Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանցիները Այսօր Ցոյցի Մը Ընդմէջէն Պիտի Բողոքեն Աղբի Տագնապին Դէմ

Օգոստոս 29, 2015
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
1
Share on FacebookShare on Twitter
Լուսանկարը՝ Սագօ Պեքարեանի
Լուսանկարը՝ Սագօ Պեքարեանի

«Հոտերնիդ ելաւ» արշաւը այսօր երեկոյեան ժամը 6:00-ին Նահատակաց հրապարակին վրայ պիտի կատարէ ցոյց մը, իսկ արշաւին անդամները երէկ երեկոյեան Նահատակաց հրապարակին վրայ լարեցին վրաններ:

«Հոտերնիդ ելաւ» արշաւի պատասխանատու Ասաատ Զըպիան մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին հաստատեց, որ իրենք այսօր պիտի իջնեն փողոց հիմնական չորս պահանջներով, որոնք են. ա) Պատժել անցեալ շաբաթ երեկոյեան անզէն քաղաքացիները խոշտանգած եւ անոնց դէմ բիրտ ուժ գործադրած ապահովութեան ուժերը, բ) կենսոլորտի նախարար Մոհամետ Մաշնուքի հրաժարականը` նկատի ունենալով աղբի տագնապին լուծման առումով անոր անկարողութիւնը, գ) Քաղաքապետարաններուն հանդէպ կառավարութեան նիւթական պարտաւորութիւններու ամբողջացումը եւ դ) երեսփոխանական ընտրութիւններու կայացումը:

Իր կարգին, «Հաշուետուութեան պիտի կանչենք» արշաւը երէկ երեկոյեան Ռիատ Սոլհ հրապարակին վրայ համախմբեց իր անդամները, որոնք ուղղուեցան դէպի ներքին գործոց նախարարութիւն, ուր ապահովական խիստ միջոցառումներ որդեգրուեցան ներքին ապահովութեան ուժերուն կողմէ:

«Հաշուետուութեան պիտի կանչենք» արշաւը բողոքի իր ցոյցը կատարեց ներքին գործոց նախարարութեան կեդրոնատեղիին դիմաց:

Այսօրուան ցոյցին անդրադառնալով` Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ղասսան Մուխայպեր վարչապետ Թամմամ Սալամի, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուքի յղեց նամակներ` պահանջելով ցուցարարներուն պաշտպանութիւնը:

Միւս կողմէ, Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ գնահատեց քաղաքացիական ընկերութեան կեցուածքը այն առումով, որ անոնք կը փափաքին, որ պետութիւնը աղբերու տագնապին լուծում մը գտնէ, եւ իրենց հիմնական նպատակը կառավարութեան տապալումը չէ:

Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի կոչ ուղղեց բանակին կազմ ու պատրաստ ըլլալու ներքին լիբանանեան ապահովական կայունութիւնը պաշտպանելու առումով:

Ան շեշտեց, որ Պէյրութի մէջ կատարուածը բանակին ուշադրութիւնը պիտի չշեղէ երկրին սահմանները պահպանելու առաջնահերթութենէն:

Զօր. Քահուաժի շեշտեց, որ բանակը պիտի պահպանէ Պէյրութի ցուցարարներուն անվտանգութիւնը` առանց արտօնելու սակայն, որ օրինազանցներ այդ ցոյցերը վերածեն քաոսի եւ խուլիկանութեան:

«Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը սրբութիւն մըն է, որ պէտք չէ պղծուի. անիկա երկրին բարեկարգումին եւ բարգաւաճման առաջնորդող մայր դուռն է», ըսաւ զօր. Քահուաժի:

ՆՇԵՆՔ, որ Նաամէի քաղաքապետարանը երէկ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին հաստատեց, որ իրենք կը մերժեն Նաամէի աղբանոցը վերաբանալ, նոյնիսկ եթէ անիկա մէկ ժամուան համար ըլլայ:

Քաղաքապետական աղբիւրներ հաստատեցին, որ Նաամէի բնակիչները ամբողջութեամբ կը զօրակցին եւ պատրաստ են նեցուկ կանգնելու քաղաքապետութեան` այս որոշումին առումով:

Նախորդը

Վարչապետ Սալամ Տաւութօղլուի Օժանդակութիւնը Կը Խնդրէ

Յաջորդը

3×3 Պասքեթպոլ. Հայաստան 15-րդ` Եւրոպայի Դասաւորման Մէջ

RelatedPosts

Պէյրութի, Պեքայի Եւ Պաալպեք-Հերմելի Մէջ  Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Պէյրութի, Պեքայի Եւ Պաալպեք-Հերմելի Մէջ Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններ

Մայիս 19, 2025
Պալապանեան. «ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի  Շաղզոյեան Կեդրոնի Մէջ Ժողովներու Ճամբով  Պէյրութի Մէջ Քրիստոնեայ Ուժերը Համախմբելու Նախաձեռնութիւնը Յաջողութեամբ Պսակուեցաւ»
Գլխաւոր լուրեր

Պալապանեան. «ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Շաղզոյեան Կեդրոնի Մէջ Ժողովներու Ճամբով Պէյրութի Մէջ Քրիստոնեայ Ուժերը Համախմբելու Նախաձեռնութիւնը Յաջողութեամբ Պսակուեցաւ»

Մայիս 19, 2025
Բագրատունի. «Պէյրութը Համախոհութեան Եւ Բոլորին Մասնակցութեան Քաղաքն Է, Ուստի Բոլորը Պէտք Է Զգան, Որ Ան Իրենցն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի. «Պէյրութը Համախոհութեան Եւ Բոլորին Մասնակցութեան Քաղաքն Է, Ուստի Բոլորը Պէտք Է Զգան, Որ Ան Իրենցն Է»

Մայիս 19, 2025

Comments 1

  1. varoujan says:
    10 years ago

    Amot lipanani. ir tshnaminer-e hima ourakh en te amarva ays karsheli dakin aysbisi anbidanoutyoun me sarkavorvadz e yergrin tem.sa gankhamdadzvadz vodjir e yergrin tem, hedin kaghakagan nbadagnerov..

    Reply

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?