Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահը Գլխաւորած Է Կառավարութեան Արտահերթ Նիստը

September 5, 2015
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

shant_9-04-15

«Շանթ-2015» ռազմավարական հրամանատարական ղեկավարման մարմիններու ռազմափորձերուն ծիրին մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան 4 սեպտեմբերին հրաւիրած ու վարած է Հայաստանի կառավարութեան պայմանական նիստը, որուն ընթացքին նախարարները ներկայացուցած են իրենց համակարգման մարզերուն մէջ ռազմափորձերու բեմագրութենէն բխող յանձնարարականներու կատարման ընթացքը, զեկուցած որոշակի իրավիճակներու մէջ յառաջացած խնդիրներուն մասին եւ առաջարկներ ներկայացուցած` անոնց լուծման ու կառավարման առաւել արդիւնաւէտ միջոցներու կիրարկման ուղղութեամբ:

Նիստի սկիզբը կառավարութեան անդամներուն ուղղած իր խօսքին մէջ նախագահը անդրադարձած է իրականացուող ռազմափորձերուն կարեւորութեան` ընդգծելով, որ իւրաքանչիւր ռազմափորձ կը փորձէ լուծել երկու կարեւորագոյն խնդիրներ` ուսուցողական եւ ստուգողական: «Վերջնական նպատակն է` պատրաստ ըլլալ իրական իրադարձութիւններու ծաւալման պարագային ամէնէն արդիւնաւէտ միջոցներ ձեռնարկելուն` երկրի տարածքային ամբողջականութեան եւ անվտանգութեան նկատմամբ ծառացած սպառնալիքը վերացնելու համար», հաստատած է ան: Նախագահ Սերժ Սարգսեան խօսած է նաեւ տեղի ունեցող նախաձեռնութիւններէն ետք անոնց արդիւնքներու ամփոփման եւ համապատասխան փաստաթուղթերու պատրաստութեան անհրաժեշտութեան մասին` դիտել տալով, որ անոնցմով պիտի գնահատուի ռազմափորձին մասնակից ստորաբաժանումներուն եւ ղեկավարներուն աշխատանքը, պիտի կազմուին թերութիւններու վերացման ծրագիրներ, որոնց իրագործումը ինքնին պիտի դառնայ յաջորդ ռազմափորձերու նախապատրաստական հանգրուան:

Կառավարութեան անդամներուն զեկուցումները լսելէ եւ համապատասխան որոշումներ տալէ ետք, տրուած են անոնց կատարումը ապահովող համապատասխան յանձնարարականներ:

 

Հայաստանի Թանգարանները Եւս Կը Մասնակցին Ռազմափորձերուն

 

Հայաստանի թանգարանները եւս ներգրաւուած են «Շանթ 2015»  ռազմավարական ռազմափորձերուն մէջ:

Մատենադարանի աշխատակազմը ուսումնական դատարկում կատարած է, նոյնանման քայլերու դիմած են նաեւ Ազգային պատկերասրահին մէջ:

Հիւանդանոցներուն մէջ յաւելեալ մահճակալներ տեղադրուած են պայմանական վիրաւորներ տեղաւորելու համար:

Համաձայն ռազմափորձերու բեմագրութեան, կապի որոշ գործառոյթներ տրուած են նաեւ երկրի լրատուամիջոցներուն:

Նշենք, որ ռազմափորձերուն կը մասնակցին բոլոր պետական մարմինները: Անոնք պիտի աւարտին 6 սեպտեմբերին:

 

«Շանթ-2015». «Հայաստանի Մէջ Այս Տարողութեամբ Ռազմափորձ Առաջին Անգամն Է, Որ Կ՛իրականացուի»

 

«Շանթ-2015» ռազմավարական հրամանատարական ռազմափորձերուն նպատակն է ստուգել պետութեան պատրաստականութիւնը մարտական գործողութիւններու կամ պատերազմի վերսկսման պարագային, ղեկավարման համակարգի ունակութիւնը եւ պատրաստականութիւնը պետութիւնը զինուորական դրութեան ժամանակ ղեկավարելու, նաեւ մարզել ղեկավար կազմը: Լրագրողներուն հետ հանդիպման ժամանակ ըսած է Հայաստանի Հանրապետութեան զինուած ուժերու սպայակոյտի պետի տեղակալ, զօրավար-հազարապետ Մովսէս Յակոբեան:

Անոր խօսքով, ռազմափորձերուն նպատակն է նաեւ Հայաստանը բերել բարձր աստիճանի մարտական պատրաստուածութեան, համապատասխան միջոցներ իրականացնել պետութիւնը լրիւ աստիճանի պատրաստուածութեան բերելու համար: Ռազմափորձերուն միջոցով, ըստ անոր, պէտք է ստուգեն նաեւ տնտեսութեան կարելիութիւնը պետութիւնը զինուորական դրութեան բերելու ժամանակ, ստուգել պետութեան պահուստները զինուորական դրութեան ժամանակ:

 

 

Նախորդը

Արփինէ Յովհաննիսեան` Հայաստանի Հանրապետութեան Արդարադատութեան Նախարար

Յաջորդը

Դաշնակցութիւնը Պիտի Առաջարկէ Հակամենաշնորհային Քաղաքականութիւնը Ներառել Սահմանադրութեան Մէջ

RelatedPosts

Կառավարութիւնը Պիտի Գումարէ Իրերայաջորդ  Նիստեր, Իսկ Տոհայի Ժողովը Եղած Է Լուրջ Եւ Դրական
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Դէպի Երկրորդ Փուլ. Առկախումներ, Ուղերձներ

January 15, 2026
Չորս Գերիներ Ազատ Արձակուեցան  Եւ Վերադարձան Հայաստան
Գլխաւոր լուրեր

Չորս Գերիներ Ազատ Արձակուեցան Եւ Վերադարձան Հայաստան

January 15, 2026
«Թեհրանի Մէջ Կը Ձեւաւորուի Պատկերացում,  Թէ Հայաստան Կը Դառնայ Իրանի Դէմ Թշնամաբար  Տրամադրուած Ուժերու Կեդրոն»  Կ՛ըսէ Իրանի Դեսպանը
Հայկական

«Թեհրանի Մէջ Կը Ձեւաւորուի Պատկերացում, Թէ Հայաստան Կը Դառնայ Իրանի Դէմ Թշնամաբար Տրամադրուած Ուժերու Կեդրոն» Կ՛ըսէ Իրանի Դեսպանը

January 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.