Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռուսիոյ Մէջ. Մերժ Սարգսեանի Եւ Վլատիմիր Փութինի Հանդիպում

September 9, 2015
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

putin_9-08-15

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան աշխատանքային այցելութեամբ մեկնած է Ռուսիա:

Նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութեան համաձայն, 8 սեպտեմբերին նախագահ Սերժ Սարգսեան հանդիպում ունեցած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ` իբրեւ օրակարգային նիւթ ունենալով հայ-ռուսական երկկողմանի գործակցութեան առնչուող հարցեր: Նախագահները քննարկած են երկու երկիրներու տնտեսական, քաղաքական, մարդասիրական եւ այլ մարզերու մէջ գործակցութիւնը:

Նախագահները անդրադարձած են Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման հոլովոյթի ներկայ հանգրուանին: Նախագահ Սարգսեան իր խօսքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնած է Ռուսիոյ եւ անձամբ Փութինին` ղարաբաղեան տագնապի խաղաղ լուծման  ուղիներու որոնման ուղղութեամբ ի գործ դրած ջանքերուն համար: Ան նշած է. «Վերջին երկու շաբաթներուն սահմանային գիծը շատ լարուած էր: Ազրպէյճանական կողմը բացի խոշոր տրամաչափի հրազէնէն, կիրարկած է հրետանային զէնք: Վստահաբար, մենք ստիպուած եղած ենք  պատասխան տալու: Ես այդ մասին աւելի մանրամասնօրէն պիտի խօսիմ Տուշանպէյի մէջ` Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան վեհաժողովին ընթացքին», ըսած է նախագահ Սերժ Սարգսեան:

Ռուսիոյ նախագահը իր կարգին դիտել տուած է, որ թէեւ յաճախ իրենք հանդիպումներ, հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ, տարբեր համաժողովներու զուգահեռ տեսակցութիւններ կ՛ունենան, սակայն միշտ ալ քննարկելի հարցեր կան: «Ես նկատի ունիմ Ռուսիա-Հայաստան յարաբերութիւններուն առանձնայատուկ բնոյթը, նկատի ունիմ Եւրասիական տնտեսական միութեան Հայաստանի միացումը, ինչպէս նաեւ լիարժէք մասնակցութիւնը համարկման այլ կառոյցի մը` Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան: Կ՛ուզէի այս առումով ձեզի հետ շարք մը հարցեր քննարկել: Հաճելի է, որ Ռուսիան կը շարունակէ մնալ Հայաստանի յառաջատար տնտեսական գործընկերը: Համեմատած 2013 թուականին հետ, նախորդ տարի մեծապէս աւելցած է մեր ապրանքաշրջանառութիւնը, բայց, ցաւօք, ընթացիկ տարուան առաջին կիսամեակին տեղի ունեցած է փոփոխութիւն` դէպի նուազում: Մենք այսօր այդ մասին եւս կը խօսինք: Այդտեղ կան որոշ նրբութիւններ, որոնց պատասխանները չունինք տակաւին: Մենք պատրաստ ենք ձեզի հետ քննարկելու այդ հարցերը»:

Անդրադարձ կատարուած է նաեւ Եւրասիական տնտեսական միութեան  Հայաստանի անդամակցութենէն ետք սկսած համալրացման հոլովոյթներուն: Նախագահները միտքեր փոխանակած են միջազգային եւ շրջանային արդի խնդիրներուն եւ մարտահրաւէրներուն շուրջ:

Նախորդը

Վարչապետ Աբրահամեան Մասնակցած Է Եւրասիական Տնտեսական Միութեան Միջկառավարական Խորհուրդի Նիստին

Յաջորդը

«Քամփ Արմէն» Որբանոցին Դէմ Յարձակում Տեղի Ունեցած Է

RelatedPosts

Ակնարկ.  Մրցակից-Գործակից Միջնորդներ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Մրցակից-Գործակից Միջնորդներ

October 29, 2026
Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Արդիւնքը  Այսօր Երեկոյեան Կը Սպասուի
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Արդիւնքը Այսօր Երեկոյեան Կը Սպասուի

October 29, 2026
Ազգային Ժողովը Վաւերացուց ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրը. Ընդդիմադիր Խմբակցութիւնները Դէմ Քուէարկեցին
Գլխաւոր լուրեր

Ազգային Ժողովը Վաւերացուց ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրը. Ընդդիմադիր Խմբակցութիւնները Դէմ Քուէարկեցին

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.