«Բերիոյ նիուզ» կը հաղորդէ, որ երեքշաբթի, 1 սեպտեմբերի երեկոյեան շուրջ ժամը 7:00-ին զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներուն կողմէ տեղական արտադրութեան հրասանդ մը արձակուեցաւ Հալէպի քրիստոնեաբնակ Սիւլէյմանիէ-Վիլլաներ գիծին վրայ գտնուող կառատուներուն վրայ:
Բարեբախտաբար պայթիւնը տեղի ունեցաւ օդին մէջ եւ ոչ մէկ մարդկային վնաս արձանագրուեցաւ: Միայն նիւթական վնասներ կրեցին շրջանի շէնքերն ու ինքնաշարժները:
Հայ Ծերանոցի Պատսպարեալները ՀՄԸՄ-ի
Հալէպի Մասնաճիւղի Վարչութեան Հրաւէրով
Ուրախ Ժամեր Անցուցին
Դարձեալ «Բերիոյ նիուզ» կը նշէ, որ երկուշաբթի, 31 օգոստոս 2015ի երեկոյեան, Հալէպի Հայ ծերանոցի պատսպարեալները ՀՄԸՄ-ի Հալէպի մասնաճիւղի վարչութեան հրաւէրով ընթրիքի հրաւիրուած էին ՀՄԸՄ-ի պարտէզին մէջ:
Ծեր-պատսպարեալները չափազանց ուրախ ժամեր անցուցած են, երկու պապիկ ոգեւորիչ ձեւով ասմունքած են:
Հայ ծերանոցի տնօրէն Աւօ Գաթրճեան Հայ ծերանոցի մեծ ընտանիքին անունով շնորհակալութիւն յայտնած է վերոնշեալ նախաձեռնութեան բարերար ՀՄԸՄ-ի Հալէպի մասնաճիւղի վարչութեան, որ նիւթական եւ բարոյական օժանդակութեամբ տեւական նեցուկ կը կանգնի այս հաստատութեան եւ կ՛ուրախացնէ ծեր-պատսպարեալները: