Շաբաթ, 29 օգոստոս 2015-ը տօնական էր բոլոր այնճարցիներուն համար: Երեկոյեան ժամը 6:00-ին գիւղացիները համախմբուած էին գիւղի կեդրոնական հրապարակին վրայ գտնուող «Դալար անկիւն»-ին մէջ, ուր տեղի ունեցաւ պաշտօնական բացման հանդիսութիւն` հովանաւորութեամբ Այնճարի քաղաքապետութեան:


Բացման հանդիսութեան ներկայ էին Այնճարի հոգեւոր հայրերը, քաղաքապետ Կարօ Փամպուքեան, ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէն, Մխիթարեան ուխտէն հայր Յարութիւն վրդ. Պզտիկեան, գիւղի միութիւններուն ներկայացուցիչները եւ մեծ թիւով հայրենակիցներ:
Նախքան պաշտօնական բացման արարողութիւնը, գիւղի հոգեւոր հայրերը օրհնեցին նորակառոյց աւանդական Մուսա լերան թոնիրը եւ վառեցին կրակը, ուր սկսաւ թոնիրի հացի պատրաստութիւնը:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ 100-ամեակի կեդրոնական մարմինի անդամ Յակոբ Այնթապլեան, որ ողջունելէ ետք ներկաները յայտնեց, որ «օրը տօնական է, որովհետեւ շուրջ 50 տարի ետք Այնճարի քաղաքապետութիւնը մեր ժողովուրդին կը ներկայացնէ նախկին «Դալար անկիւն»-ը նոր տեսքով»: Ան հրաւիրեց դոկտ. Յակոբ Փանոսեանը, որ ամփոփ գիծերու մէջ ներկայացնէ պատմականը «Դալար անկիւն»-ին:


Դոկտ. Յակոբ Փանոսեան հակիրճ կերպով անդրադարձաւ 1967-էն 1971 ժամանակաշրջանին գործած «Դալար անկիւն»-ի անցեալին` վեր առնելով անոր հիմնադրութեան դրդապատճառները, հիմնադիր երիտասարդ սերունդը եւ տարուած քառամեայ գործունէութիւնը: Ան փոքր յուշապատումներով վերակենդանացուց այդ սերունդի ժամադրավայր հանդիսացած «Դալար ն
անկիւն»-ի պատմութիւնը, որուն մէջ գլխաւոր դերակատարները Ազգային «Յառաջ-Գ. Կիւլպենկեան» վարժարանի շրջանաւարտից միութիւնն ու ամառնային վարժարանի ուսուցիչները եղած էին: Ան գոհունակութիւն յայտնեց, որ Այնճարի քաղաքապետութիւնը վերականգնած է «Դալար անկիւն»-ը բոլորովին նոր տեսքով, որ գեղեցիկ է եւ հպարտացուցիչ:
Դոկտ. Փանոսեանի խօսքէն ետք Հայաստանի Մուսա լերան հայրենակցական միութեան երիտասարդական թեւին անունով ելոյթ ունեցաւ նաեւ Խաչիկ Թոսունեան, որ ողջունեց այնճարցիները այս գեղեցիկ առիթով: Ան բարձր գնահատեց տարուած աշխատանքը եւ 100-ամեակին առիթով կազմակերպուած ձեռնարկները` շնորհակալութիւն յայտնելով ջերմ ընդունելութեան համար, որուն արժանացած էր Այնճար այցելած քառանդամ պատուիրակութիւնը` Հայաստանի Մուսա լերան հայրենակցական միութեան երիտասարդական թեւէն: Ան յուշանուէր մը յանձնեց 100-ամեակի կեդրոնական մարմինին այս պատմական առիթով:
Ապա խօսք առաւ Այնճարի քաղաքապետ Կարօ Փամպուքեան, որ անդրադարձաւ Մուսա լերան ժողովուրդի կարեւորագոյն ժառանգական յատկանիշներէն հայրենասիրութեան, աշխատասիրութեան եւ բարձր արժանապատուութեան: Անդրադառնալով կանաչապատ Մուսա լեռէն անապատ Այնճար հասած հիմնադիր Ա. սերունդին` քաղաքապետը բարձր գնահատեց պայքարելու եւ հայու բարձր արժանապատուութեամբ կեանքը շարունակելու մուսալեռցիներուն վճռակամութիւնը, որ անապատ Այնճարը յաջողած է վերածել նախանձելի գիւղաքաղաքի մը, որով կրնայ հպարտանալ իւրաքանչիւր հայորդի: Ան ըսաւ, թէ «Այնճարի հիմնադրութիւնը շատ սուղ արժած է, տուած ենք շուրջ 1000 զոհ մալարիային, անօթութեան եւ պաղին, սակայն երբեք չենք յուսահատած եւ յաջողած ենք անապատը վերածել ովասիսի»: Քաղաքապետ Փամպուքեան յայտնեց նաեւ, թէ նոր «Դալար անկիւն»-ը ունի երեք բաժիններ, որոնցմէ առաջինը երախտագիտութիւնն է Լիբանանին փիւնիկեան նաւով, երկրորդը հայկական անմար ութանկիւն աստղն է, իսկ երրորդը Մուսա լերան աւանդական հացի ճանապարհն է` սկսած ցորենով, անցնելով կամնելէն եւ կալէն, հասնելով թոնիրին:
Կարօ Փամպուքեանի խօսքէն ետք ներկաները հիւրասիրուեցան նոր թխուած թոնիրի հացով, լոլիկի ու պղպեղի մածուկով եւ եփած մածունով: Նոյն ատեն այնճարցի երեք երիտասարդներ` Դանիէլ Գժտրեան, Վարանդ Հաճեան եւ Շանթ Փալազեան, հանդէս եկան հայկական արդի երաժշտութեան կատարումներով` ջերմացնելով մթնոլորտը:
Տօնավաճառ` Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ
«Յառաջ» Պատանեկան Միութեան
«
Դալար անկիւն»-ի բացումէն անմիջապէս ետք, Ազգային «Յառաջ-Գ. Կիւլպենկեան» վարժարանի շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ տօնավաճառ` կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Յառաջ» պատանեկան միութեան, հերոսամարտի 100-ամեակին առիթով:
Տօնավաճառին բացման խօսքը արտասանեց Մեղեդի Կիւտեշեան, որ ողջունեց ներկայ ժողովուրդը` յայտնելով, որ ՀՅԴ «Յառաջ» պատանեկան միութիւնը այս ձեռնարկը կազմակերպած է Մուսա լերան հերոսամարտի 100-ամեակին եւ Այնճարի հիմնադրութեան 75-ամեակին առիթով` իր մասնակցութիւնը բերած ըլլալու համար այս տօնական առիթին:
Ան յայտնեց, որ ձեռնարկը նուիրուած է Մուսա լերան հերոսամարտի 18 նահատակներէն Պարսում Խօշեանի յիշատակին եւ տօնավաճառը կ՛ընդգրկէ խաղեր, ներկայացում, հիւրասիրութիւն եւ երգահանդէս:
Տօնավաճառին սկիզբը «Յառաջ» պատանեկան միութեան պատանիները ներկայացուցին մարզական խաղեր եւ կազմեցին բուրգ մը` Մեծ եւ Փոքր Մասիսներով: Ապա փոքրերը առիթ ունեցան հետեւելու այլազան խաղերու, իսկ երէցները հիւրասիրուելու պատանիներուն կողմէ պատրաստուած ուտեստեղէններով:
Նոյն ատեն պաստառի վրայ ցուցադրութեան դրուած էին վերջին երկու տարիներուն պատանեկան միութեան գործունէութիւնը ցոյց տուող լուսանկարներ:
Տօնական մթնոլորտի մէջ ազգային, հայրենասիրական եւ յեղափոխական երգերով ելոյթ ունեցաւ Գօգօ Թիւթիւնճեան` խանդավառելով ներկաները:
Տօնավաճառը շարունակուեցաւ մինչեւ ուշ գիշեր` տոհմիկ մթնոլորտի մէջ: