Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռիատ Սոլհի Նստացոյցն Ու Խուլիկանութիւնները Շարունակուեցան

Օգոստոս 26, 2015
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

riad_solh_8-25-15

Ռիատ Սոլհ հրապարակը վարչապետարանէն բաժնելու նպատակով հիւսուած պատը 24 ժամ ետք քանդուեցաւ, երբ առաւօտեան վարչապետ Թամմամ Սալամ հրահանգեց անմիջապէս վերջ տալ այդ պատին դրութեան եւ վերցնել զետեղուած հսկայ քարի կտորները:

Միւս կողմէ, մեծ թիւով ուսանողներ եւ երիտասարդներ շարունակեցին մնալ Ռիատ Սոլհ հրապարակին վրայ եւ պահանջել կառավարութեան հրաժարականն ու երկրին վարչակարգին փոփոխութիւնը:

Riyad-Solh-2_8-25-15

Երեկոյեան ժամը 6:00-ին «Հաշուետուութեան պիտի կանչենք» արշաւի հետեւորդները սկսան ուղղուիլ Ռիատ Սոլհ հրապարակ` դարձեալ իրենց մասնակցութիւնը բերելու յայտարարուած նստացոյցին:

Երեկոյեան ժամը 8:30-ին Ռիատ Սոլհ հրապարակին վրայ տեղի ունեցող ցոյցին ընթացքին սադրիչներ փորձեցին իւրացնել ոստիկանի մը մոթորսիքլեթը` զայն հրկիզելու նպատակով, ապա անոնք մոլոթով տիպի ռումբերով թիրախ դարձուցին ապահովութեան ուժերը, ինչպէս նաեւ քարկոծեցին զանոնք:

Ապահովութեան ուժերը իրենց կարգին արցունքաբեր կազերով եւ ջրցան մեքենաներով փորձեցին ցրուել հրապարակին վրայ գտնուող սադրիչները, որոնք ուշ գիշերին շարունակեցին իրենց խուլիկանութիւնները եւ քանդեցին Կեդրոնական Պէյրութի մէջ գտնուող վաճառատուներուն ցուցափեղկերը:

Գիշերուան ժամը 11:00-ին, ներքին ապահովութեան ուժերը յաջողեցան խուլիկանները հեռացնել Ռիատ Սոլհ հրապարակէն:

Ցոյցին առումով, ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք հաստատեց, որ ինք արտօնած է շարունակել ցոյցը, այնքան ատեն որ անիկա խաղաղ ցոյց է եւ օրէնքի սահմաններուն մէջ կը գտնուի:

Ան հերքեց իրեն վերագրուող յայտարարութիւնը, թէ ինք արգիլած է Կեդրոնական Պէյրութի մէջ ցոյցը եւ իբրեւ այլընտրանք առաջարկած «Քամիլ Շամուն»-ի անուան մարզական աւանին մէջ կատարել զայն:

Միւս կողմէ, աղբերու նուազուրդին հարցով քաղաքական որոշ կողմեր, ինչպէս նաեւ նուազուրդին մասնակցող ընկերութիւններ երէկ արձանագրեցին շարք մը կեցուածքներ, որոնց կ՛անդրադառնանք հետեւեալ շարքով.

Հըզպալլայի կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան մը համաձայն, աղբերու տագնապը Լիբանանի մէջ տարածուած փտածութեան մէկ դէմքն է: «Սակայն անիկա տագնապի կրնար չվերածուիլ, եթէ 1997-էն ի վեր ռազմավարական ծրագիր մը մշակուէր», նշուեցաւ հաղորդագրութեան մէջ:

Հըզպալլայի հաղորդագրութեան մէջ նաեւ նշուեցաւ, որ իրենք կը մաղթէին, որ աղբերու տագնապին դրական լուծում մը գտնուէր, սակայն ցաւ ի սիրտ շշմած են նուազուրդին արդիւնքներով, որոնք կը պարունակեն գայթակղեցուցիչ գումարներ:

Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ շեշտեց, որ աղբերու հարցը լուծելու նպատակով զանազան ընկերութիւններուն միջեւ կատարուած նուազուրդն ու անոր արդիւնքներուն չեղեալ նկատուիլը` կառավարութեան կողմէ, ցուցանիշներ են, թէ այդ հարցը լուծելու բաւարար պատասխանատուութիւն գոյութիւն չունի:

Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ շեշտեց, որ ինք ոչ մէկ կապ ունի աղբերու դասաւորումին վերաբերող նուազուրդին հետ` աւելցնելով, որ իր անունը այդ թղթածրարին դիտումնաւոր կերպով կապելը կը միտի լիբանանեան հանրութեան մօտ իր պատկերը աղաւաղել:

Մուսթաքպալ երեսփոխանական պլոքը հաստատեց կառավարութեան իր զօրակցութիւնը եւ անկէ պահանջեց շարունակել որոշումներու որդեգրումը` ողջունելով վարչապետ Թամմամ Սալամի կեցուածքները:

Օտար Երկիրներ Կը Զգուշացնեն Լիբանանի
Ապահովական Կայունութիւնը Վտանգի Ենթարկելէ

Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը կոչ ուղղեց իր քաղաքացիներուն Լիբանան չայցելելու` նկատի ունենալով երկրին ապահովական կացութիւնը:

Միւս կողմէ, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ճոն Քըրպի մտահոգութիւն յայտնեց Լիբանանի մէջ տիրող կացութեան առումով:

Ան շեշտեց, որ Ուաշինկթըն կը զօրակցի երկրին քաղաքական համախոհութիւնը պահպանելու առումով վարչապետ Թամմամ Սալամի ջանքերուն:

Քըրպի կոչ ուղղեց Պէյրութի մէջ արձանագրուած դէպքերուն մասին հետաքննութիւն բանալու եւ յանցագործները պատժելու:

Ան լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերուն ինքնազսպումի ենթարկուելու խորհուրդ տուաւ:

Իր կարգին, Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան միջինարեւելեան հարցերու խորհրդատու Թոպիաս Էլվուտ մտահոգութիւն յայտնեց Պէյրութի մէջ արձանագրուող բռնութիւններուն եւ ցոյցերուն առումով եւ անհրաժեշտ նկատեց այդ մասին հետաքննութիւն բանալ:

Էլվուտ հաստատեց, որ վարչապետ Թամմամ Սալամի համաձայն է այն իմաստով, որ քաղաքացիները խաղաղ ցոյցի իրաւունք ունին:

Ան կարեւոր նկատեց յանցագործները պատժելը եւ ողջունեց Սալամի` քաղաքական համախոհութիւն գոյացնելու ճիգերը:

Էլվուտ յորդորեց լիբանանեան քաղաքական ուժերը վերջ տալու իրենց տարակարծութիւններուն եւ երկրին մէջ տիրող ներկայ քաղաքական տագնապին լուծում մը գտնելու:

 

 

Նախորդը

Պըրրի – Ատուան Հանդիպում

Յաջորդը

Կառավարութիւնը Ջնջեց Աղբերու Հարցին Լուծման Կապուած Նուազուրդը

RelatedPosts

‎ԿՈՉ
Գաղութային

ԿՈՉ

Մայիս 17, 2025
Լիբանանի Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական  Ընտրութիւններ-2025
Գաղութային

Վաղը` Պէյրութի Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւնները

Մայիս 17, 2025
Բագրատունի. «Շրջանին Մէջ Ընդհանուր  Հանդարտութիւնը Նաեւ Հայերուն Համար Անհրաժեշտ Է,  Որպէսզի Մենք Ալ Կարենանք Վերագտնել Մեր Ուժերը»
Գաղութային

Բագրատունի. «Շրջանին Մէջ Ընդհանուր Հանդարտութիւնը Նաեւ Հայերուն Համար Անհրաժեշտ Է, Որպէսզի Մենք Ալ Կարենանք Վերագտնել Մեր Ուժերը»

Մայիս 17, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?