Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Հոտերնիդ Ելաւ» Արշաւի Անդամները Նախ Գրաւեցին Կենսոլորտի Նախարարութիւնը, Ապա Դուրս Դրուեցան Անկէ

Սեպտեմբեր 2, 2015
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

IMG_0582

«Հոտերնիդ ելաւ» արշաւը, որ շաբաթ, 29 օգոստոս 2015-ին ցոյց մը կազմակերպած էր Նահատակաց հրապարակին վրայ եւ ներկայացուցած իր պահանջները, երեք օրուան պայմանաժամ մը ճշդած էր պետութեան գործադրելու իր պահանջներուն մէկ մասը, որուն շրջագիծին մէջ կ՛իյնար կենսոլորտի նախարար Մոհամետ Մաշնուքի հրաժարականը, ինչպէս նաեւ շաբաթ, 22 օգոստոսին Ռիատ Սոլհ հրապարակին վրայ երիտասարդները խոշտանգող ապահովական պատասխանատուներուն հաշուետուութեան կանչելը:

Այս պահանջները չկատարելու պարագային, «Հոտերնիդ ելաւ» արշաւը սպառնացած էր դիմել մագլցողական քայլերու եւ լիբանանցիները հրաւիրած էր դարձեալ մասնակցելու տեղի ունենալիք ցոյցին:

Երէկ առաւօտեան այդ արշաւին պատասխանատուներն ու անդամները անակնկալի մատնեցին բոլորը, երբ ուղղուեցան կենսոլորտի նախարարութիւն եւ շուրջ 60 հոգիով մուտք գործեցին նախարարութեան կեդրոնատեղին, ուր անոնք պահանջեցին իրենց գտնուած շէնքին մէկ այլ բաժինին մէջ գտնուող կենսոլորտի նախարարին հրաժարականը:

Ներքին գործոց նախարարութիւնն ու կենսոլորտի նախարարութիւնը այդ արարքը նկատեցին նախարարութեան կեդրոնատեղիի ներխուժում եւ գրաւում, հետեւաբար «Հոտերնիդ ելաւ» արշաւէն պահանջեցին վերջ տալ այդ քայլին եւ հեռանալ նախարարութենէն:

Արշաւի անդամներուն եւ պատասխանատուներուն առ ի զօրակցութիւն հարիւրաւոր երիտասարդներ ուղղուեցան Ազարիէի շէնք, Կեդրոնական Պէյրութ, ուրկէ անոնք զօրակցութիւն յայտնեցին իրենց ընկերներուն, որոնք կը գտնուէին շէնքին մէջ:

Դուրսը գտնուող ցուցարարները փակեցին շէնքին երեք մուտքերը` արգիլելու համար նախարար Նուհատ Մաշնուքի փախուստը:

Միւս կողմէ, սակայն, նախարար Մաշնուք, որ նշեց, թէ աղբերու տագնապին լուծման յատուկ նախարարական յանձնախումբէն հրաժարելու իր կեցուածքը բողոքի արտայայտութիւն է աղբանոց գտնելու իմաստով ձախողած քաղաքական բոլոր ուժերուն դէմ, աւելցուց, որ ինք չ՛ուզեր լքել նախարարութիւնը:

Մաշնուք իր հրաժարականը պահանջողներուն պատասխանեց, որ ինք իր պարտականութիւնները կը ստանձնէ  եւ պատասխանատուութիւնը կը կատարէ:

Այս կեցուածքները պատճառ դարձան, որ քաղաքացիները աւելի մեծ թիւով ուղղուին Ազարիէ եւ շրջափակեն շէնքը:

IMG_0550

Մինչ այդ, «Հոտերնիդ ելաւ» արշաւին անդամները կոչ ուղղեցին բոլոր քաղաքացիներուն ուղղուելու կենսոլորտի նախարարութեան կեդրոնատեղի` շեշտելով, որ իրենք շէնքէն պիտի չհեռանան մինչեւ իրենց բոլոր պահանջներուն իրականացումը:

Այս մթնոլորտին մէջ ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք հաստատեց, որ ներքին ապահովութեան ուժերը բիրտ ուժ պիտի չկիրարկեն ցուցարարներուն դէմ, սակայն ներքին ապահովութեան ուժերը կենսոլորտի նախարարութենէն փորձեցին վտարել ցուցարարները, որոնք մնացին հոն` տոկալով տաքին, անօթութեան ու ծարաւին եւ շարունակեցին պահանջել նախարարին հրաժարականը:

Ցուցարարները մերժեցին նաեւ կենսոլորտի նախարարին գործուղած պատասխանատուն, որ բանակցելու նպատակով մօտեցած էր անոնց:

«Հոտերնիդ ելաւ» արշաւին պատասխանատուները հաստատեցին, որ իրենք բանակցելու ոչինչ ունին, որովհետեւ իրենց պահանջածը նախարարին հրաժարականն է:

Յետմիջօրէին ներքին գործոց նախարարը վարչապետ Թամմամ Սալամի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունենալէ ետք, ցուցարարներուն կէս ժամուան պայմանաժամ ճշդեց` դուրս գալու կենսոլորտի նախարարութենէն:

Նուհատ Մաշնուք ընդգծեց, որ կենսոլորտի նախարարութեան մէջ պատահածը պետական կառոյցի գրաւում է, ինչ որ լիբանանեան սահմանադրութեան խախտում է, եւ ան ժամը 3:40-ին ցուցարարներուն կէս ժամուան պայմանաժամ ճշդեց նախարարութենէն դուրս գալու:

Ներքին ապահովութեան ուժերը կոչ ուղղեցին նախարարութեան մէջ գտնուող ցուցարարներուն ուղղուելու իրենց որդեգրած հրապարակները եւ հոն շարունակելու իրենց բողոքի ցոյցը:

Կենսոլորտի նախարարութեան մէջ գտնուող «Հոտերնիդ ելաւ» արշաւի անդամներուն հետ բանակցող Պէյրութի ոստիկանապետ գնդապետ-զօրավար Մոհամետ Այուպի երեկոյեան ժամը 5:45-ին նախարարութեան մէջ գտնուող լսատեսողական լրատուամիջոցներէն խնդրեց դուրս գալ նախարարութեան կեդրոնատեղիէն:

Շուրջ 10 վայրկեան ետք, ապահովութեան ուժերը դուրս դրին լրագրողները, ընդհատեցին պատկերասփիւռի կայաններուն սփռումը եւ փորձեցին դուրս վտարել նախարարութեան մէջ գտնուող երիտասարդները, որոնք խոշտանգուեցան անոնց կողմէ:

Ապահովութեան ուժերուն առած այս քայլը պատճառ դարձաւ, որ նախարարութեան դիմաց ցուցարարներուն եւ ներքին ապահովութեան ուժերուն միջեւ բախումներ արձանագրուին:

Մինչ բախումները կ՛արձանագրուէին, Լիբանանեան Կարմիր Խաչը նախարարութեան կեդրոնատեղիէն դուրս բերաւ վիրաւոր ցուցարարները, որոնց շարքին էր բեմադրիչ Լուսիեն Ապու Ռժայլի, որ ծանրօրէն վիրաւորուած էր:

Մինչ կենսոլորտի նախարարութեան մէջ գտնուող մնացեալ 15 քաղաքացիները մերժեցին դուրս գալ, ցուցարարներուն եւ ապահովութեան ուժերուն միջեւ բախումները շարունակուեցան, յատկապէս երբ սադրիչներ պայթուցիկներ նետեցին ապահովութեան ուժերուն վրայ եւ քարկոծեցին զանոնք: Խաղաղ ցուցարարները իրենց մարմիններով պաշտպանեցին ապահովութեան ուժերը` սադրիչներէն:

Նախարարութեան դիմաց տիրող ապահովական քաոսին եւ ծեծկռտուքին լոյսին տակ, ապահովութեան ուժերը երեկոյեան ժամը 9:30-ին, բռնի ուժով դուրս դրին մնացեալ ցուցարարները, որոնք իրենց կարգին հաստատեցին, որ նախարարութեան կեդրոնատեղիին մէջ ենթարկուած են խոշտանգումի:

«Հոտերնիդ ելաւ» արշաւին պատասխանատուները հաստատեցին, որ իրենք իրենց շարժումը պիտի շարունակեն եւ հետագային գործադրուելիք քայլերուն մասին տեղեակ պիտի պահեն ժողովուրդը:

Երեկոյեան ժամը 10:00-ին, շուրջ 12 ժամ նստացոյց կատարած եւ ապահովութեան ուժերուն հետ բախումներու ենթարկուած քաղաքացիները դատարկեցին նախարարութեան կեդրոնին մուտքերը:

Բոլորին հեռանալէն ետք, ապահովութեան ուժերը նախարարութենէն դուրս բերին նախարար Մոհամետ Մաշնուքը:

Ուշ երեկոյեան հաղորդուեցաւ, որ ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք այսօր կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին հրաւիրած է մամլոյ ասուլիսի մը:

 

Լուսանկարները` ԺԱՔ ՅԱԿՈԲԵԱՆի

Նախորդը

«ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն Բացարձակ Զօրակցութիւն Կը Յայտնէ Պըրրիի Նախաձեռնութեան» Շեշտեց Յ. Բագրատունի

Յաջորդը

«Ոչ Թալանին» Շարժումին Ցոյցը Աւարտած Է Բախումներով Եւ Ձերբակալութիւններով

RelatedPosts

Նախագահ Աուն Բանակի Հրամանատարէն  Պահանջեց Դէմ Դնել Իսրայէլեան Որեւէ Ներթափանցման
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Աուն Բանակի Հրամանատարէն Պահանջեց Դէմ Դնել Իսրայէլեան Որեւէ Ներթափանցման

Հոկտեմբեր 31, 2025
Պայրագտարեան Եւ Պօղոսեան Այցելեցին Նախագահ Աունին
Գլխաւոր լուրեր

Պայրագտարեան Եւ Պօղոսեան Այցելեցին Նախագահ Աունին

Հոկտեմբեր 31, 2025
Պլիտայի Քաղաքապետարանին Վրայ  Իսրայէլեան Յարձակում
Լիբանանեան

Պլիտայի Քաղաքապետարանին Վրայ Իսրայէլեան Յարձակում

Հոկտեմբեր 31, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?