Պատուիրակութիւնը Այցելած Է Առաջնագիծ
ՀՅ Դաշնակցութեան հրաւէրով Արցախ կը գտնուին Ֆրանսայի խորհրդարանի ընկերվարական խմբակցութեան անդամները: Ուրբաթ, 4 սեպտեմբերի առաւօտեան անոնք այցելած են առաջնագիծ:
Պատուիրակութեան կ՛ընկերակցէին ՀՅԴ Բիւրոյի անդամներ Մուրատ Փափազեանն ու Կիրօ Մանոյեանը, ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի «Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան ղեկավար Դաւիթ Իշխանեան եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի «Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան պատգամաւոր Լեռնիկ Յովհաննիսեան:
Հանդիպում` Արցախի Պետական
Համալսարանին Մէջ
Ֆրանսայի Խորհրդարանի ընկերվարական խմբակցութեան անդամները ուրբաթ, 4 սեպտեմբերին այցելած են Արցախի պետական համալսարան, ծաղիկներ զետեղած են Արցախեան պատերազմին ընթացքին նահատակուած ազատամարտիկներուն յիշատակը յաւերժացնող յուշակոթողին, որմէ ետք հանդիպում ունեցած են Արցախի պետական համալսարանի ֆրանսախօս ուսանողներու եւ դասախօսական անձնակազմին հետ:
Հանդիպումին ներկայ էին ՀՅԴ Բիւրոյի անդամներ Մուրատ Փափազեան եւ Կիրօ Մանոյեան, ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի «Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան ղեկավար Դաւիթ Իշխանեան, ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի փոխնախագահ Վահրամ Բալայեան, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի «Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան պատգամաւոր Լեռնիկ Յովհաննիսեան:
Արցախի պետական համալսարանի նախագահ Մանուշ Մինասեան հակիրճ կերպով ներկայացուցած է համալսարանին գործունէութիւնը, յառաջիկայ ծրագիրները, որմէ ետք ուսանողները հանդէս եկած են հարցադրումներով, մասնաւորապէս` երկկողմանի կապերու ամրապնդման, հաւանական միջհամալսարանական յարաբերութիւններու ստեղծման վերաբերեալ:
Լը Ռու. «Արցախցիներուն Մէջ Ամէնէն Շատը
Սիրեցի Ազատութեան Ձգտումը»
Ուրբաթ, 4 սեպտեմբերին Ֆրանսայի խորհրդարանի ընկերվարական խմբակցութեան անդամները Ստեփանակերտի «Շարլ Ազնաւուրի անուան կեդրոն»-ին մէջ հանդիպում ունեցած են ՀՅԴ Արցախի երիտասարդական կառոյցի եւ Արցախի երիտասարդական այլ կառոյցներու ներկայացուցիչներուն հետ: Հանդիպումին ներկայ էին ՀՅԴ Բիւրոյի անդամներ Մուրատ Փափազեան եւ Կիրօ Մանոյեան եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն Ազգային ժողովի «Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան պատգամաւոր Լեռնիկ Յովհաննիսեանը:
Ձեռնարկին սկիզբը, ՀՅԴ Ֆրանսայի «Նոր սերունդ» երիտասարդական միութեան կողմէ Արցախի մէջ կազմակերպուած ամառնային ճամբարին պատանիները հանդէս եկած են գեղարուեստական յայտագիրով:
Ֆրանսայի Խորհրդարանի ընկերվարական խմբակցութեան ղեկավար Պրունօ Լը Ռու, շնորհակալութիւն յայտնելով պատանիներուն եւ ՀՅԴ «Նոր սերունդ» երիտասարդական միութեան, նշած է, որ յառաջիկայ ամառուընէ սկսեալ անոնք եւ «Նոր սերունդ»-ակաները պիտի համագործակցին եւ վերջինները պիտի ունենան ֆինանսական աջակցութիւն:
«Շնորհակալութիւն բոլոր անոնց, որոնք այսօր բեմի վրայ էին եւ այն կարելիութեան համար, որ մենք այսօր միասին կրնանք կիսել այն հպարտութիւնը, որ դուք բոլորդ ունիք ձեր երկրին նկատմամբ», ըսած է Պրունօ Լը Ռու:
Պրունօ Լը Ռուն կարեւոր նկատած է այն համագործակցութիւնը, որ գոյութիւն ունի ՀՅԴ կուսակցութեան հետ եւ նշած, որ միշտ պէտք է տարբերութիւն դնել այն երկիրներուն միջեւ, որոնք կը յարգեն ժողովրդավարութիւնն ու խաղաղութիւնը եւ այն երկիրներուն միջեւ, որոնք կ՛ոտնահարեն ժողովրդավարութիւնն ու խաղաղութիւնը:
«Պէտք է այնպէս մը ընել, որ սթաթիս քոն փոխուի դէպի խաղաղութիւն, եւ այդ է պատճառը, որ մենք եկանք այստեղ, որպէսզի հասկնանք եւ քննարկենք իրավիճակը», ըսած է Լը Ռու:
Արցախի երիտասարդական կառոյցներու ներկայացուցիչները ուղղած են իրենց հարցադրումները:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ե՞րբ Ֆրանսան պիտի ճանչնայ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը, Պրունօ Լը Ռուն պատասխանած է, որ միացեալ Նահանգներ, Ռուսիա, Ֆրանսա եւ Հայաստան միասին պէտք է գան այդ յայտարարին:
Մամլոյ Ասուլիս` Պրունօ Լը Ռուի
Գլխաւորութեամբ
ՀՅԴ նախաձեռնութեամբ Արցախի մէջ գտնուող Ֆրանսայի Խորհրդարանի ընկերվարական խմբակցութեան անդամները, խմբակցութեան ղեկավար Պրունօ Լը Ռուի գլխաւորութեամբ, ուրբաթ, 4 սեպտեմբերին հանդիպում ունեցան Արցախի լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ:
«Արմենիա» պանդոկի նիստերու դահլիճին մէջ հրաւիրուած մամլոյ ասուլիսին ներկայ էին ՀՅԴ Բիւրոյի անդամներ Մուրատ Փափազեան եւ Կիրօ Մանոյեան, ՀՅԴ Ֆրանսայի Կեդրոնական կոմիտէի անդամներ, ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան խորհրդարանի «Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան ղեկավար Դաւիթ Իշխանեան, ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի փոխնախագահ Վահրամ Բալայեան, ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի անդամներ եւ «Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան պատգամաւորներ:
Մամլոյ ասուլիսի բացման խօսքով հանդէս եկաւ Դ. Իշխանեան, որ ներկաներուն տեղեկացուց, թէ Ֆրանսայի պատուիրակութեան այցելութեան կազմակերպումը նպատակ ունի անոնց ծանօթացնելու Արցախի ներքին կեանքին, ինչպէս նաեւ մօտէն անդրադառնալու արցախեան հարցին: Ուստի պատահական չէ, որ ասուլիսէն ժամեր առաջ պատուիրակութիւնը այցելած էր առաջնագիծ եւ ծանօթացած սահմանին վրայ տիրող իրավիճակին: Դ. Իշխանեան կարեւոր նկատած է նման այցելութիւններու կազմակերպումը եւ յոյս յայտնած, որ այդ մէկը կ՛ունենայ շարունակական բնոյթ:
Ասուլիսին ընթացքին Պրունօ Լը Ռուն իր երախտագիտութիւնը յայտնեց ՀՅ Դաշնակցութեան կառոյցին` հետաքրքրական ու բովանդակալից այցելութեան կազմակերպումին համար` նշելով, որ նման այցելութիւններ կ՛օգնեն ճանչնալու Արցախը: «Մենք Արցախ եկանք 3 սեպտեմբերին` Արցախի անկախութեան հռչակման յաջորդ օրը: Ես գիտեմ, որ անկախութիւնը շատ սուղ է իւրաքանչիւր արցախցիի համար: Ես հասկցայ, որ ժողովուրդը կը փայփայէ իր անկախութիւնը: Անոր համար ալ շատ կարեւոր էր առաջնագիծ մեր այցելութիւնը: Մենք անձամբ ծանօթացանք իրավիճակին: Պէտք է նախաձեռնողականութիւն ցոյց տալ եւ ընթանալ դէպի խաղաղութիւն: ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակը պէտք է այս հարցին մէջ լուծման ուղիներ փնտռէ: Ֆրանսա եւս այդ ուղղութեամբ ջանքեր պիտի չխնայէ», նշեց ան:
Հանդիպումին ընթացքին լրագրողները զիրենք յուզող հարցերը ուղղեցին պատուիրակութեան ղեկավարին: Հարցումները կը վերաբերէին Անգարա-Փարիզ յարաբերութիւններուն, ղարաբաղեան տագնապի լուծման, Արցախ-Ֆրանսա յարաբերութիւններու սերտացման եւ այլն:
«Հայաստանը եւ Լեռնային Ղարաբաղը պէտք է միշտ առաջնորդուին ժողովրդավարութեան եւ ազատութեան սկզբունքներով: Այդ երկուքը ամէն ինչէ զօրաւոր են եւ ի վերջոյ միշտ կը յաղթեն», շեշտեց Պ. Լը Ռու:
Յարգանքի Տուրք` Ստեփանակերտի
Յուշահամալիրին Մէջ
Արցախ գտնուող Ֆրանսայի խորհրդարանի ընկերվարական խմբակցութեան անդամները, խմբակցութեան ղեկավար Պրունօ Լը Ռուի գլխաւորութեամբ, շաբաթ առաւօտեան այցելեցին Ստեփանակերտի յուշահամալիր, ուր ծաղիկներ զետեղեցին Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան գերագոյն խորհուրդի առաջին նախագահ Արթուր Մկրտչեանի շիրիմին եւ արցախեան պատերազմին նահատակուած ազատամարտիկներու յուշարձանին:
Անոնց կ՛ընկերակցէին ՀՅԴ Բիւրոյի անդամներ Մուրատ Փափազեան եւ Կիրօ Մանոյեան, ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի «Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան ղեկավար Դաւիթ Իշխանեան, ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն Ազգային ժողովի փոխնախագահ Վահրամ Բալայեան, ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի անդամ, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի «Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան պատգամաւոր Արմէն Սարգսեան:
Այնուհետեւ անոնք այցելեցին Արցախի խորհրդանիշ հանդիսացող «Մենք ենք մեր սարերը» յուշարձան, ուր անոնց ներկայացուցին յուշարձանին կերտման պատմութիւնն ու խորհուրդը: