Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«89-րդ Յօդուածը, Ընդհակառակն, Իշխանափոխութեան Համար Լաւ Դուռ Կը Բանայ» Կ՛ըսէ Արմէն Ռուստամեան

August 26, 2015
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

armen_8-25-15

ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ, Հայաստանի Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան 25 օգոստոսին մասնակցելէ ետք Վենետիկի յանձնաժողովի ներկայացուցիչներուն հետ տեղի ունեցած քաղաքական եւ հասարակական ուժերուն հանդիպման` յայտարարած է, որ բովանդակութեան հետ ոչ մէկ կապ ունեցող յայտարարութիւններ կատարուած են: «Ընդդիմութեան  դերին հետ կապուած իսկապէս լուրջ տեղաշարժ գոյութիւն ունի», ըսած է ան: Ինչ կը վերաբերի 89-րդ յօդուածին, որ կը վերաբերի կայուն մեծամասնութեան ձեւաւորման, Ռուստամեան նշեց, որ ընտրուած է այնպիսի լուծում, որ  իշխանափոխութեան համար լաւ դուռ կը բանայ:

Ռուստամեան ըսած է, թէ խնդիրը կայուն մեծամասնութիւն ձեւաւորելու հասկացողութեան մէջ է, այդ մէկը տեղի ունեցած է` վերլուծելով ընդհանրապէս խորհրդարանական համակարգերու հետեւանքները, որոնք գործած են տարբեր երկիրներու մէջ: Իսկապէս խորհրդարանական տարբեր երկիրներու մէջ գոյութիւն ունի վիճակ մը, որուն պատճառով մեծամասնութիւն կրնայ չձեւաւորուիլ: Նկատի ունենալով Հայաստանի պատերազմական վիճակը` 89-րդ յօդուածը անհրաժեշտութիւն է:

ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչը դիտել տուած է, թէ իրենք բացառած են, որ  խորհրդարանական շարունակական ընտրութիւններ տեղի չունենան: «Որովհետեւ եթէ չկայ մեծամասնութիւն` լուծումն այն է, որ նոր ընտրութիւն տեղի ունենայ, բայց անգամ մը եւս ընտրութիւնը կրնայ  չբերել մեծամասնութեան եւ այդպէս շարունակ: Իտալիա փորձը ունէր, 50 տարուան ընթացքին 60 կառավարութիւն ձեւաւորած է», ըսած է ան:

Միւս խնդիրը, ըստ անոր, այն է, որ կառավարութիւնը կրնայ կազմուիլ, բայց ըլլալ փոքրամասնութեան կառավարութիւն: «Այդպիսի երկիրներ ալ կան, այդ ալ փխրուն է, որովհետեւ կրնայ անվստահութիւն յառաջացնել: Միւս անկայունութեան վիճակը այն է, երբ համախոհական կառավարութիւնը բազմանդամ ըլլայ: Այդտեղ ե՛ւ քննարկումները, ե՛ւ տարակարծութիւնները շատ են, այդ մէկն ալ կը ձեւաւորեն փլուզման կառավարութիւններ», ըսած է ան:

Ռուստամեան նշած է, թէ որպէսզի այս վիճակը չտիրէ Հայաստանի մէջ, կայուն մեծամասնութիւն հասկացողութիւնը ներմուծուած է, սակայն ատիկա յաւելեալ բացատրութեան կը կարօտի:

«Թիւր տպաւորութիւն է, թէ այդ ամբողջ խօսքը մէկ կուսակցութեան մեծամասնութեան մասին է: Այդ հասկացողութիւնը այդպէս չէ եւ նոր փոփոխութիւնը, որ կատարուեցաւ անոր վրայ, յստակ կ՛ըսէ, որ Ազգային ժողովի Ընտրական օրէնսգիրքին միջոցով պէտք է յստակ ձեւաւորուի մեծամասնութիւն: Եթէ այդ մէկը տեղի չ՛ունենար, ուրեմն կը կատարուի երկրորդ հանգրուան, ուր պէտք է մասնակցին նոր դաշինքներով, առաջին եւ երկրորդ տեղերը գրաւուած ուժերը: Այս մէկը  կարելիութիւն կու տայ նաեւ ընդդիմութեան, որ եթէ չէ յաջողած առաջին հանգրուանին միաւորուելու` միաւորուի մէկ թեկնածուի  շուրջ եւ երթայ իշխանափոխութեան: Ատիկա ընդհակառակն` իշխանափոխութեան համար լաւ դուռ կը բանայ: Ես կը զարմանամ ընդդիմադիր գործիչներուն  վրայ, որ այս ալ չեն տեսներ», ըսած է Ռուստամեան` աւելցնելով, որ իշխանութիւնները միշտ ալ խուսափած են երկրորդ հանգրուանէն, քանի որ իրենք միշտ այդ հանգրուանին առնչուած հարց ունեցած են:

Նախորդը

Վենետիկի Յանձնաժողովը Չի Կրնար Երաշխաւորել Հայաստանի Ժողովրդավարացումը

Յաջորդը

Վան Տեր Վաարթ Բացակայ` Ռէալ Մատրիտի Դէմ Տեղի Ունենալիք Մրցումէն

RelatedPosts

ՀՅԴ Հայաստանի Կազմակերպութեան  29-րդ Գերագոյն Ժողովի Յայտարարութիւնը`  Ազգային Ժողովի Ընտրութիւններուն Վերաբերեալ
Գլխաւոր լուրեր

ՀՅԴ Հայաստանի Կազմակերպութեան 29-րդ Գերագոյն Ժողովի Յայտարարութիւնը` Ազգային Ժողովի Ընտրութիւններուն Վերաբերեալ

January 14, 2026
ՀՅԴ Հայաստանի Կազմակերպութեան  29-րդ Գերագոյն Ժողովի Յայտարարութիւնը`  Ազգային Ժողովի Ընտրութիւններուն Վերաբերեալ
Գլխաւոր լուրեր

ՀՅԴ-ն Որոշեց Մասնակցիլ 2026-ի Խորհրդարանական Ընտրութիւններուն` Նախապատուութիւնը Տալով Դաշինքային Ձեւաչափին

January 14, 2026
Միրզոյեան Եւ Միացեալ Նահանգներու Դեսպանը  Անդրադարձած Են «Թրիփփ Ուղի»  Ծրագիրին Կեանքի Կոչման Քայլերուն
Հայկական

Միրզոյեան Եւ Միացեալ Նահանգներու Դեսպանը Անդրադարձած Են «Թրիփփ Ուղի» Ծրագիրին Կեանքի Կոչման Քայլերուն

January 14, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.