«Հոտերնիդ ելաւ» արշաւը անցեալ շաբաթ օր, երեկոյեան ժամը 6:00-ին Պէյրութի Նահատակաց հրապարակին վրայ կատարեց քաղաքացիական ընկերութեան մեծագոյն ցոյցը, որուն մասնակիցներուն թիւը, անպաշտօն աղբիւրներու համաձայն, գնահատուեցաւ աւելի քան 150 հազարով:
Դէպի Նահատակաց հրապարակ ցուցարարներուն հոսքը սկսաւ կէսօրուան ժամերէն, իսկ ցուցարարներու այլ խմբաւորում մը հաւաքուեցաւ ներքին գործոց նախարարութեան դիմաց եւ հոնկէ ուղղուեցաւ դէպի ցոյցին վայրը:
Քաղաքացիական ընկերութեան զանազան խմբաւորումներուն պատկանող երիտասարդներն ու քաղաքացիները բարձրացուցին իրենց պահանջները, որոնք արդար էին եւ իրաւացի:
«Հոտերնիդ ելաւ» արշաւի պատասխանատուները ցոյցին ընթացքին շեշտեցին, որ իրենք իրենց շարժումները պիտի շարունակեն, մինչեւ կենսոլորտի եւ ներքին գործոց նախարարներ Մոհամետ Մաշնուքի եւ Նուհատ Մաշնուքի հրաժարականը, ցուցարարներուն դէմ բիրտ ուժ գործադրող ապահովութեան ուժերուն պատասխանատուութեան կանչելը, աղբերու տագնապի անմիջական լուծումը, ինչպէս նաեւ ընտրական արդի օրէնքի մը հիման վրայ երեսփոխանական ընտրութիւններու կայացումը:
«Հոտերնիդ ելաւ» արշաւի պատասխանատուները կառավարութեան 72 ժամուան պայմանաժամ մը ճշդեցին` իրենց նուազագոյն պահանջները իրականացնելու գծով, այլապէս խոստացան մագլցողական քայլերու դիմել:
Նուազագոյն պահանջներ եզր ըսելով, կը հասկցուի կենսոլորտի նախարարին հրաժարականը, ցուցարարներուն դէմ կրակելու առումով ապահովութեան ուժերուն հրահանգ տուող պատասխանատուներուն հաշուետուութեան կանչելը, ինչպէս նաեւ բոլոր ձերբակալեալներուն ազատ արձակումը:
Ցոյցին եւ ցուցարարներուն ապահովութեան հսկեցին բանակն ու ներքին ապահովութեան ուժերը:
Սակայն ինչպէս միշտ, երեկոյեան ժամը շուրջ 8:30-ին ցուցարարներէն ոմանք ուղղուեցան Ռիատ Սոլհ հրապարակ, ուր անոնք պայթուցիկներ նետեցին վարչապետարանին ապահովութեան հսկող ուժերուն վրայ եւ փորձեցին վերցնել վարչապետարանին դիմաց զետեղուած փշաթելերը:
Ներքին ապահովութեան ուժերը զգուշացուցին ցուցարարները եւ կոչ ուղղեցին անոնց ցրուելու, սակայն անոնք յամառօրէն շարունակեցին մնալ Ռիատ Սոլհ հրապարակին վրայ եւ շարունակել իրենց արարքները, ինչ որ պատճառ դարձաւ, որ ներքին ապահովութեան ուժերը յարձակին սադրիչներուն վրայ եւ ձերբակալումներ կատարեն:
Ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէնութիւնը շաբաթ երեկոյեան յայտնեց, որ ձերբակալած է 10 սադրիչներ, որոնք Ռիատ Սոլհ հրապարակին վրայ բռնարարքներ գործած են:
Տնօրէնութեան հրապարակած պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ տասը ձերբակալեալները հարցաքննութեան կ՛ենթարկուին, իսկ ներքին ապահովութեան ուժերէն երկու ոստիկաններ թեթեւօրէն վիրաւորուած են:
Իսկ կէս գիշերին, կենսոլորտի նախարար Մոհամետ Մաշնուք շեշտեց, որ ինք այս հանգրուանին իր պատասխանատուութիւններէն հրաժարելու տրամադրութեան մէջ չի գտնուիր:
Ցոյցին Մասին Կեցուածքներ
Ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք յայտնեց, որ անցեալ շաբաթ, 22 օգոստոս 2015-ի գիշերուան ցոյցին ընթացքին ցուցարարներուն եւ ապահովութեան ուժերուն միջեւ արձանագրուած բախումներուն մասին բացուած հետաքննութեան արդիւնքը պիտի յայտարարէ չորեքշաբթի, 2 սեպտեմբեր 2015-ին:
Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ հաստատեց, որ ինք շաբաթ օրուան ցոյցին բաւական երկար հետեւած է եւ նշմարած, որ ժողովուրդին պահանջներուն մեծ մասը իրաւացի է:
«Սակայն «Հոտերնիդ ելաւ» արշաւին պատասխանատուները պէտք է զգուշ ըլլան իրենց քայլերուն մէջ, որպէսզի կուսակցութիւնները իրենց ինքնաբուխ այս շարժումը չշահագործեն», ըսաւ Ժոմպլաթ:
Ան ըսաւ, որ Նաամէի աղբանոցին փակումը բացայայտած է երկրին քաղաքական եւ կուսակցական աղբերը:
Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն յայտնեց. «(Ցուցարարները) փտածութեան յանցանքը ամբողջ քաղաքական դասին վրայ կ՛ընդհանրացնեն` մոռնալով, որ իրենք ալ բոլորին մաս կը կազմեն: Արդեօք պահանջուածը իսկական փտածը ծածկել եւ զայն անպարտ հռչակե՞լ է», հարց տուաւ ան:
Զօր. Աուն շեշտեց, որ ցուցարարները պիտի չկարենան փրկուիլ անոնցմէ, որոնց դէմ ցոյց կը կատարեն, եթէ ժողովուրդին հանրաքուէով նախագահական ընտրութիւն չկատարուի:
Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ զգուշացուց երկրին կացութեան անմիջական բռնկումէն:
Խորհրդարանի հարցերով պետական նախարար Մոհամետ Ֆընէյշ շեշտեց, որ իրենք կը զօրակցին բոլոր անոնց, որոնք կը մասնակցին ցոյցերուն` իրենց արդար բողոքի ձայնը բարձրացնելու եւ քաղաքացիական իրաւունքները պահանջելու համար:
«Իսկ այնքան ատեն որ ընթացողը խաղաղ ցոյց մըն է, ապա ոչ ոք կրնայ արգիլել այդ մէկը, իսկ ապահովութեան ուժերը պէտք է պաշտպանեն ցոյցերը այն տարրերէն, որոնք իրենց արարքներով եւ բարբարոսութեամբ կը խանգարեն ցոյցին խաղաղութիւնը», ըսաւ ան:
Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան նշեց, թէ ո՛վ որ այս կամ այն յանցագործը կամ բացթողում արձանագրած կողմը հաշուետուութեան կը փափաքի կանչել, պէտք չէ սխալները ընդհանրացնէ, որպէսզի բոլորը յանցագործներու չվերածուին եւ իսկական փտածները չկորսուին:
Նախկին նախարար Շարպել Նահհաս դիտել տուաւ, որ շաբաթավերջին տեղի ունեցած ժողովրդային շարժումը աննախընթաց էր, յատկապէս իր խաղաղ եւ քաղաքակիրթ ըլլալուն առումով, «սակայն ոմանք կը յամառին այս շարժումին խաղաղութիւնը խախտել` կարգ մը սադրիչներ գործուղելով ցոյցին վայրը եւ անհաճոյ կացութիւն ստեղծելով», ըսաւ ան:
Նահհաս շեշտեց, որ լիբանանեան պետութիւնը 40 տարիէ ի վեր փուլ եկած է, իսկ շաբաթ օր փաստուած է, որ ժողովուրդը կը փափաքի ունենալ քաղաքացիական եւ ժողովրդավարական պետութիւն եւ ոչ թէ համայնքային դրութեան վրայ հիմնուած պետութիւն:
«Շաբաթ օրուան ժողովրդային շարժումը կարելի է նկատել քաղաքական շարժում մը` վերահաստատելու համար քաղաքացիական պետութիւնը», ընդգծեց ան: