառու ուսուցիչներու կողմէ աշակերտներուն փոխանցուած գիտութիւնը, հմտութիւնը, որոնց ընդմէջէն աշակերտները առիթ կ՛ունենան կատարելագործելու իրենց ձիրքերը եւ գտնելու լուսաշող ուղին: Առաջնորդ սրբազանը դիտել տուաւ, որ ամբարուած գիտելիքը ո՛չ միայն անհատը կ’ազնուացնէ ու կը զարգացնէ, այլ նաեւ հաւաքականութիւն մը ամբողջ` զայն ատակ դարձնելով աշխարհի յառաջդիմութեան հետ քայլ պահելու: Իր խօսքի աւարտին ան գնահատեց աշխատանքը, շնորհաւորեց շրջանաւարտները` յոյս յայտնելով, որ իրենց կարողականութիւնը կը ծառայեցնեն ազգային կեանքին:
«Ազդակ» այս առիթով կը շնորհաւորէ «Ազդակ»-ի ընտանիքի անդամներէն Ժաք Յակոբեանն ու Արշօ Պալեանը:
 
			

