Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Աշոտ Բեկորի Յիշատակի Ոգեկոչում

Օգոստոս 26, 2015
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ashod_8-25-15

24 օգոստոս 1991-ին Դրմբոն գիւղի ազատագրութեան համար մղուած մարտին ընթացքին հերոսի մահով նահատակուեցաւ ՀՅԴ-ի գաղափարի նուիրեալներէն մէկը` Աշոտ Ղուլեան:

Նոյն օրը Ստեփանակերտի իր անունը կրող պուրակին մէջ համախմբուած էին Բեկորի մարտական, կուսակցական ընկերները, ընտանիքի անդամները, հարազատները: Եկած էին յարգանքի տուրք մատուցելու, ծաղիկներ զետեղելու անոր յուշարձանին առջեւ, կրկին ու կրկին յիշելու Աշոտ Բեկոր անունը կրող հայուն հերոսական կենսագրութիւնը:

ashod1Է8-25-15

Ազգային ժողովի փոխնախագահ, ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Վահրամ Բալայեան այս առիթով արտասանած իր խօսքին մէջ նշած է, որ Աշոտ Բեկորին ծանօթացած է ազատագրական շարժման ամէնէն թէժ շրջանին եւ, ցաւօք, անոր հետ կապը կարճ ժամանակի համար եղած է:

«Կարճ ժամանաշրջանի մը մէջ ես առիթը ունեցայ պատկերացում կազմելու Աշոտ Բեկոր հերոսի մասին, բացայայտելու անոր պարզ նկարագիրը, որ ազատագրական շարժումին ընթացքին դրսեւորեց տաղանդաւոր ռազմիկ եւ հրամանատար ըլլալու հանգամանքը», նշած է Վ. Բալայեան` աւելցնելով. «Աշոտը այն նուիրեալներէն մէկը եղած է, որ  իր վրայ վերցուցած է ազգին ծանր բեռը, տարած եւ հասցուցած  յաղթական վերջնակէտի»:

Անոր մարտական ընկերը, ինքնապաշտպանութեան ուժերու առաջին հրամանատար Արկադի Կարապետեան Բեկորը նկատած է ազգային իսկական հերոս` հաստատելով, որ անոնք ո՛չ միայն մարտընկերներ էին, այլ նաեւ մտերիմ ընկերներ®

«Բեկորը օժտուած եղած է բոլոր այն մարդկային որակներով, որոնցմով  պէտք է օժտուած ըլլայ մարդը, որպէսզի կարենայ իր ուսերուն վրայ տանիլ արցախեան հերոսամարտը` սկսած ընդյատակեայ պայքարէն մինչեւ հերոսական մահ® ինծի համար ցաւալի է, որ այսօր շատ չի խօսուիր Աշոտ Բեկորի նման հերոսներու եւ անոնց կատարած սխրանքներուն մասին®», դիտել տուած է Ա. Կարապետեան:

Բեկորին անունը կրող պուրակ այցելած են նաեւ Բեկորի վաշտի տղաքը, որոնք` խօսելով Աշոտ Ղուլեանի մասին, դիտել տուած են, որ ան իրենց համար ոչ միայն հրամանատար էր, այլ նաեւ ընկեր եւ եղբայր:

«Երբ ան մեզի հետ էր, մեզի համար ահ ու վախ չկար: Ան միշտ յառաջատար դիրքերու վրայ էր, մենք` անոր ետեւը®», յայտնած են մարտական ընկերները:

 

 

 

Նախորդը

«Ցեղասպանութիւնները Պէտք Է Ոչ Միայն Ճանչցուին, Այլ Նաեւ Անոնց Ժխտումը Պէտք Է Պատժուի» Կ՛ըսէ Ֆիերշթէյն

Յաջորդը

Ազրպէյճանական Կողմը Օգտագործած Է Թրքական Զինատեսակներ

RelatedPosts

Ակնարկ.  Կարմիր Գիծէն Անցում Դէպի Մտահոգութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Կարմիր Գիծէն Անցում Դէպի Մտահոգութիւն

Հոկտեմբեր 25, 2025
«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս
Գլխաւոր լուրեր

«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս

Հոկտեմբեր 25, 2025
«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Եւրոպական Միութեան Դեսպան Վասիլիս Մարակոսի Հետ Հանդիպում Ունեցան
Գլխաւոր լուրեր

«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Եւրոպական Միութեան Դեսպան Վասիլիս Մարակոսի Հետ Հանդիպում Ունեցան

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?