Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Երեւանի Մէջ Բացումը Կատարուած Է Թաթուլ Կրպէեանի Անուան Զբօսայգիին

Սեպտեմբեր 3, 2015
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

tatul-1_9-02-15

2 սեպտեմբերին Երեւանի մէջ բացումը կատարուած է ազգային հերոս Թաթուլ Կրպէեանի անուան զբօսայգիին: Երեւանի համայնքային 2014-ի ծրագիրներու ծիրին մէջ նոր զբօսայգին կառուցուած է Նոր Նորք վարչական շրջանի Գայի պողոտայի եւ Լվովեան փողոցի հատման տարածքին կից:

Զբօսայգիի հանդիսաւոր բացման մասնակցած են պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան, Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեան, Կրպէեանի ընտանիքի անդամները, ընկերներն ու հարազատները:

«Կարծեմ` կը յիշէք, թէ ոմանք ինչպէ՛ս կը փորձէին ներկայացնել ընթացող աշխատանքները, երբ նոր սկսած էինք գործի: Ընդհուպ տեղեկութիւններ տարածեցին, թէ այստեղ ծառահատումներ եւ ծառապատ տարածքներ կ՛ոչնչանան: Ժամանակը ապացուցեց, որ մեր նպատակը շուրջ 20 տարի անխնամ, անբարեկարգ մնացած տարածքը կարգի բերելն ու արդէն իբրեւ գեղեցիկ հանգիստի գօտի մեր բնակիչներուն յանձնելն էր: Ի դէպ, կ՛ուզեմ յիշեցնել, որ այգիի

ստեղծման գաղափարի հիմքը նախաձեռնութիւնն էր մեր երիտասարդներուն, Ճարտարապետաշինարարական համալսարանի ուսանողներուն, որոնք նախագիծի տեսքով ներկայացուցին, եւ ահա հրաշալի այդ նախագիծը այսօր իրականութիւն է: Ի դէպ, այս այգին Աջափնեակ վարչական շրջանին մէջ կառուցուած այգիէն ետք  նման ձեւով եւ տարողութեամբ երկրորդ հանգիստի գօտին է մեր քաղաքին մէջ, եւ մենք պիտի փորձենք ընել կարելին, որ նմանատիպ շատ գօտիներ ունենանք մեր բոլոր վարչական շրջաններուն մէջ», այս առիթով ըսած է Երեւանի քաղաքապետը:

Ծրագիրի ծիրին մէջ այգիին մէջ կառուցուած են պազալթէ աստիճաններ, սալիկապատուած են ճեմուղիները, նորերով փոխարինուած են եզրաքարերը, ինչպէս նաեւ կառուցուած են յենապատեր, որոնք երեսապատուած են տարբեր տեսակի սալերով: Այգիին ամբողջ տարածքը ապահովուած է զրուցարաններով, նստարաններով եւ աղբամաններով, ցայտաղբիւրներով: Ժամանցի համար այգիին մէջ կառուցուած են թենիսի հարթակ, ինչպէս նաեւ մանկական խաղահրապարակներ:

Տարաբնոյթ նախաձեռնութիւններու կայացման համար այգիին մէջ կառուցուած է նաեւ ամփիթատրոն: Ճարտարապետական հետաքրքրական ոճով այգիին մէջ կայ կանաչ լաբիւրինթոս: Կառուցուած է 44 փոքր շատրուաններով համալրուած ջրաւազան: Կան ոռոգման նոր համակարգերու արտաքին լուսաւորութեան նոր ցանցեր:

Կարեւոր նկատելով այգին Թաթուլ Կրպէեանի անունով կոչելը` քաղաքապետ Տարօն Մարգարեան նկատել տուած է, որ զբօսայգին նաեւ առանձնայատուկ խորհուրդ ունի հայրենասէր ու հայրենանուէր սերունդ կրթելու առումով:

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան իր կարգին ընդգծած է, որ Թաթուլ Կրպէեանի ծննդեան 50-ամեակին նուիրուած նախաձեռնութիւններու կարգին Երեւանի քաղաքապետին այս նախաձեռնութիւնը իսկապէս կարեւոր էր ու ռազմահայրենասիրական ոգիով սերունդ կրթելու համար անհրաժեշտ:

«Օրը իսկապէս խորհրդանշական է նաեւ այն առումով, որ արցախեան ազատամարտի հերոսի անունը կրող այգիին բացումը կը կատարուի  Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան անկախութեան օրը, այն անկախութեան, որուն համար իր կեանքը զոհաբերեց նաեւ Թաթուլը: Վստահ եմ, որ այս այգին իր ուրոյն տեղը կ՛ունենայ մայրաքաղաքի կեանքին մէջ եւ համապատասխան հենք կը հանդիսանայ մեր երկրին մէջ հայրենասիրական գաղափարական եւ յատկապէս մատաղ սերունդի ռազմահայրենասիրական դաստիարակութեան համար: Վստահ եմ` մատաղ սերունդը, այս պուրակին մէջ հանգստանալով, ուսումնասիրելով եւ ծանօթանալով այստեղ տեղադրուած յուշակոթողներուն պատմութեան` հաստատապէս պիտի փորձէ նմանիլ հայրենիքի նուիրեալ մեր անվախ հերոսներուն», նշած է Սէյրան Օհանեան:

Նախարար Սէյրան Օհանեան, Տարօն Մարգարեան եւ Թաթուլ Կրպէեանի ընտանիքի անդամները շրջագայած են նորակառոյց այգիին մէջ, գնահատած կատարուած աշխատանքը: Ծրագիրին նախաձեռնելու եւ կարճ ժամանակամիջոցի մէջ զայն կեանքի կոչելու համար Թաթուլ Կրպէեանի այրին ու դուստրը իրենց գոհունակութիւնը փոխանցած են քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանին` նշելով, որ տարիներու իրենց երազը իրականութիւն դարձած է:

 

 

 

Նախորդը

Դաշնակցական Երիտասարդները Արցախի Հանրապետութեան Տօնին Նուիրուած Ցուցադրութիւն Կազմակերպած Են

Յաջորդը

Նախագահ Սարգսեան Մասնակցած Է Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Հռչակման 24-րդ Տարեդարձին Նուիրուած Ձեռնարկներուն

RelatedPosts

Ակնարկ.  Լիբանանը` Երրորդ Օրակարգ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Լիբանանը` Երրորդ Օրակարգ

Հոկտեմբեր 30, 2025
Բողոքի Ցոյց` Ի Պաշտպանութիւն Հայաստանի  Քաղաքական Բանտարկեալներուն  Եւ Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ Գերիներուն
Գլխաւոր լուրեր

Բողոքի Ցոյց` Ի Պաշտպանութիւն Հայաստանի Քաղաքական Բանտարկեալներուն Եւ Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ Գերիներուն

Հոկտեմբեր 30, 2025
Ուաշինկթըն. «Հըզպալլայի Հետ Ուղղակի Հաղորդակցութիւն Չունինք, Սակայն Շրջանին Մէջ Ունինք Գործընկերներ, Որոնք Կուսակցութեան Հետ Կը Խօսին»
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներ Մինչեւ Տարեվերջ Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Հետ Առաջին Աշխատանքային Խումբերը Պիտի Ստեղծեն

Հոկտեմբեր 30, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?