Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Սարգսեան Մասնակցած Է Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Հռչակման 24-րդ Տարեդարձին Նուիրուած Ձեռնարկներուն

Սեպտեմբեր 3, 2015
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

12883_b

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան  Ստեփանակերտի մէջ երէկ մասնակցած է Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան հռչակման 24-րդ տարեդարձին նուիրուած ձեռնարկներուն. այս մասին կը տեղեկացնէ Հայաստանի նախագահի աշխատակազմի հասարակութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներու  հետ կապերու վարչութիւնը:

Աշխատանքային այցելութեամբ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն գտնուող նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ երեկոյեան մայրաքաղաք Ստեփանակերտի մէջ տիկին Ռիթա Սարգսեանի հետ ներկայ գտնուած է Վերածնունդի հրապարակին վրայ` ի յիշատակ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու եւ հայկական երկու պետութիւններու անկախութեան համար իրենց կեանքը նուիրաբերած սուրբ նահատակներու Ճուզեփփէ Վերտիի «Ռեքվիեմ» ստեղծագործութեան արցախեան առաջին ելոյթին:

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան հռչակման 24-ամեակի տօնական նախաձեռնութիւնները Արցախի մէջ ընթացք առած են կանուխ առաւօտեան: Ստեփանակերտի փողոցներուն մէջ պաշտպանութեան բանակի զինուորականները տողանցք կատարած են:

Մարդիկ ուղղուած են Ստեփանակերտի յուշահամալիր, ուր ծաղիկներ եւ ծաղկեպսակներ զետեղուած են յաղթանակը խորհրդանշող յուշաքարի պատուանդանին առջեւ:

Աշխատանքային այցելութեամբ Արցախ գտնուող Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը, Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Բակօ Սահակեանի, նախկին նախագահ Արկադի Ղուկասեանի, Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արք. Մարտիրոսեանի, Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեանի, վարչապետ Արա Յարութիւնեանի, Արցախի ու Հայաստանի բարձրաստիճան այլ պաշտօնեաներու հետ Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակէն հետիոտն ուղղուած են յուշահամալիր:

Հայկական երկու պետութիւններու բարձագոյն ղեկավարները ծաղիկներ եւ ծաղկեպսակներ զետեղած են քաղաքային յուշահամալիրին մէջ եւ անոր կից գտնուող արցախեան ազատամարտին ընթացքին զոհուած ազատամարտիկներու շիրիմներուն վրայ: Այնուհետեւ տեղի ունեցած է պաշտպանութեան բանակի  պատուոյ պահակախումբի հանդիսաւոր տողանցք: Նշենք, որ Արցախի բոլոր շրջաններուն մէջ եւս կազմակերպուած են բազմաթիւ եւ բազմազան ձեռնարկներ:

Նախագահներ Սերժ Սարգսեան Եւ Բակօ Սահակեան
Մասնակցած Են Արցախի «Թումօ» Կեդրոնի Բացման

serpa-49_9-02-15

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան մայրաքաղաք Ստեփանակերտի մէջ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան 2 սեպտեմբերին` Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Բակօ Սահակեանի, Արցախի Հանրապետութեան հռչակման 24-րդ տարեդարձին մասնակցելու նպատակով Հայաստանէն եկած պաշտօնական պատուիրակութեան, արցախահայութեան եւ այլ հիւրերու հետ Վերածնունդի հրապարակէն հանդիսաւոր երթով այցելած է Ստեփանակերտի յուշահամալիր: Սերժ Սարգսեան յարգանքի տուրք մատուցած է Արցախի անկախութեան համար զոհուած հայորդիներու յիշատակին, ծաղիկներ զետեղած Լեռնային Ղարաբաղի Գերագոյն խորհուրդի առաջին նախագահ Արթուր Մկրտչեանի եւ արցախեան ազատամարտի նահատակներու շիրիմներուն վրայ:

Տօնական նախաձեռնութիւններու ծիրին մէջ նախագահներ Սարգսեանն ու Սահակեանը ներկայ գտնուած են նաեւ Հայաստանի գիւղատնտեսական համալսարանի Շուշիի մասնաճիւղի նորակառոյց համալիրին բացման արարողութեան:

Շուշիի հայկական երկու հանրապետութիւններու նախագահները այնուհետեւ այցելած են «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Ֆրանսայի տեղական մարմինին հովանաւորութեամբ եւ Լեռնային Ղարաբաղի կառավարութեան համաֆինանսաւորմամբ քաղաքին մէջ կառուցուած Եզնիկ Մոզեանի անուան արհեստագործական ուսումնարան: 225 ուսանողի համար կառուցուած եռայարկ ուսումնական կեդրոնը` 4050 քմ տարածքով, ունի հանրակրթական նիւթերու եւ արհեստներու ուսուցման համար անհրաժեշտ բոլոր յարմարութիւնները, որոնց կարգին` կահաւորուած դասարաններ, սարքաւորումներով ու համապատասխան կազմածներով օժտուած տարրալուծարաններ, արհեստանոցներ:

Ստեփանակերտի մէջ նախագահներ Սերժ Սարգսեանն ու Բակօ Սահակեանը մասնակցած են նաեւ «ԹՈՒՄՕ» ստեղծարար արհեստագիտութիւններու կեդրոնի բացման:

Լեռնային Ղարաբաղի մայրաքաղաքին մէջ «ԹՈՒՄՕ»-ի բացումը իրականութիւն դարձած է Սիմոնեան կրթական հիմնադրամին եւ Հայկական ընդհանուր բարեգործական միութեան համագործակցութեան շնորհիւ: Շրջագայելով կեդրոնին մէջ` նախագահները ծանօթացած են կրթական այդ հաստատութեան պայմաններուն եւ ուսումնական ծրագիրին:

Ըստ պատասխանատուներուն, ծրագիրը հասանելի պիտի ըլլայ աւելի քան 500 ուսանողներու, որոնցմէ ամէն մէկը շաբաթական երկու օր «ԹՈՒՄՕ»-ի մէջ պիտի հետեւի կեդրոնի ուսումնական չորս մարզերուն` գծանկարչութիւն, ժապաւէններու պատրաստութիւն, կայքերու մշակման եւ խաղերու ստեղծագործութեան հիմունքներ, ինչպէս նաեւ ձեռք պիտի ձգէ 21-րդ դարուն բնորոշ բազմաթիւ հմտութիւններ:

Նախորդը

Երեւանի Մէջ Բացումը Կատարուած Է Թաթուլ Կրպէեանի Անուան Զբօսայգիին

Յաջորդը

Նիքիթա Սիմոնեան Պիտի Շարունակէ Պաշտօնավարել

RelatedPosts

Խմբագրական.   Ազատագրումի Եւ Ընտրութեան Օր
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Ազատագրումի Եւ Ընտրութեան Օր

Մայիս 23, 2025
Ապպաս-Սալամ Հանդիպումին Համաձայնութիւն`  Շարք Մը Սկզբունքներու Շուրջ
Գլխաւոր լուրեր

Ապպաս-Սալամ Հանդիպումին Համաձայնութիւն` Շարք Մը Սկզբունքներու Շուրջ

Մայիս 23, 2025
Բագրատունի Կը Հանդիպի Լիբանանի Պաշտպանութեան Նախարարին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Կը Հանդիպի Լիբանանի Պաշտպանութեան Նախարարին

Մայիս 23, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?