Կաթողիկէ Հաղորդամիջոցներու Եպիսկոպոսական Յանձնախումբը Պարգեւատրեց Սարգիս Նաճարեանը
Տեղեկատուութեան կաթողիկէ կեդրոնին տարեկան ճաշկերոյթը այս տարի յատուկ հանդիսաւորութեամբ տեղի ունեցաւ ուրբաթ, 3 յուլիս 2015-ի, երեկոյեան «Քազինօ Տիւ Լիպան»-ի մէջ, հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Լիբանանի Կաթողիկէ պատրիարքներու եւ եպիսկոպոսներու խորհուրդի նախագահ կարտինալ Պշարա Ռայիի եւ ներկայութեամբ ընկերային հաղորդամիջոցներու եպիսկոպոսական յանձնախումբի նախագահ, մարոնիներու Պէյրութի առաջնորդ Պուլոս Մաթար եպիսկոպոսին, ինչպէս նաեւ տարբեր համայնքապետերու, պապական նուիրակ Կապրիել Քաչիա եպիսկոպոսին, տեղեկատուութեան նախարար Ռամզի Ժրէյժի, Լիբանանի...



















