Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ-ի Ներկայացուցիչները Հանդիպում Ունեցան Նախագահ Սերժ Սարգսեանին Հետ

August 27, 2015
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

tashnag_8-26-15

Սահմանադրական բարեփոխումներուն առնչութեամբ քաղաքական ուժերուն հետ խորհրդակցութիւններու շարքին, 26 օգոստոսին Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան հանդիպում ունեցաւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան (ՀՅԴ) ներկայացուցիչներ Արմէն Ռուստամեանի, Աղուան Վարդանեանի եւ Արսէն Համբարձումեանի հետ:

Քննարկուեցաւ սահմանադրական բարեփոխումներու ընդհանուր հոլովոյթը, անդրադարձ կատարուեցաւ Հայաստանի նախագահին առընթեր Սահմանադրական բարեփոխումներու մասնագիտական յանձնախումբին մշակած Սահմանադրութեան փոփոխութիւններու նախագիծին մէջ ամրագրուած մօտեցումներուն եւ նախագիծին առանձին կէտերուն:

ՀՅԴ ներկայացուցիչները պատրաստակամութիւն յայտնեցին Հայաստանի Ազգային ժողովին մէջ շարունակելու աշխուժ եւ համակողմանի քննարկումները Սահմանադրութեան փոփոխութեան նախագիծին շուրջ, որուն մէջ, ըստ անոնց, տեղ գտած են երկրին զարգացումը ապահովող` իրենց համար կարեւոր հիմնական շեշտադրումներն ու ՀՅԴ մօտեցումները:

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեան հանդիպումին մասին խօսելով ըսած է, որ իրենք գոհ են այդ հանդիպումէն. «Մեր տեսակէտները հիմնական բոլոր ուղղութիւններով կը համընկնին»:

«Հերթական քննարկումն էր: Մենք հիմնական բոլոր հարցերը նախապէս քննարկած ու համաձայնած ենք ոչ միայն նախագահի, այլ նաեւ սահմանադրական բարեփոխումներու մասնագիտական յանձնախումբին հետ: Այսօրուան հանդիպումը դրական էր այն առումով, որ մեր տեսակէտները հիմնական բոլոր ուղղութիւններով կը համընկնին: Վստահաբար կան առաջարկներ, որ մենք պիտի  ներկայացնենք Ազգային ժողովի քննարկումներուն ընթացքին, պիտի փորձենք ապացուցել, որ մեր առաջարկները տրամաբանական են եւ ճիշդ», հաստատած է Ա. Վարդանեան:

Արսէն Համբարձումեան News.am-ի հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին յայտնած է, որ տեսակցութեան ընթացքին ամփոփուած են սահմանադրական բարեփոխումներուն վերաբերեալ կատարուած աշխատանքները:

«Այդ շարքին քննարկած ենք, թէ ՀՅԴ-ի կողմէ կատարուած առաջարկները որքանո՛վ ընդունուած են: Մեր առջեւ գտնուող բոլոր հիմնական սկզբունքային հարցերը իրենց արտացոլումը գտած են Սահմանադրութեան նոր նախագիծին մէջ: Վստահաբար, կան առաջարկներ, որոնք խմբագրական բնոյթի են, զանոնք պիտի  ներկայացնենք Ազգային ժողովին», ըսած է ան:

Ըստ անոր, որոշ անդրադարձ կատարուած է նաեւ երկու հանգրուանի ընտրութիւններու դրոյթին: Այնուամենայնիւ, ՀՅԴ-ն այդ դրոյթին  վերաբերեալ չունի այնպիսի մտահոգութիւններ, զորս ունին որոշ քաղաքական ուժեր:

Նշենք, որ նախագահ Սերժ Սարգսեան 26 օգոստոսին սկսած է քաղաքական խորհրդակցութիւններու քաղաքական ուժերուն հետ` սահմանադրական բարեփոխումներուն առնչուած:

 

 

Նախորդը

Հայաստանի Քաղաքական Ուժերուն Տեսակէտները` Սահմանադրական Բարեփոխումներուն Շուրջ

Յաջորդը

Խմբագրական. Սահամանադրութիւնը` Իրաւական Գերակայ Փաստաթուղթ

RelatedPosts

Ակնարկ.  Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային,  Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային, Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է

October 27, 2026
Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան  Ընտրութիւններուն Նախօրեակին.  Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ  Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան Ընտրութիւններուն Նախօրեակին. Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու

October 27, 2026
Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական  Պատուհանը Չփակեց»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական Պատուհանը Չփակեց»

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.