Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայաստանի Քաղաքական Ուժերուն Տեսակէտները` Սահմանադրական Բարեփոխումներուն Շուրջ

Օգոստոս 27, 2015
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նախագահին Հանդիպումը Բարգաւաճ Հայաստան
 Կուսակցութեան Ներկայացուցիչներուն Հետ

hant-1_8-26-15

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի նստավայրին մէջ սկսած են սահմանադրական բարեփոխումներուն շուրջ քաղաքական ուժերուն հետ նախագահ Սերժ Սարգսեանի հանդիպումները:

Նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութեան փոխանցումով` այդ հոլովոյթին ծիրին մէջ  նախագահը հանդիպում ունեցած է Բարգաւաճ Հայաստան  կուսակցութեան ներկայացուցիչներ Նայիրա Զոհրապեանի, Միքայէլ Մելքումեանի, Աբրահամ Մանուկեանի, Վահան Բաբայեանի եւ Վարդան Վարդանեանի հետ:

Քննարկուած է Սահմանադրական բարեփոխումներուն ընդհանուր հոլովոյթը, անդրադարձ եղած է նախագահին առընթեր Սահմանադրական բարեփոխումներուն մասնագիտական յանձնախումբին կողմէ մշակուած Սահմանադրութեան փոփոխութիւններու նախագիծին մէջ տեղ գտած առանձին դրոյթներուն:

Հանդիպումին մասնակիցները խօսած են Ազգային ժողովին մէջ աշխուժ  եւ համակողմանի քննարկումներու կարեւորութեան մասին:

Հանդիպում` Օրինաց Երկիր Կուսակցութեան
Ներկայացուցիչներուն Հետ

hant_8-26-15

Նախագահ Սերժ Սարգսեանը սահմանադրական բարեփոխումներուն  շուրջ խորհրդակցութիւններու ծիրին մէջ հանդիպում ունեցած է Օրինաց երկիր կուսակցութեան ներկայացուցիչներ Մհեր Շահգելդեանի, Յովհաննէս Մարգարեանի, Իշխան Խաչատրեանի եւ Արմէն Յարութիւնեանի հետ:

«Քննարկուած է սահմանադրական բարեփոխումներուն ընդհանուր հոլովոյթը, անդրադարձ կատարուած է Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին առընթեր Սահմանադրական բարեփոխումների մասնագիտական յանձնախումբին կողմէ մշակուած Սահմանադրութեան փոփոխութիւններու նախագիծին մէջ ամրագրուած մօտեցումներուն», յայտնած է նախագահի պաշտօնական կայքը:

Ըստ հաղորդագրութեան, հանդիպումին մասնակիցները նախագահին  ներկայացուցած են «Հայկական վերածնունդ» հասարակական-քաղաքական միաւորման մօտեցումները Սահմանադրութեան փոփոխութիւններուն նախագիծին մէջ տեղ գտած առանձին դրոյթներուն  վերաբերեալ եւ կարեւոր նկատած են Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովին մէջ Սահմանադրութեան փոփոխութիւններու  նախագիծին շուրջ աշխուժ քննարկումները:

Նախագահը Քննարկման Հրաւիրած Է
Ժառանգութիւն Կուսակցութիւնը

Ժառանգութիւն կուսակցութեան փոխնախագահ Արմէն Մարտիրոսեան «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին փոխանցեց, որ կուսակցութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի ղեկավար Վիգէն Սարգսեանէն հրաւէր ստացած է` նախագահ Սերժ Սարգսեանին  հետ քննարկելու սահմանադրական բարեփոխումներուն նախագիծը:

Խորհրդարանական ուժերէն միայն Հայ ազգային քոնկրեսը մերժած է  նախագահին առաջարկը: Ժառանգութիւն կուսակցութիւնը, ըստ Մարտիրոսեանի, ընդունելու-չընդունելու հարցը պիտի քննարկէ այսօր` կուսակցութեան վարչութեան նիստին ընթացքին:

Ազատ Դեմոկրատները Դէմ Են
Սահմանադրական Փոփոխութիւններու
Ներկայացուած Նախագիծին

Ազատ դեմոկրատներ կուսակցութիւնը յայտարարած է, որ սահմանադրութեան փոփոխութիւններու այն նախագիծը, որ քննարկման դրուած է, չի բխիր Հայաստանի քաղաքացիներու կեանքի բարելաւման եւ Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխանութեան, ժողովրդավարութեան ապահովման եւ զարգացման, իշխանութիւններու  տարանջատման, քաղաքացիի իրաւունքներու պաշտպանութեան, քաղաքական եւ տնտեսական ազատ մրցակցութեան ապահովման սկզբունքներու օգտագործման մեկնակէտէն:

Անդրադառնալով կայուն խորհրդարանական մեծամասնութեան եւ Ազգային Ժողովի ընտրութիւններու երկրորդ հանգրուանի կատարման մասին դրոյթներուն` ընդդիմադիր կուսակցութիւնը նշած է, որ անոնք ժողովրդավարութեան հիմնարար սկզբունքներու կոպիտ խախտում են, որովհետեւ քաղաքացին իր ընտրական իրաւունքի օգտագործման  միջոցով պէտք է կարելիութիւն ունենայ համաչափ ազդեցութիւն ունենալ իշխանութեան ձեւաւորման եւ քաղաքական որոշումներու կայացման վրայ:

 

 

 

Նախորդը

Արցախի Նախագահը Այցելած Է Հիւսիսային Զօրամասեր

Յաջորդը

ՀՅԴ-ի Ներկայացուցիչները Հանդիպում Ունեցան Նախագահ Սերժ Սարգսեանին Հետ

RelatedPosts

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Վերջ Տուէք Հայաստանի  Կեանքէն Ներս Ստեղծուած Վատառողջ  Մթնոլորտին, Ամօ՛թ Է»
Գլխաւոր լուրեր

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Վերջ Տուէք Հայաստանի Կեանքէն Ներս Ստեղծուած Վատառողջ Մթնոլորտին, Ամօ՛թ Է»

Յուլիս 9, 2025
Արթուր Սարգսեան Զրկուեցաւ  Անձեռնմխելիութենէ.  Օհանեանի Եւ Մինասեանի Նկատմամբ  Մեղադրանք Առաջադրուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Արթուր Սարգսեան Զրկուեցաւ Անձեռնմխելիութենէ. Օհանեանի Եւ Մինասեանի Նկատմամբ Մեղադրանք Առաջադրուեցաւ

Յուլիս 9, 2025
Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը  Խոր Մտահոգութիւն Յայտնեց Հայաստանի Մէջ  Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Առնչուած Վերջին  Իրադարձութիւններուն Վերաբերեալ
Գլխաւոր լուրեր

Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը Խոր Մտահոգութիւն Յայտնեց Հայաստանի Մէջ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Առնչուած Վերջին Իրադարձութիւններուն Վերաբերեալ

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?