Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազգային Ազատ Հոսանք Կուսակցութեան Տասնեակ Հազարաւոր Համակիրները Ողողեցին Նահատակաց Հրապարակը

September 5, 2015
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Aunist-1ph-Sako-B_9-04-15
Լուսանկարները՝ ՍԱԳՕ ՊԵՔԱՐԵԱՆԻ

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան կազմակերպութեամբ երէկ երեկոյեան ժամը 5:30-ին Նահատակաց հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ բազմամարդ ցոյց մը, որուն մասնակցեցան տասնեակ հազարաւոր աունականներ` ընդառաջելով Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի կոչին:

Ցոյցին ներկայ գտնուեցան Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան նախարարներն ու երեսփոխանները, ինչպէս նաեւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Արթիւր Նազարեան եւ նախկին նախարար Փանոս Մանճեան:

Aunist-2ph-Sako-B_9-04-15

Կէսօրէ ետք ժամը 3:30-էն սկսեալ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան անդամներն ու համակիրները լիբանանեան բոլոր շրջաններէն` հարաւէն, հիւսիսէն, Պեքաայէն, Մեթնէն եւ մայրաքաղաքէն ուղղուեցան Նահատակաց հրապարակ, իսկ ոմանք ողողեցին Ֆորումէն մինչեւ Սայֆի երկարող մայրուղին եւ թեքնիք պատճառներով չկրցան հասնիլ հրապարակ:

Երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ իր խօսքին մէջ նշեց, որ 2015-ին Նահատակաց հրապարակ վերադարձած են այդ հրապարակը վերադարձնելու համար լիբանանցիներուն:

«Մենք Լիբանան երկիրն ու պետութիւնը երազող մարդիկ ենք: Մենք պետութիւնը կ՛ուզենք կերտել եւ կը փափաքինք ընտրել հանրապետութեան նախագահ մը, որ ազատ է, ժողովուրդին կողմէ ընտրուած եւ անոր որոշումը` ժողովուրդին եւ սահմանադրութեան հզօրութեամբ ճշդուած: Կ՛ուզենք ունենալ խորհրդարան մը, որ ինքն իր պաշտօնավարութիւնը չերկարաձգէ», ըսաւ Պասիլ` հաստատելով, որ խորհրդարանը պէտք է ընտրուի համամասնական օրէնքի հիման վրայ, ինչպէս նաեւ պէտք է կազմել նախարարաց խորհուրդ մը, որուն բոլոր անդամները կը բաժնեկցին պատասխանատուութիւնը եւ կը յարգեն օրէնքներն ու սահմանադրութիւնը:

«Մենք կ՛ուզենք ունենալ պետութիւն մը, ուր կը կիրարկուին ընկերային եւ տարեցներու ապահովագրութեան դրութիւնները, կ՛ուզենք պետութեան մէջ համահաւասար պատասխանատուութիւններ ստանձնել եւ իրաւունքներ ստանալ: Չենք ընդունիր ունենալ հանրապետութեան փայտեայ նախագահ, որ ժողովուրդին ոսկեայ տարազէն գաղափար իսկ չունի: Կը փափաքինք ունենալ նախագահ մը, զոր մենք կ՛ընտրենք եւ ոչ արտաքին աշխարհը», ըսաւ Պասիլ:

Անդրադառնալով աղբերու տագնապին` Պասիլ շեշտեց, որ այդ հարցին լուծումը կարելի է Պէյրութի եւ անոր արուարձաններուն մէջ աղբի հրկիզման վայրեր ստեղծելով:

Պասիլ շեշտեց, որ լիբանանցիները իրար կ՛ամբողջացնեն` շեշտելով, որ ոչ ոք կրնայ ուրիշը մերժել:

«Մենք փոփոխութեան եւ բարեկարգումի հոսանքն ենք եւ կոչ կ՛ուղղենք բոլորին ուղղուելու ընտրութիւններ կատարելու եւ փտածները ճզմելու: Մենք դժուար ճամբան ընտրած ենք եւ ով որ կը վախնայ մեր շարքերէն չի՛ կրնար ըլլալ», շեշտեց Պասիլ:

Միւս կողմէ, զօր. Աուն պատկերասփռուած ճառի մը ընդմէջէն հպարտութիւն արտայայտեց իր կոչին ընդառաջած եւ փողոց իջած ժողովուրդին համար: «Ինչպէս անցեալին, այսօր եւս ձեզմով հպարտ եմ, դուք պահպանեցիք երկրին առողջ պատգամը եւ Ազգային ազատ հոսանքը, իսկ ձեր միասնականութեամբ, համագործակցութեամբ եւ պարկեշտութեամբ պիտի պահպանէք նաեւ Լիբանանը», շեշտեց զօր. Աուն:

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան դիւանագիտական յարաբերութիւններու պատասխանատու Միշել տը Շատարեւեան յայտնեց, որ իրենք եղած են առաջինները, որոնք բարեկարգում պահանջած են:

Տը Շատարեւեան շեշտեց, որ ՀՅ Դաշնակցութիւնը մնայուն կերպով զօրակցած է իրենց եւ մասնակցած ժողովրդային ցոյցերուն, «սակայն այսօր ՀՅԴ իբրեւ դաշնակից ուժ, իր ղեկավարութեամբ կը մասնակցի մեր ցոյցին»:

Hagop-Pakradouni_9-04-15ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի շեշտեց, որ ինչպէս բոլոր լիբանանցիները, լիբանանահայութիւնը եւս կը տառապի երկրին իշխանութիւններուն բացակայութենէն եւ պետութեան բացթողումէն:

«Այսօր մենք այս ցոյցին կը մասնակցինք հաստատելու համար, որ ժողովուրդը կ՛որոշէ: Մենք եկած ենք պահանջելու, որ երկրին սահմանադրութիւնը մանրամասն գործադրուի, իսկ ժողովուրդը սահմանադրութեան աղբիւրն է, հետեւաբար բոլորս պէտք է անսանք ժողովուրդին ձայնին, եւ ժողովուրդը ընտրութիւններ կը պահանջէ, ըլլան անոնք նախագահական թէ երեսփոխանական ընտրութիւններ, որոնք ազգային անշեղ սկզբունքները ներկայացնող սահմանադրական հոլովոյթներ են», շեշտեց Յ. Բագրատունի:

Նախորդը

Ֆրենժիէ – Խալիլ Հանդիպում

Յաջորդը

Թուրքիոյ Եւրոպական Միութեան Հարցերով Նախարարը Հայերու Կոտորածը Կը Նկատէ Անժխտելի Փաստ

RelatedPosts

Բագրատունի Ընդունեց Հայաստանի Դեսպան Սարմեն Պաղտասարեանը
Գաղութային

Բագրատունի Ընդունեց Հայաստանի Դեսպան Սարմեն Պաղտասարեանը

March 13, 2026
Մոջթաբա Խամենէի. «Եթէ Պատերազմական  Իրավիճակը Շարունակուի, Գործի Պիտի Լծուին Ճակատներ,  Ուր Թշնամին Փորձառութիւն Չունի»
Գլխաւոր լուրեր

Մոջթաբա Խամենէի. «Եթէ Պատերազմական Իրավիճակը Շարունակուի, Գործի Պիտի Լծուին Ճակատներ, Ուր Թշնամին Փորձառութիւն Չունի»

March 13, 2026
Պուսահիտի. «Իրանի Դէմ Պատերազմին  Նպատակը Շրջանի Վերաձեւաւորումն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պուսահիտի. «Իրանի Դէմ Պատերազմին Նպատակը Շրջանի Վերաձեւաւորումն Է»

March 13, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.