Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ-ի Մարմիններու Ներկայացուցիչներու Ընդլայնուած Հանդիպում

Օգոստոս 31, 2015
| Գլխաւոր լուրեր, Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

a2-0089

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի հրաւէրով 29 օգոստոսին «Արամ Մանուկեան» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած է ընկերային հաւաք, որուն մասնակցած են կուսակցութեան տասնմէկ մարզային կոմիտէներու անդամներ, յիսուն կոմիտէներու  ներկայացուցիչներ, նաեւ ՀՅԴ ուսանողական եւ երիտասարդական կազմակերպութիւններու, ինչպէս նաեւ ուղեկից կառոյցներու անդամներ` շուրջ 200 հոգի:

Հաւաքին ներկայ էին ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ամբողջ կազմը, ՀՅԴ Բիւրոն ներկայացնող ընկերներ: Բազմամարդ ընկերային հաւաքի օրակարգին վրայ սահմանադրական բարեփոխումներն էին, ինչպէս նաեւ այդ հոլովոյթին ՀՅԴ մասնակցութեան ձեւաչափը:

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Աղուան Վարդանեան յատկապէս ընդգծած է այն հանգամանքը, որ հանրային քննարկումի  ներկայացուած սահմանադրութեան նախագիծը կարելի է դիտել կարեւոր ձեռքբերում կուսակցութեան համար, որովհետեւ անիկա կը ներառէ վերջին երկու տասնամեակներուն կուսակցութեան համար երեք սկզբունքային ու առանցքային համոզումներ` անցում կառավարման խորհրդարանական ձեւի, հարիւր տոկոս համամասնական ընտրակարգի եւ ընդդիմութեան դերի էական բարձրացում:

Աղուան Վարդանեանի գնահատումով` նախագիծը պետութեան զարգացման` ՀՅԴ պատկերացումներուն արտացոլանքն է, ինչ որ թոյլ կու տայ զայն գնահատել իբրեւ կուսակցութեան յաղթանակ:

Ներկայացնելով նախագիծին բովանդակային փոփոխութիւններն ու անոնցմով պայմանաւորուած լուծումները` ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան նախագիծը որակած է իբրեւ  երկրին մէջ համակարգային եւ որակական փոփոխութիւններու  հանգուցային երաշխիք:

 

a2-0078

ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան սահմանադրական բարեփոխումներու անհրաժեշտութիւնը դիտարկած է երկրին մէջ  կայունութեան ապահովման, ազգային անվտանգութեան ու ինքնիշխանութեան երաշխիքներու ապահովման տեսանկիւնէն: Ներկաներու բազմաթիւ հարցումներուն տրուած են պատասխաններ, պարզաբանուած են շարք մը մտահոգութիւններ, հնչած են առաջարկներ քարոզարշաւի կազմակերպման ռազմավարական ու մարտավարական խնդիրներուն վերաբերեալ:

Հետագային մարզերուն մէջ պիտի կազմակերպուին ընկերային հաւաքներ, որոնց ընթացքին սահմանադրութեան նախագիծին շուրջ տեղի ունենալիք քննարկումներ ու քարոզչական հանդիպումները աւելի մեծ լսարաններ պիտի ընդգրկեն` հանրութեան լայն շրջանակներուն հանգամանալից ներկայացնելով բարեփոխման էութիւնն ու ակնկալուած արդիւնքը:

 

Լուսանկարները` ԳԱԲՐԻԷԼ ՓԱՆՈՍԵԱՆի

 

Նախորդը

Նախագահ Սերժ Սարգսեան Հանդիպում Ունեցած Է Հանրային Խորհուրդի Ներկայացուցիչներուն Հետ

Յաջորդը

«Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի 2019-ի Նախագահի Ընտրութիւններ. Փլաթինի Նոր Ընտրաշրջանի Մը Համար Իր Թեկնածութիւնը Պիտի Չառաջադրէ

RelatedPosts

Ակնարկ.   Դէպի 2026` Գիւմրիի Օրինակով
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Դէպի 2026` Գիւմրիի Օրինակով

Հոկտեմբեր 21, 2025
Գիւմրիի Քաղաքապետ Վարդան Ղուկասեան Ձերբակալուեցաւ, Կալանքի Միջնորդութիւն Ներկայացուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Գիւմրիի Քաղաքապետ Վարդան Ղուկասեան Ձերբակալուեցաւ, Կալանքի Միջնորդութիւն Ներկայացուեցաւ

Հոկտեմբեր 21, 2025
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի  Մարմինը Ընդգծեց.  Արցախ Երբեք Մաս Չէ Կազմած  Եւ Պիտի Չկազմէ Ազրպէյճանին
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինին Կողմէ Մալոյեանի Սրբադասման Եւ Պապի Լիբանան Այցելութեան Առիթներով Նամակ` Պապական Նուիրակին

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?