Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քրիստոնեայ Հոգեւոր Պետերը Կոչ Կ՛ուղղեն Ընտրելու Հանրապետութեան Նախագահը Եւ Ապա Կազմելու Նոր Կառավարութիւն Մը

September 1, 2015
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

BKERKE-5_8-31-15

Քրիստոնեայ հոգեւոր պետերը, որոնց շարքին մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսը, Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Գրիգոր Պետրոս Ի. կաթողիկոս պատրիարքը, Անտիոքի եւ համայն արեւելքի յոյն ուղղափառ համայնքի Եուհաննա Ժ. Եազիժի պատրիարքը, Անտիոքի եւ համայն արեւելքի յոյն կաթողիկէ համայնքի Կրեկորիոս Գ. Լահհամ պատրիարքը, ինչպէս նաեւ քրիստոնեայ այլ յարանուանութիւններու հոգեւոր պետեր երէկ առաւօտեան Պքերքէի մէջ գումարեցին վեհաժողով մը, որուն ընթացքին անոնք որդեգրեցին ճամբու քարտէս մը:

Ըստ ճամբու քարտէսին, Լիբանանի մէջ առաջնահերթութիւնը կ՛երթայ նախագահական ընտրութեան եւ ապա կառավարութեան կազմութեան:

Վեհաժողովը կոչ ուղղեց խորհրդարանին ստանձնելու իր սահմանադրական եւ պատմական պատասխանատուութիւնը եւ ուղղուելու խորհրդարան` ընտրելու համար հանրապետութեան նոր նախագահը:

Վեհաժողովը յարմար նկատեց, որ նոր կառավարութիւնը կազմուի հանրապետութեան նախագահի ընտրութենէն ետք եւ ստանձնէ երկրին հարցերուն լուծումը` երեսփոխանական ընտրութիւններուն համար ընտրական նոր օրէնքի մը մշակումով:

Վեհաժողովը անհրաժեշտ նկատեց, որ ներկայ կառավարութիւնը շարունակէ իր աշխատանքները, ինչպէս նաեւ ողջունեց վարչապետ Թամմամ Սալամի եւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի ջանքերը, որոնց պէտք է ընդառաջել:

Վեհաժողովին ընթացքին շեշտուեցաւ, որ երկրին տնտեսական տագնապը եւս հետեւանք է նախագահական թափուր աթոռին եւ սահմանադրական հաստատութիւններուն մէջ տիրող սառած իրավիճակին:

Վեհաժողովը զգուշացուց նաեւ փողոց իջնելու վտանգներէն` նկատի ունենալով տիրող լարուածութիւնն ու երկրին դէմ սպառնալիքները եւ ապահովական մարտահրաւէրները:

Քրիստոնեայ հոգեւոր պետերը անհրաժեշտ նկատեցին, որ խաղաղ ցոյցերը պաշտպանուին սադրիչներէ, որոնք կը քարկոծեն եւ պայթուցիկներ կը նետեն ապահովութեան ուժերուն վրայ: Անոնք խստիւ դատապարտեցին Կեդրոնական Պէյրութի մէջ գտնուող վաճառատուներուն դէմ գործուած բռնարարքներն ու քանդումները եւ կոչ ուղղեցին երկխօսութեամբ լուծելու երկրին հարցերը:

Հոգեւոր վեհաժողովը միջազգային ընտանիքին կոչ ուղղեց լուրջ աշխատանք տանելու` ապահովելու համար Լիբանան հասած բոլոր գաղթականներուն տունդարձը:

Նախորդը

Քաղաքական Տարբեր Ուժեր Կ՛ողջունեն Պըրրիի Առաջադրած Երկխօսութեան Նախաձեռնութիւնը

Յաջորդը

Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին Արժանթինի Դիրքորոշման Համար. Անգարա Կը Քննադատէ Արժանթինի Արտաքին Գործոց Նախարարը

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.