Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Հաշուետուութեան Պիտի Կանչենք» Եւ «Հոտերնիդ Ելաւ» Արշաւները Պատրաստակամութիւն Կը Յայտնեն Ցոյցը Շարունակելու

Օգոստոս 27, 2015
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
mrouwwe_8-26-15
Այման Մրուէ

«Հաշուետուութեան պիտի կանչենք» արշաւին անունով Այման Մրուէ Ռիատ Սոլհ հրապարակին վրայ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին շեշտեց, որ իրենք ապահովութեան ուժերուն դէմ դատական հարց պիտի յարուցեն, եթէ իրենց անդամները ազատ չարձակուին:

Մրուէ շեշտեց, որ լիբանանեան վարչակազմը փաստած է, որ ինք կը սարսափի ժողովրդային այս շարժումէն` ըլլայ ան խաղաղ թէ մագլցողական քայլեր արձանագրող շարժում:

Մրուէ կոչ ուղղեց բոլորին միանալու երեկոյեան ժամը 6:00-ին Ռիատ Սոլհի վրայ տեղի ունենալիք նստացոյցին, որմէ ետք ցուցարարները պիտի ուղղուին Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի հիւանդանոց, ուր ցոյցերու ընթացքին ծանրօրէն վիրաւորուած ուսանող Մոհամետ Քասիր բժշկական խնամք կը ստանայ:

Յայտնենք, որ «Հաշուետուութեան պիտի կանչենք» արշաւի անդամները մամլոյ ասուլիսէն ետք Հըլու ոստիկանատան դիմաց իրենց կատարած նստացոյցին ընթացքին շեշտեցին, որ իրենց խոստացուած է ձերբակալուած ցուցարարները ազատ արձակել երեկոյեան ժամը 5:00-ին:

«Եթէ մեր ընկերները ազատ չարձակուին, ապա մենք ճնշում բանեցնելու միջոցներու պիտի դիմենք», նշեցին անոնք:

Երեկոյեան ժամը 5:00-ին, ձերբակալուած ցուցարարներուն մեծ մասը ազատ արձակուեցաւ:

Մինչ երեկոյեան ժամը 6:00-ին քաղաքացիները կ՛ուղղուէին Ռիատ Սոլհ հրապարակ, ներքին ապահովութեան ուժերը վերահաստատեցին, որ իրենք կը յարգեն ցոյց կատարելու քաղաքացիներուն  իրաւունքը:

Միւս կողմէ, Մոհամետ Քասիրի ընտանիքը շնորհակալութիւն յայտնեց իրենց զաւկին նկատմամբ ցուցաբերուած զօրակցութեան համար` հաստատելով սակայն, որ իրենք ոչ մէկ կապ ունին «Հոտերնիդ ելաւ» կամ որեւէ այլ արշաւի կամ շարժումի հետ եւ կը փափաքին լրատուամիջոցներէն իրենց զաւկին լուրերը շրջանառութենէ վերցնել:

Ռիատ Սոլհ հրապարակին վրայ համախմբուած ցուցարարները ուղղուեցան դէպի Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի հիւանդանոց, ուր անոնք զօրակցութիւն յայտնեցին Մոհամետ Քասիրի եւ անոր ընտանիքին, որ իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնեց ցուցարարներուն եւ բոլորէն խնդրեց աղօթել իր զաւկին առողջութեան համար:

«Հաշուետուութեան պիտի կանչենք» արշաւի անդամները հաստատեցին, որ իրենք պիտի վերադառնան Ռիատ Սոլհ, ուր պիտի շարունակեն իրենց ցոյցը:

«Հոտերնիդ ելաւ» արշաւը երեկոյեան շուրջ ժամը 9:00-ին, Ռիատ Սոլհ հրապարակին վրայ մոմավառութիւն կազմակերպեց` ցոյցերուն ընթացքին վիրաւորուած բոլոր քաղաքացիներուն համար:

«Հոտերնիդ ելաւ» արշաւը կոչ ուղղեց բոլորին մասնակցելու շաբաթ երեկոյեան ժամը 6:00-ին կատարուելիք ցոյցին:

Սամիր Համմուտ. «Ապահովութեան Ուժերը
Իսկական Փամփուշտներով Չեն Կրակած»

Ռիատ Սոլհ հրապարակին վրայ ապահովութեան ուժերուն եւ ցուցարարներուն միջեւ արձանագրուած շաբաթավերջի բախումներուն մասին բացուած հետաքննութեան արդիւնքներուն մասին խօսելով` ընդհանուր դատախազ Սամիր Համմուտ յայտնեց, որ իսկական փամփուշտով ոչ ոք վիրաւորուած է` աւելցնելով, որ բոլոր վիրաւորները ձգախէժէ կապարներ ստացած են:

Անդրադառնալով ծանրօրէն վիրաւորուած Մոհամետ Քասիրի պարագային` դատախազ Համմուտ շեշտեց, որ դատական իշխանութիւնները ճշդած են երկրորդ բժիշկ մը, որպէսզի հետեւի անոր առողջական վիճակին եւ իմանայ, թէ ի՛նչ հարուած ստացած է ան իր գլուխէն:

Ընդհանուր դատախազը ընդգծեց, որ հետաքննութիւնը պիտի շարունակուի, մինչեւ որ կարելի ըլլայ պատժել բոլոր յանցագործները, ինչպէս նաեւ ազատ արձակել խաղաղ կերպով իրենց կեցուածքը արտայայտող ցուցարարները:

Միւս կողմէ, ցուցարարներուն եւ սադրիչներուն միջեւ զանազանելու առումով կատարուած հետաքննութեան իբրեւ արդիւնք ի յայտ եկաւ, որ անոնց միջեւ կը գտնուին նաեւ ոչ լիբանանցիներ, ինչպէս` սուրիացիներ, պաղեստինցիներ եւ սուտանցիներ, որոնք հարցաքննութեան պիտի ենթարկուին իրենց գործած խուլիկանութիւններուն համար:

ՆՇԵՆՔ, որ Պէյրութի կացութեան ակնարկելով` օտար պետութիւններ շարունակեցին իրենց կեցուածքները արձանագրել: Այդ շրջագիծին մէջ, Լիբանանի մէջ ֆրանսական դեսպանատունը զգուշացուց իր քաղաքացիները Պէյրութի մէջ ցոյցերուն ընթացքին այդ շրջաններուն մօտիկ վայրերու մէջ գտնուելէ` նկատի ունենալով Կեդրոնական Պէյրութի մէջ վերջին քանի մը օրերուն արձանագրուած դէպքերը:

Իր կարգին, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու արտաքին գործոց նախարարութիւնը զգուշացուց իր քաղաքացիները Լիբանան ուղղուելէ` նկատի ունենալով հոն տիրող ապահովական իրադարձութիւնները:

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մուրտիա Աֆխամ յոյս յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ ազգային միասնականութիւնը ամրապնդուի եւ կարելի ըլլայ անոր ընդմէջէն երկրին քաղաքական տագնապին լուծում գտնել:

Աֆխամ նշեց, որ նախագահական ընտրութեան հարցը ներքին լիբանանեան խնդիր է` աւելցնելով, որ լիբանանցի պետական եւ քաղաքական պատասխանատուները պէտք է ամէն ջանք ի գործ դնեն դուրս գալու համար այս տագնապէն` երկրին ապահովական կայունութեան, խաղաղութեան եւ ազգային միասնականութեան պահպանումին ի խնդիր:

 

Նախորդը

Պըրրի Խստիւ Մերժեց Ամալ Շարժումին Ուղղուած Ամբաստանութիւնները` Կեդրոնական Պէյրութի Խուլիկանութիւնները Գործելու Առումով

Յաջորդը

Վանի Ս. Գէորգ Հայկական Վանքը Կը Սպասէ Վերանորոգման

RelatedPosts

Օրթէյկըս Հանդիպումներ Ունեցաւ Աունի,  Պըրրիի Եւ Սալամի Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Օրթէյկըս Հանդիպումներ Ունեցաւ Աունի, Պըրրիի Եւ Սալամի Հետ

Հոկտեմբեր 29, 2025
Նախագահ Աուն Ընդունեց Արաբական  Լիկայի Ընդհանուր Քարտուղարը
Լիբանանեան

Նախագահ Աուն Ընդունեց Արաբական Լիկայի Ընդհանուր Քարտուղարը

Հոկտեմբեր 29, 2025
Խորհրդարանը Նիստ Չգումարեց  Օրինաթիւի Չգոյացման Պատճառով
Լիբանանեան

Խորհրդարանը Նիստ Չգումարեց Օրինաթիւի Չգոյացման Պատճառով

Հոկտեմբեր 29, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?