Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ-ն Վճռականօրէն Պիտի Պաշտպանէ Սահմանադրական Բարեփոխումները

August 29, 2015
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

vjra_8-28-15

28 օգոստոսին տեղի ունեցաւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ընդլայնուած նիստ, որուն կը մասնակցէին նաեւ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան, Բիւրոյի այլ անդամներ, կուսակցութեան յայտնի դէմքեր:

Օրակարգի վրայ կար հիմնական մէկ հարց` սահմանադրական բարեփոխումները, անոնց նկատմամբ ՀՅԴ-ի մօտեցումներն ու կատարելիք աշխատանքները: ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Աղուան Վարդանեան ներկայացուց սահմանադրութեան նախագիծին շուրջ կատարուող քննարկումներուն ընթացքը, մասնաւորապէս անդրադառնալով ՀՅԴ-ի առաջարկներուն` թղթածրարին եւ վերջնական տարբերակին մէջ տեղ գտած փոփոխութիւններուն վերաբերող:

ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան ներկայացուց սահմանադրութեան նախագիծին մէջ արտացոլացող յատկապէս այն ամրագրումները, որոնք Դաշնակցութեան համար արժեհամակարգային եւ գաղափարական հիմնարար արժէքներ են:

ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան` կարեւոր նկատելով սահմանադրութեան բարեփոխման անհրաժեշտութիւնը ինքնիշխանութեան, երկրին մէջ արմատական, համակարգային փոփոխութիւններ ու զարգացող կայունութիւն ապահովելու, ինչպէս նաեւ իշխանութեան ճիւղերու տարանջատման ու հակակշռելիութեան ապահովման տեսակէտէ, անդրադարձաւ ՀՅԴ-ի քարոզչութեան ու ՀՅԴ-ի առաջարկներուն շուրջ հետեւողական ու բովանդակային քննարկում ծաւալելու խնդիրին:

Ժողովին մասնակիցները կարեւոր նկատեցին սահմանադրութեան բարեփոխման շուրջ առաւելագոյն համախոհութեան մթնոլորտի ձեւաւորումը` քարոզչական աշխուժ արշաւի նախաձեռնելու անհրաժեշտութիւնը ընդունելով: Նիստին մասնակիցները ներկայացուցին նաեւ առաջարկներ` քարոզարշաւի կազմակերպման ռազմավարական ու մարտավարական խնդիրներուն շուրջ:

Ներկաները անգամ մը եւս հաստատեցին, որ Դաշնակցութիւնը վճռականօրէն պիտի պաշտպանէ սահմանադրական բարեփոխումները:

 

 

Նախորդը

ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակի Համանախագահները Մտադիր Են Աշնան Այցելել Հայաստան Եւ Ազրպէյճան

Յաջորդը

Պըրրի. «Լիբանանեան Ներքին Երկխօսութեան Յաջողութեան Կը Հաւատանք»

RelatedPosts

Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ
Գաղութային

Ոչ Եւս Է Հայ Մամուլի Նուիրեալ Սարգիս Մահսէրէճեան

February 10, 2026
Ակնարկ.  Հիւլէական Ուժանիւթի Բազմազանացումը` Աշխարհաքաղաքական Մրցակցութեան Շրջածիրին Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Հիւլէական Ուժանիւթի Բազմազանացումը` Աշխարհաքաղաքական Մրցակցութեան Շրջածիրին Մէջ

February 10, 2026
Վարդանանց Մի՛շտ Այժմէական Խորհուրդը
Գաղութային

Կոչ Զօրակցութեան

February 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.