Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Այնճարի Մէջ. Մուսալեռցի Նշանաւոր Գրող Եդուարդ Պօյաճեանի Վերանորոգուած Դամբարանի Բացում

Օգոստոս 29, 2015
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

MousLe1_8-28-15

Մուսա լերան հերոսամարտի 100-ամեակի եւ Այնճարի հիմնադրութեան 75-ամեակի կեդրոնական մարմինին, ինչպէս նաեւ ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէի դաստիարակչական-քարոզչական յանձնախումբին կազմակերպութեամբ, ուրբաթ, 28 օգոստոս 2015-ի երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Այնճարի գերեզմանատան մէջ տեղի ունեցաւ մուսալեռցի նշանաւոր գրող Եդուարդ Պօյաճեանի վերանորոգուած դամբարանին բացումը:

Մուսա լերան հերոսամարտի 100-ամեակի կեդրոնական մարմինին անունով Յակոբ Այնթապլեան հրաւիրեց գիւղի հոգեւոր հայրերը եւ գեղանկարիչ Րաֆֆի Անտոնեանը, որպէսզի բացումը կատարեն դամբարանին:

Յակոբ Այնթապլեան
Յակոբ Այնթապլեան

Այնուհետեւ Յակոբ Այնթապլեան ներկայացուց կենսագրականը Մուսա լերան հերոսամարտի նահատակ Գրիգոր Գպուրեանի, որուն յիշատակին նուիրուած էր սոյն ձեռնարկը: Ան յայտնեց, որ Գպուրեան հաւատաւոր դաշնակցական էր իր հինգ որդիներով եւ քաջաբար դիմադրեց թշնամիին` մինչեւ իր նահատակութիւնը:

Ապա Այնթապլեան 100-ամեակի կեդրոնական մարմինին անունով շնորհակալութիւն յայտնեց Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ թաղականութեան եւ Աշոտ Ա. քհնյ. Գարագաշեանին, որոնց ջանքերով կարելի եղաւ ամբողջութեամբ վերանորոգել Եդուարդ Պօյաճեանի դամբարանը:

Ապա ան ներկայացուց Եդուարդ Պօյաճեանի կենսագրականը` կեդրոնանալով անոր գրական ժառանգութեան վրայ: Ան հատուածներ ներկայացնելով Պօյաճեանի տարբեր գործերէն, վեր առաւ գրողին ազգային-հայրենասիրական ապրումները, որոնք պայքարող ժողովուրդի մը կենսագրականը կը ներկայացնեն: Ան ըսաւ, որ «Պօյաճեան ունի ստեղծագործ հոգիին յատուկ գաղտնիքը, կարողութիւնը, կամքը եւ նաեւ գութը»:

Ան յիշելով Պօղոս Սնապեանի խօսքերը Եդուարդ Պօյաճեանի մասին յայտնեց, որ «մեծ սէրեր ապրած եւ մեծ վիշտեր կրած մարդ էր Պօյաճեան . հող ունեցած եւ հող կորսնցուցած հոգեխռով հոգիներու պատմիչը, զաւակ ունեցած խուճապահար հայր մը»:

Այնթապլեան իր խօսքը աւարտեց ըսելով. «Ահա քու մահէդ մօտաւորապէս 50 տարիներ ետք կրկին անգամ վերանորոգուած այս տապանաքարով ՀՐԱՇՔ ՊԱՆԴՈՒԽՏՆԵՐՈՒԴ թոռները կու գան իրենց երախտագիտութիւնն ու յարգանքը արտայայտելու եւ խոնարհելու շիրիմիդ առջեւ: Այսօր անգամ մը եւս կը հաւատանք, որ Եդուարդ Պօյաճեան մեռած չէ, այլ ան բոլոր ժամանակներուն կենդանի յուշարարն է որ մենք մուսալեռցի ենք…»:

Բացման խօսքին յաջորդեց հոգեհանգստեան արարողութիւն` կատարողութեամբ գիւղի հոգեւոր հայրերուն եւ Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ դպրաց դասին:

Աշոտ Ա. քհնյ. Գարագաշեան
Աշոտ Ա. քհնյ. Գարագաշեան

Ապա Նարոյ Ադամեան ասմունքեց եդուարդ Պօյաճեանի Մուսա լերան 18 նահատակներուն նուիրուած քերթուածը, որմէ ետք Աշոտ Ա. քհնյ. Գարագաշեան փոխանցեց իր  սրտի խօսքը: Ան ըսաւ, որ ներկայ սերունդի զաւակները պէտք է կարդան Եդուարդ Պօյաճեանի գրութիւնները եւ անոնցմով ներշնչուած շարունակեն իրենց պայքարը, որպէսզի հակառակ սփիւռքի մէջ տիրող դժուար պայմաններուն, կարենան պահել իրենց ինքնութիւնը: Տէր հայրը յայտնեց, որ «ներկայ երիտասարդ սերունդը պէտք է կարչի Մուսա լերան նահատակ պապերու սրբազան կտակին եւ աննկուն կամքին, որպէսզի մուսալեռցիի զօրաւոր հաւատքով շարունակենք մեր պայքարը` պահելու համար մեր գիւղին հայկական դիմագիծը»:

Վարուժան արք. Հերկելեան
Վարուժան արք. Հերկելեան

Ապա խօսք առաւ Վարուժան արք. Հերկելեան: Ան բարձր գնահատեց Մուսա լերան հերոսամարտի 100-ամեակի եւ Այնճարի հիմնադրութեան 75-ամեակի եւ ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէի քարոզչական-դաստիարակչական յանձնախումբերը` որոնք կազմակերպած էին սոյն ձեռնարկը: Ան ըսաւ. «Այս ձեռնարկը իւրայատուկ է, որովհետեւ անիկա կը նմանի փոքր կայծի մը, որ եթէ չխնամուի եւ հովին ձգուի, կը մարի. այդ կայծերը պէտք է վերածենք հրդեհներու, որպէսզի Եդուարդ Պօյաճեանը եւ բոլոր գրողները ապրին եւ վերակենդանանան մեր տուներուն, դպրոցներուն եւ եկեղեցիներուն մէջ:

Ձեռնարկը աւարտեցաւ «Կիլիկիա» եւ «Մուսա լերան գիւղերէն Այնճար եկած ենք» խմբերգներով:

 

Նախորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Լիբանանի Խորհրդարանի Նախագահին Եւ Մարոնի Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Պետին Ներկայացուցիչները

Յաջորդը

Ժողովրդային Ընդվզումը Կը Շարունակուի Երկուստեք Պատասխանատուութիւն` Ճիշդ Կողմնացոյցով

RelatedPosts

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Վերջ Տուէք Հայաստանի  Կեանքէն Ներս Ստեղծուած Վատառողջ  Մթնոլորտին, Ամօ՛թ Է»
Գլխաւոր լուրեր

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Վերջ Տուէք Հայաստանի Կեանքէն Ներս Ստեղծուած Վատառողջ Մթնոլորտին, Ամօ՛թ Է»

Յուլիս 9, 2025
Արթուր Սարգսեան Զրկուեցաւ  Անձեռնմխելիութենէ.  Օհանեանի Եւ Մինասեանի Նկատմամբ  Մեղադրանք Առաջադրուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Արթուր Սարգսեան Զրկուեցաւ Անձեռնմխելիութենէ. Օհանեանի Եւ Մինասեանի Նկատմամբ Մեղադրանք Առաջադրուեցաւ

Յուլիս 9, 2025
Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը  Խոր Մտահոգութիւն Յայտնեց Հայաստանի Մէջ  Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Առնչուած Վերջին  Իրադարձութիւններուն Վերաբերեալ
Գլխաւոր լուրեր

Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը Խոր Մտահոգութիւն Յայտնեց Հայաստանի Մէջ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Առնչուած Վերջին Իրադարձութիւններուն Վերաբերեալ

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?