Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Այսօր Պիտի Սկսի Համազգայինի 21-րդ Ուսանողական Հաւաքը (Ֆորում)

July 11, 2015
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

7-10-15_forum-1175

Այսօր` շաբաթ, 11 յուլիսին Երեւանի մէջ պիտի սկսի Համազգայինի 21-րդ ուսանողական հաւաքը (ֆորում), որ աւելի քան երկու տասնամեակէ ի վեր կը շարունակէ իր առաքելութիւնը` աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ ուսանող հայ համալսարանականներուն համար ըլլալ համախմբման իւրայատուկ առիթ, կամրջում ստեղծել անոնց միջեւ, ազգային արմատներուն ու մշակութային ժառանգութեան հաղորդակից դարձնել: Այս հաւաքը նաեւ առիթ կ՛ըլլայ միտքերու փոխանակումներու, քննարկումներու, աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ ապրող հայերու մտայնութեան եւ իրականութեան ծանօթանալու:

Այս տարի Համազգայինի ուսանողական հաւաքին կան 37 մասնակիցներ, որոնք կու գան գրեթէ բոլոր գաղութներէն` Միացեալ Նահանգներու արեւելեան եւ արեւմտեան ափերէն, Քանատայէն, Աւստրալիայէն, Լիբանանէն, Սուրիայէն, Ֆրանսայէն, Արցախէն, Հայաստանէն, Թիֆլիսէն եւ Ջաւախքէն: Գոյութիւն ունի պատասխանատու կազմ` Լիբանանէն, Քանատայէն եւ Միացեալ Նահանգներէն:

10 յուլիսի երեկոյեան Լիբանանէն Հայաստան մեկնեցան Լիբանանի եւ Սուրիոյ 6 մասնակիցները, ինչպէս նաեւ հաւաքի պատասխանատու կազմը:

15 օրերու ընթացքին (11 Երեւան, 4 Արցախ) համալսարանական երիտասարդները առիթ պիտի ունենան ծանօթանալու Հայաստանին` իբրեւ զբօսաշրջական երկիր եւ իբրեւ հարազատ տուն, հանդիպելու հայրենի մտաւորականներու, քաղաքական-հասարակական գործիչներու հետ, պիտի լսեն պատմամշակութային նիւթերով դասախօսութիւններ, պիտի քննարկեն ժամանակակից հայ երիտասարդները յուզող տարաբնոյթ խնդիրներ:

Համազգայինի ուսանողական հաւաքի ծրագիրը բաղկացած է երեք հիմնական բաժիններէ. առաջին` զբօսաշրջական, երկրորդ` այցելութիւն այնպիսի վայրեր, ուր պարզ զբօսաշրջիկ մը չի կրնար երթալ, ինչպէս` զօրամաս, պետական համալսարան, խորհրդարան, մանկատուն, երրորդ` խմբային աշխատանքի դրութիւն:  Ասոնց զուգահեռ կայ դաստիարակչական ծրագիր մը:

 

Նախորդը

Վահան Յովհաննիսեանի Գիրքերու Շնորհահանդէսին ՀՅԴ Բիւրոյի Մամլոյ Դիւանի Պատասխանատու Արտաշէս Շահպազեանին Արտասանած Խօսքը

Յաջորդը

«Ասպետ» Ռազմամարզական Ճամբարին Մասնակցելու Նպատակով` Լիբանանահայ 16 Աշակերտներ Ուղղուեցան Լեռնային Ղարաբաղ

RelatedPosts

Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակի Հերթական Առցանց Նիստ
Գաղութային

«Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»ի հերթական առցանց նիստ

February 2, 2026
Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ

February 2, 2026
Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.