4 սեպտեմբերին` սահմանադրական փոփոխութիւններու վերաբերեալ խորհրդարանական ունկնդրութիւններուն ընթացքին, Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեան հանդէս եկած է հարցում-առաջարկներով:
Ան նախ շեշտած է ունկնդրութիւններու եւ սահմանադրական փոփոխութիւններու յանձնախումբի հետեւողական պատասխաններուն կարեւորութիւնը, քանի որ անոնք պիտի օգնեն շատերուն, որ լիարժէք կերպով պատկերացնեն, թէ նոր սահմանադրութեամբ ի՛նչ կ՛առաջարկուի եւ կը փարատէ անոնց մտահոգութիւններն ու կասկածները:
Պատգամաւորը նշած է, որ իր առաջարկները ուղղուած են հասարակական հատուածի աշխուժ ներկայացուցիչներուն: Ըստ Մինասեանի, բազմիցս ըսուած է, որ Հայաստանի տնտեսական զարգացման խոչընդոտներէն մէկը մենաշնորհներու առկայութիւնն է: «Գործող սահմանադրութեան կարելիութեամբ կարելի չէ աշխուժ հակամենաշնորհային քաղաքականութիւն վարել: Պէտք է առաջարկել դրութիւն մը, եւ մենք հիմա կ՛աշխատինք անոր շուրջ, որպէսզի հակամենաշնորհային քաղաքականութիւնը դառնայ սահմանադրական կանոն», բացատրած է Արծուիկ Մինասեան:
Պատգամաւորին միւս առաջարկը կը վերաբերէր Կեդրոնական դրամատան գլխուն. ան առաջարկած է այնտեղ թուարկուած գիներու ու ֆինանսական կայունութեան վերաբերեալ մանրամասնութիւնները սահմանադրութենէն հանել եւ օրէնքի կարգաւորման դաշտ փոխադրել:
Սահմանադրական փոփոխութիւններու յանձնախումբի անդամ Վարդան Պօղոսեան նշած է, որ եթէ հակամենաշնորհային կանոն առաջարկուի` սահմանադրութեան մէջ ամրագրելու համար, ապա սիրով պատրաստ են զայն քննարկելու, ամրագրելու:
«Բազմաթիւ դրոյթներ, որոնք ամրագրուած են նոր սահմանադրութեան նախագիծին մէջ, եղած են շնորհիւ Դաշնակցութեան առաջարկներուն եւ ջանքերուն: Եթէ ըլլայ առաջարկ` հակամենաշնորհային կանոնը ներառելու սահմանադրութեան մէջ, ապա մենք պատրաստ ենք միասին աշխատելու գտնելու փոխադարձ ընդունելի լուծումներ», ըսած է ան:
Վարդան Պօղոսեան նշած է, որ չունի լիազօրութիւն պատասխանելու այն հարցումին, թէ անհրաժե՞շտ է արդեօք Ա. Մինասեանի երկրորդ առաջարկով նշուած ձեւակերպումները հանել գործող սահմանադրութենէն: Ան բացատրած է. «Կը կարծեմ` ասիկա կարեւորագոյն խնդիրներէն մէկն է, որ սահմանադրական փոփոխութիւններու ծիրին մէջ լրջագոյն քննարկման պէտք է արժանանայ: Կրնամ միայն վստահեցնել, որ սահմանադրական յանձնախումբը ամենայն լրջութեամբ պիտի մօտենայ այս հարցին»: