Գլխաւոր լուրեր

«Ասպետ» Ռազմամարզական Ճամբարին Մասնակցելու Նպատակով`   Լիբանանահայ 16 Աշակերտներ Ուղղուեցան Լեռնային Ղարաբաղ

«Ասպետ» Ռազմամարզական Ճամբարին Մասնակցելու Նպատակով` Լիբանանահայ 16 Աշակերտներ Ուղղուեցան Լեռնային Ղարաբաղ

Կազմակերպութեամբ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան կրթութեան նախարարութեան եւ համագործակցութեամբ «Արցախ ֆոնտ»-ին, լիբանանահայ 16 աշակերտներ երէկ երեկոյեան ուղղուեցան Լեռնային Ղարաբաղ` մասնակցելու համար «Ասպետ» ռազմամարզական ճամբարին: Լիբանանահայ գաղութին համար արդէն իսկ աւանդութիւն դարձած մարզահայրենասիրական այս ճամբարին ընթացքին լիբանանահայ աւարտական դասարաններու աշակերտները առիթը պիտի ունենան յարաբերելու իրենց տարեկից արցախցիներու հետ, հետեւելու դաստիարակչական ծրագիրի մը, մասնակցելու զանազան ձեռնարկներու, ծանօթանալու Արցախի պատմական ու մշակութային արժէքներուն, այցելելու...

Այսօր Պիտի Սկսի Համազգայինի 21-րդ Ուսանողական Հաւաքը (Ֆորում)

Այսօր Պիտի Սկսի Համազգայինի 21-րդ Ուսանողական Հաւաքը (Ֆորում)

Այսօր` շաբաթ, 11 յուլիսին Երեւանի մէջ պիտի սկսի Համազգայինի 21-րդ ուսանողական հաւաքը (ֆորում), որ աւելի քան երկու տասնամեակէ ի վեր կը շարունակէ իր առաքելութիւնը` աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ ուսանող հայ համալսարանականներուն համար ըլլալ համախմբման իւրայատուկ առիթ, կամրջում ստեղծել անոնց միջեւ, ազգային արմատներուն ու մշակութային ժառանգութեան հաղորդակից դարձնել: Այս հաւաքը նաեւ առիթ կ՛ըլլայ միտքերու փոխանակումներու, քննարկումներու, աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ ապրող...

«Բողոքի Շարժումը Անհրաժեշտ Է Դիտել Իբրեւ Սահմանադրութեամբ Նուիրականացած Ժողովրդավարական Արտայայտութեան Միջոց»,  «Ազդակ»-ին Ըսաւ Երեսփոխան  Յակոբ Բագրատունի

«Բողոքի Շարժումը Անհրաժեշտ Է Դիտել Իբրեւ Սահմանադրութեամբ Նուիրականացած Ժողովրդավարական Արտայայտութեան Միջոց», «Ազդակ»-ին Ըսաւ Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի

Վերջին օրերուն Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան նախաձեռնած բողոքի շարժումին լոյսին տակ, «Ազդակ» դիմեց ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիին, որ ստեղծուած կացութեան վերաբերեալ կատարեց հետեւեալ յայտարարութիւնը: Այն ինչ որ կատարուեցաւ վերջին երկու օրերուն Ազգային ազատ հոսանքի երիտասարդութեան կողմէ, անհրաժեշտ է դիտել իր պարունակին մէջ, առարկայական կերպով, առանց յաւելեալ եւ թիւր մեկնաբանութիւններ տալու: Առաջին` պատահածը կառավարութեան նիստէն առաջ եւ...

Ժողովրդային Ճնշումի Մթնոլորտի Մէջ Վարչապետ Սալամ Խոստացաւ Կառավարութեան Որոշումները Համախոհութեամբ Որդեգրել,  Զօր. Աուն. «Մեր Բոլոր Իրաւունքներուն Պիտի Տիրանանք, Եւ Ասիկա Միայն Սկիզբն Է»

Ժողովրդային Ճնշումի Մթնոլորտի Մէջ Վարչապետ Սալամ Խոստացաւ Կառավարութեան Որոշումները Համախոհութեամբ Որդեգրել, Զօր. Աուն. «Մեր Բոլոր Իրաւունքներուն Պիտի Տիրանանք, Եւ Ասիկա Միայն Սկիզբն Է»

Երէկ առաւօտեան տեղի ունեցած կառավարութեան նիստէն շուրջ ժամ մը առաջ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան երիտասարդական թեւն ու համակիրները Մեթնի, Ժունիէի, Ժիպէյլի, Պաթրունի եւ այլ շրջաններու մէջ հաւաքուեցան իրենց ակումբներուն մէջ եւ շեշտեցին, որ կառավարութեան կողմէ տրուելիք որեւէ որոշումի պարագային իրենք պատրաստ են սառեցնելու ամբողջ երկիրը եւ բաց նստացոյց սկսելու, մինչեւ որ կառավարութիւնը անսայ իրենց պահանջներուն: Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան...

Երեւանի Մէջ Սկիզբ Առած Է «Ցեղասպանագէտներու Միջազգային Ընկերակցութեան» 12-րդ Գիտաժողովը

Երեւանի Մէջ Սկիզբ Առած Է «Ցեղասպանագէտներու Միջազգային Ընկերակցութեան» 12-րդ Գիտաժողովը

«Ցեղասպանագէտներու միջազգային ընկերակցութեան» 12-րդ գիտաժողովը սկսած է Հայաստանի մէջ: Գիտաժողովը նուիրուած է Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ եւ Համաշխարհային Բ. պատերազմին ու Ողջակիզումի 70-րդ տարելիցներուն: Բացումին ներկայ եղած է Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան: «20-րդ դարու ցեղասպանութիւնների համեմատական վերլուծութիւն» խորագիրը կրող համաժողովը պիտի շարունակուի մինչեւ 12 յուլիս: Այս տարի «Ցեղասպանագէտներու միջազգային ընկերակցութեան» 12-րդ համաժողովին կը մասնակցին ցեղասպանագիտութեան եւ յարակից մարզերուն մէջ շուրջ...

Նախագահ Սահակեան Խօսք Առաւ «Չեթըմ Հաուս»-ի Եւ Բրիտանիոյ Խորհրդարանին Մէջ

Նախագահ Սահակեան Խօսք Առաւ «Չեթըմ Հաուս»-ի Եւ Բրիտանիոյ Խորհրդարանին Մէջ

  Լոնտոն գտնուող Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան նախանցեալ օր այցելեց Միջազգային յարաբերութիւններու թագաւորական հիմնարկ` «Չեթըմ Հաուս» եւ խօսք մը արտասանեց: Սահակեան անդրադարձաւ Ղարաբաղի պետականաշինութեան, ներքին եւ արտաքին քաղաքականութեան, ազրպէյճանական - ղարաբաղեան տագնապի լուծման եւ շրջանային հոլովոյթներուն, պատասխանեց հարցումներուն: Նախագահ Բակօ Սահակեան նշեց, որ Ղարաբաղին հոգեհարազատ է «Չեթըմ Հաուս»- ի կարգախօսը` «Օգնել` կառուցելու անվտանգ, բարեկեցիկ եւ արդար աշխարհ»: «Այս...

«1915-ին Հայ Ժողովուրդին Եւ Քրիստոնեայ Համայնքներուն Դէմ Օսմանեան Կառավարութեան Կողմէ Կատարուածը Միայն Ցեղասպանութիւն Բառով Կարելի Է Բնորոշել»          Յայտարարեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

«1915-ին Հայ Ժողովուրդին Եւ Քրիստոնեայ Համայնքներուն Դէմ Օսմանեան Կառավարութեան Կողմէ Կատարուածը Միայն Ցեղասպանութիւն Բառով Կարելի Է Բնորոշել» Յայտարարեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

Անցնող երեք օրերուն վրայ տարածուած միջազգային համագումար մը տեղի ունեցաւ Լիբանանի Քասլիքի համալսարանին մէջ` նուիրուած յատկապէս Ասորիներու ցեղասպանութեան: Աւելի քան հարիւր հոգիներու մասնակցութեամբ տեղի ունեցած համագումարը կազմակերպուած էր ասորի ուղղափառ եւ ասորի կաթողիկէ պատրիարքութեանց կողմէ: Համագումարի բացման նիստին ներկայ գտնուեցան վեց հոգեւոր պետեր եւ զանազան եկեղեցիներու ներկայացուցիչներ: Հոգեւոր պետերու շարքին խօսք առաւ նաեւ Արամ Ա. կաթողիկոս: Վեհափառ հայրապետը իր խօսքը...

Ակնարկ.  Իրաւական Պահանջատիրութեան Առաջին Քայլերը

Ակնարկ. Իրաւական Պահանջատիրութեան Առաջին Քայլերը

Անթիլիասի մէջ օրեր առաջ տեղի ունեցած դասախօսական երեկոներն ու մամլոյ ասուլիսը ծառայեցին Սիսի կաթողիկոսարանի վերադարձի պահանջով Թուրքիոյ Սահմանադրական դատարանին մօտ յարուցուած դատին հիմնական իրաւական ուղիները ըմբռնելու: Այսպէս. երկու թուրք անձնաւորութիւններու ներգրաւուածութիւնը այս հարցին` արխիւային եւ իրաւական խնդիրներու համակարգման անհրաժեշտութիւն կ՛ընդգծէ: Օսմանեան արխիւներու մասնագէտ Թաներ Աքչամը եւ Թուրքիոյ ու ընդհանրապէս միջազգային օրէնսգէտ Ճեմ Սոֆուօղլուն իրենց ուսումնասիրութիւններուն արդիւնքները կը փոխանակեն հիմնահարցին թէ՛...

Նախագահ Սարգսեան  Ընդունեց Զալպերը

Նախագահ Սարգսեան Ընդունեց Զալպերը

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունեց Հարաւային Կովկասի եւ Վրաստանի ճգնաժամի հարցերով Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչ Հերպերթ Զալպերը: Զրուցակիցները քննարկեցին շրջանի անվտանգութեան եւ կայունութեան, ղարաբաղեան հիմնախնդիրի խաղաղ լուծման բանակցային հոլովոյթի ներկայ հանգրուանին, առկայ խնդիրներուն եւ լուծման հոլովոյթը յառաջ մղելու ուղղութեամբ հետագայ կարելի ջանքերուն, ինչպէս նաեւ Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն համագործակցութեան զարգացման վերաբերող հարցեր: Հանրապետութեան նախագահը անգամ մը  եւս  ընդգծեց, որ Հայաստան...

Ընկերվար Միջազգայնականը Քայլերու Պիտի Ձեռնարկէ Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչման Համար

Ընկերվար Միջազգայնականը Քայլերու Պիտի Ձեռնարկէ Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչման Համար

Ընկերվար միջազգայնականի խորհուրդը Նիւ Եորքի մէջ գումարած իր նիստին ընթացքին որոշած է քայլերու ձեռնարկել Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման համար: Կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղար Լուի Այալա յայտնած է, որ երկօրեայ քննարկումներուն իբրեւ արդիւնք կառոյցի անդամ ՀՅԴ եւ Թուրքիոյ Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներուն մասնակցութեամբ եկած են համաձայնութեան` հաշուի առնելով վերջին շրջանին շարք մը ազգային խորհրդարաններու եւ վերազգային հաստատութիւններու կողմէ ցեղասպանութեան ճանաչումն ու դատապարտումը: Այալա...

Պելճիքայի Ներկայացուցիչներու Տան Կողմէ  Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչման Հարց. Բանաձեւի Հեղինակները Զայն 16 Յուլիսի Լիագումար Նիստին Ընթացքին Քննարկելու Դիմում Ներկայացուցած Են

Պելճիքայի Ներկայացուցիչներու Տան Կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչման Հարց. Բանաձեւի Հեղինակները Զայն 16 Յուլիսի Լիագումար Նիստին Ընթացքին Քննարկելու Դիմում Ներկայացուցած Են

«Ֆլամանտական նոր դաշինք» համախոհական կուսակցութեան անդամ, Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւի հեղինակ երեսփոխան Փիթեր տէ Ռուվեր «Արմէնփրես»-ին յայտնած է, որ Պելճիքայի Ներկայացուցիչներու տան մէջ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւի հեղինակները դիմած են խորհրդարանին` բանաձեւը արագացուած կարգով ուսումնասիրելու եւ 16 յուլիսի լիագումար նիստին քննարկելու համար: «Ես շատ գոհ եմ, որ վարչապետ Միշելի յայտարարութենէն ետք, որով ան ճանչցած է 1915 թուականի կոտորածները իբրեւ ցեղասպանութիւն,...

Սահակեան Հանդիպումներ  Կ՛ունենայ Լոնտոնի Մէջ

Սահակեան Հանդիպումներ Կ՛ունենայ Լոնտոնի Մէջ

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան երէկ Լոնտոնի մէջ տեսակցեցաւ  «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Բրիտանիոյ կառոյցի անդամներուն հետ` մասնաճիւղի տնօրէն Արմինէ Կարապետիի գլխաւորութեամբ: Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Ղարաբաղի մէջ տարբեր ծրագիրներու իրականացման առնչուող հարցեր: Սահակեան բարձր գնահատեց «Հայաստան» հիմնադրամի Բրիտանիոյ մասնաճիւղի գործունէութիւնը` նշելով, որ «հիմնադրամին խողովակներով իրականացուած ծրագիրները մեծապէս կը նպաստեն Ղարաբաղի զարգացման եւ զօրացման գործին»: Յիշեցնենք, որ Ազրպէյճան վերջերս Բրիտանիոյ պաշտօնապէս...

Հաղորդագրութիւն

Հաղորդագրութիւն

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը երէկ այցելեց Լիբանանի մէջ Աւստրիոյ դեսպանատուն, ուր հանդիպում մը ունեցաւ դեսպան Ուրսուլա Ֆերինկըրի հետ: Շնորհակալութիւն յայտնելէ ետք հանդիպումի առիթին համար` պատուիրակութիւնը դեսպանին խնդրանքով ներկայացուց Հայ դատի մարմիններու տարաբնոյթ աշխատանքներուն ծիրը եւ յատկապէս Լիբանանի Հայ դատի մարմինին առաջադրանքները: Պատուիրակութիւնը դեսպանին ու դեսպանին ճամբով նաեւ Աւստրիոյ խորհրդարանին շնորհակալութիւն յայտնեց Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման համար: Նշենք,...

Զալպեր. «Ղարաբաղի Խնդրի Խաղաղ Լուծումը Այլընտրանք Չունի»

Զալպեր. «Ղարաբաղի Խնդրի Խաղաղ Լուծումը Այլընտրանք Չունի»

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան երէկ ընդունեց Հարաւային Կովկասի մէջ եւ Վրաստանի ճգնաժամի հարցերով Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչ Հերպերթ Զալպերը: Զրուցակիցները քննարկեցին ղարաբաղեան  տագնապի լուծման շուրջ ընթացող բանակցային հոլովոյթը յառաջ մղելու նպատակով Հայաստանի եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահ երկիրներուն կողմէ գործադրուող ջանքերը: Նալբանդեան եւ Զալպեր անդրադարձան Ռիկայի վեհաժողովի հռչակագիրին մէջ ղարաբաղեան տագնապի լուծման ուղղութեամբ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահ երկիրներու...

Պելճիքայի Ներկայացուցիչներու Տան Արտաքին Յարաբերութեանց Յանձնախումբը Որդեգրեց Հայոց Ցեղասպանութիւնը Ճանչցող Բանաձեւ Մը

Պելճիքայի Ներկայացուցիչներու Տան Արտաքին Յարաբերութեանց Յանձնախումբը Որդեգրեց Հայոց Ցեղասպանութիւնը Ճանչցող Բանաձեւ Մը

Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակի մամլոյ պատասխանատու Պետօ Տեմիրճեան «Արմէնփրես»-ին յայտնած է, որ Պելճիքայի Ներկայացուցիչներու տան արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբը 7 յուլիսին որդեգրած է Պելճիքայի կառավարութեան կողմէ ներկայացուած` Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւը: «Ներկայացուած էին քանի մը բանաձեւերու առաջարկներ, որոնցմէ ընտրուեցաւ կառավարութեան եւ համախոհական կուսակցութեան ներկայացուցած նախագիծը: Առաջարկ-բանաձեւը պէտք է նաեւ քուէարկութեան դրուի Ներկայացուցիչներու տան լիագումար նիստին», նշած է Տեմիրճեան` աւելցնելով, որ Ներկայացուցիչներու...

Ռուսական Վարկով Հայաստան Պիտի Գնէ  Նաեւ Հեռահաս Սպառազինութիւն

Ռուսական Վարկով Հայաստան Պիտի Գնէ Նաեւ Հեռահաս Սպառազինութիւն

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարի բանբեր Արծրուն Յովհաննիսեան ո՛չ հաստատեց, ո՛չ ալ հերքեց հրապարակուած այն տեղեկութիւնը, թէ Հայաստան Ռուսիայէն պիտի գնէ «Իսքանտեր-Մ» հրթիռային համակարգեր: «Պիտի գնուին նորագոյն զէնքեր, սպառազինութիւն ե՛ւ յարձակողական, ե՛ւ  պաշտպանական բնոյթի, ինչպէս նաեւ նոր սարքեր: Ընդհանրապէս բանակի վերազինման լայնածաւալ ծրագիրի ծիրին մէջ է այս ամէնը», ընդգծեց Յովհաննիսեան: Յատկանշական է, որ Հայաստանի խորհրդարանին կողմէ վարկային այդ համաձայնագիրի վաւերացման օրը` 2...

Պոլսոյ Մէջ Քայլարշաւ` «Արմէն» Ճամբարը Հայութեան Վերադարձնելու Պահանջով

Պոլսոյ Մէջ Քայլարշաւ` «Արմէն» Ճամբարը Հայութեան Վերադարձնելու Պահանջով

Ermenihaber.am կայքը կը հաղորդէ, որ Պոլսոյ Թուզլա շրջանին մէջ գտնուող հայկական «Արմէն» ճամբարը հայ համայնքին վերադարձնելու պահանջով քայլարշաւ կազմակերպուած է` Թուզլայի ափամերձ շրջանէն դէպի ճամբարի տարածք: Թրքական «Ռատիքալ» լրատու կայքին համաձայն, քայլարշաւին մասնակցած է 500 հոգի, որոնց հետ 3 քիլոմեթր քալած են ընդդիմադիր Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան երեսփոխաններ Պարըշ Եարքատաշը եւ Օնուրսալ Ատըքիւզել: Քայլարշաւէն ետք ճամբարի տարածքին մէջ հաւաքուած մասնակիցները յայտարարութիւն...

Ոստիկանութիւնը Ցրուեց Ցոյցի Մասնակիցները Եւ Երթեւեկութեան Առջեւ Բացաւ Բաղրամեան Պողոտան

Ոստիկանութիւնը Ցրուեց Ցոյցի Մասնակիցները Եւ Երթեւեկութեան Առջեւ Բացաւ Բաղրամեան Պողոտան

Լուսանկարները՝ Գաբրիէլ Փանոսեանի Ոստիկաններ երէկ ցրուեցին ելեկտրական հոսանքի սակի բարձրացման դէմ բողոքող ցուցարարները Բաղրամեան պողոտային վրայ: Առաւօտեան ոստիկանութիւնը յայտարարութեամբ մը յայտնեց, որ կը «պատրաստուի վերաբանալու Բաղրամեան պողոտան եւ երթեւեկելի հատուածէն  հեռացնելու շուրջ երկու շաբաթէ ի վեր երթեւեկը խոչընդոտող առարկաները»: «Հակառակ այն հանգամանքին, որ ոստիկանութիւնը ապօրինի հաւաքի կազմակերպիչներուն եւ  մասնակիցներուն առաջարկած էր ինքնակամ վերացնել Բաղրամեան պողոտայի արգելակումը, այդ յորդորները վերջին քանի...

Սուրիոյ Մէջ Հայաստանի Դեսպանը Տեսակցեցաւ Սուրիոյ Խորհրդարանի Նախագահին Հետ

Սուրիոյ Մէջ Հայաստանի Դեսպանը Տեսակցեցաւ Սուրիոյ Խորհրդարանի Նախագահին Հետ

Սուրիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան Արշակ Փոլատեան տեսակցեցաւ Սուրիոյ խորհրդարանի  նախագահ Մոհամետ Ժիհատ Լահհամի հետ: Տեսակցութեան ընթացքին դեսպանը զրուցակիցին փոխանցեց նախագահ Սերժ Սարգսեանի շնորհակալական ուղերձը: Երախտագիտութիւն յայտնելով ուղերձին համար` Լահհամ խիստ կարեւոր նկատեց իր մասնակցութիւնը ապրիլին Հայաստանի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներուն: Փոլատեան նշեց, որ Հայաստանի մէջ մեծապէս կարեւոր կը նկատեն Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման ուղղութեամբ Սուրիոյ խորհրդարանի նախագահին ջանքերը: Հայաստանի...

Մինսքի Խմբակի Համանախագահները Ուաշինկթընի Մէջ Կը Քննարկեն Ղարաբաղեան Հիմնահարցը

Մինսքի Խմբակի Համանախագահները Ուաշինկթընի Մէջ Կը Քննարկեն Ղարաբաղեան Հիմնահարցը

Ճէյմս Ուորլիք ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ամերիկացի համանախագահ Ճէյմս Ուորլիք «Թուիթըր» ընկերային ցանցին վրայ գրած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին լուծումով զբաղող ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները հիմնախնդիրի լուծման վերաբերեալ քննարկումներ կը կատարեն Ուաշինկթընի մէջ: «Մինսքի խմբակի համանախագահները Ուաշինկթընի մէջ հանդիպումներ պիտի ունենան Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան, պաշտպանութեան նախարարութեան եւ Ազգային անվտանգութեան խորհուրդին մէջ` քննարկելու համար Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը», գրած է...

Page 759 of 795 1 … 758 759 760 … 795

Արխիւներ