Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Եկեղեցւոյ Մը Նահատակը Միաժամանակ Բոլոր Եկեղեցիներուն Նահատակն Է» Յայտարարեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

Սեպտեմբեր 1, 2015
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

13-Antelias-News-31-08-2015

Այս շեշտաւորումով, Արամ Ա. կաթողիկոս ֆրանսերէն լեզուով իր խօսքը ուղղեց շաբաթ, 29 օգոստոս 2015-ի երեկոյեան բազմահազար հաւատացեալներուն, որոնք եկած էին Հարիսայի ասորի կաթողիկէներու Ս. Աստուածածին վանքը` տօնախմբելու նահատակ ասորի կաթողիկէ եպիսկոպոս Ֆլաւիանօ Միշել Մելքիի երանացումը: Արդարեւ, 1915-ին Հայոց ցեղասպանութեան օրերուն հայ հոգեւորականներու կողքին նաեւ Մարտինի մէջ նահատակուած էր շրջանի ասորի կաթողիկէ առաջնորդը` Ֆլաւիանօ Միշել Մելքին: Վերջերս Ֆրանչիսկոս պապը երանացուցած էր նահատակը` իբրեւ առաջին քայլ անոր սրբացումին` համաձայն կաթողիկէ եկեղեցւոյ սրբադասման գործընթացին:

Այս առիթով պատարագեց ասորի կաթողիկէ եկեղեցւոյ Եունան Գ. պատրիարքը: Պատարագի աւարտին կարդացուեցաւ Ֆրանչիսկոս պապին սրբադասման հռչակագիրը, եւ ապա յաջորդաբար խօսք առին պապի ներկայացուցիչը` կարտինալ Անժելօ Ամաթօ, Ռայի պատրիարքը, Հազիմ պատրիարքը եւ վեհափառ հայրապետը:

Իր խօսքի ընթացքին վեհափառ հայրապետը նախ անդրադարձաւ նահատակութեան հասկացողութեան քրիստոնէական եկեղեցւոյ կեանքին մէջ: Ապա, վեհափառ հայրապետը ընդհանուր գիծերով ներկայացուց Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ այդ ծիրին մէջ Մելքի եպիսկոպոսին նահատակութիւնը: Իր խօսքի աւարտին վեհափառ հայրապետը ըսաւ, որ նահատակները անցեալին չեն պատկանիր, անոնք իրենց կեանքով ու պատգամով կենդանի ներկայութիւն են եկեղեցւոյ կեանքին ու առաքելութեան մէջ: Այսօր մեր նահատակները կը պատգամէն մեզի. «Կառչեցէ՛ք ձեր պարտաւորութիւններուն ու իրաւունքներուն Միջին Արեւելքի մէջ, շարունակեցէ՛ք ձեր քրիստոնէական վկայութիւնը` հակառակ ձեզ շրջապատող ահաւոր դժուարութիւններուն ու մարտահրաւէրներուն:

Յիշեալ արարողութեան վեհափառ հայրապետին կողքին ներկայ էին Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան եւ միջեկեղեցական բաժանմունքի վարիչ Յուսիկ Ծ. վրդ. Մարտիրոսեան:

Նախորդը

Այնճարի Մէջ «Դալար Անկիւն»-ի Բացում Եւ ՀՅԴ «Յառաջ» Պատանեկան Միութեան Տօնավաճառ

Յաջորդը

Թոքիոյի Մէջ. Ճափոնական Բանակին Արտասահմանի Մէջ Կռիւի Մասնակցութիւնը Արտօնող Օրէնքի Որդեգրման Դէմ Բողոքի Ցոյցեր

RelatedPosts

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Վերջ Տուէք Հայաստանի  Կեանքէն Ներս Ստեղծուած Վատառողջ  Մթնոլորտին, Ամօ՛թ Է»
Գլխաւոր լուրեր

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Վերջ Տուէք Հայաստանի Կեանքէն Ներս Ստեղծուած Վատառողջ Մթնոլորտին, Ամօ՛թ Է»

Յուլիս 9, 2025
Արթուր Սարգսեան Զրկուեցաւ  Անձեռնմխելիութենէ.  Օհանեանի Եւ Մինասեանի Նկատմամբ  Մեղադրանք Առաջադրուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Արթուր Սարգսեան Զրկուեցաւ Անձեռնմխելիութենէ. Օհանեանի Եւ Մինասեանի Նկատմամբ Մեղադրանք Առաջադրուեցաւ

Յուլիս 9, 2025
Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը  Խոր Մտահոգութիւն Յայտնեց Հայաստանի Մէջ  Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Առնչուած Վերջին  Իրադարձութիւններուն Վերաբերեալ
Գլխաւոր լուրեր

Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը Խոր Մտահոգութիւն Յայտնեց Հայաստանի Մէջ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Առնչուած Վերջին Իրադարձութիւններուն Վերաբերեալ

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?