Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Սերժ Սարգսեան Կուսակցութիւններուն Հետ Հանդիպումները Կը Շարունակէ

Օգոստոս 28, 2015
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Sargsian_8-27-

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան շարունակած է Սահմանադրութեան փոփոխութիւններու նախագիծին մասին կարծիքներու փոխանակման նպատակադրող հանդիպումները Հայաստանի քաղաքական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ:

27 օգոստոսին ան հանդիպում ունեցած է Հայոց համազգային շարժում կուսակցութեան ներկայացուցիչներուն հետ: Նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ  հասարակութեան հետ կապերու վարչութեան փոխանցումով` նախագահը հանդիպում ունեցած է Հայոց համազգային շարժում կուսակցութեան ներկայացուցիչներ Ալեքսանդր Արզումանեանի, Արարատ Զուրաբեանի եւ Դաւիթ Առաքելեանի հետ: Հանդիպումին աւարտին կուսակցութեան ներկայացուցիչները դրական նկատած են հանդիպումը:

Ժառանգութիւն կուսակցութիւնը եւ Հայ ազգային քոնկրեսը մերժած են հանդիպման առաջարկը:

Ժառանգութիւն կուսակցութենէն Արմէն Մարտիրոսեան «Երկիրն այսօր»-ին տեղեկացուցած է, որ նման որոշում տրուած է, որովհետեւ նախագահին հետ տեղի ունեցած առաջին հանդիպումին ընթացքին իրենց ներկայացուցած առաջարկները չեն ընդունուած: Պատասխանելով այն հարցումին, որ արդեօք վարչութեան նիստին հանդիպման մասին տարակարծութիւններ եղա՞ծ են` Մարտիրոսեան ըսած է. «Այդ մէկը կարեւոր չէ»:

Նախագահը Հանդիպած Է Քրիստոնեայ Դեմոկրատական
Միութեան Եւ Ազատ Դեմոկրատներու Ներկայացուցիչներուն

Նախագահ Սերժ Սարգսեան սահմանադրական բարեփոխումներուն  շուրջ խորհրդակցութիւններու ծիրին մէջ երէկ հանդիպում ունեցած է  նաեւ Հայաստանի քրիստոնեայ-դեմոկրատական միութիւն (ՀՔԴՄ) կուսակցութեան ներկայացուցիչներ Խոսրով Հարութիւնեանի, Լուսինէ  Թումեանի եւ Սարգիս Ղանթարջեանի հետ:

Նախագահի պատշօնական կայքը այս հանդիպման մասին մանրամասնութիւններ չէ հաղորդած:

Նոյն ծիրին մէջ նախագահ Սարգսեան հանդիպում ունեցած է Ազատ դեմոկրատներ կուսակցութեան ներկայացուցիչներ Խաչատուր Քոքոբելեանի, Մասիս Այվազեանի, Անժելա Խաչատրեանի եւ Յովհաննէս Ղազարեանի հետ: Նախագահի պաշտօնական կայքը այս հանդիպման մասին նոյնպէս մանրամասնութիւններ  չէ հաղորդած:

 

Նախորդը

Շարմազանով. «Մենք Աւետարան Գրող Չենք»

Յաջորդը

Ռուստամեան. «Սահմանադրական Փոփոխութիւնները Փրկութեան Դուռ Կը Բանան»

RelatedPosts

Ակնարկ.  «Պիլատ Շամ»-ի Սպառնալիքը
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. «Պիլատ Շամ»-ի Սպառնալիքը

Յուլիս 14, 2025
ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն  Մարմինի Յայտարարութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Յայտարարութիւն. Ահաբեկչութեան Կազմակերպման Մասին Պնդումները Ի Սկզբանէ Եղած Են Անհիմն

Յուլիս 14, 2025
Արցախահայերը Երկրորդ Օրն Ըլլալով  Կը Շարունակեն Նստացոյցը
Հայկական

Արցախահայերը Երկրորդ Օրն Ըլլալով Կը Շարունակեն Նստացոյցը

Յուլիս 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?