Երկուշաբթի, 7 սեպտեմբեր 2015-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, «Էրեբունի փլազա» պանդոկի «Էրեբունի» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ-ի Պատգամաւորական 11-րդ Ընդհանուր ժողովի բացման պաշտօնական հանդիսութիւնը` ներկայութեամբ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի ներկայացուցիչ Աւետիս Պէրպէրեանի, Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանի, մարմնակրթութեան եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարար Գաբրիէլ Ղազարեանի, Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսի ներկայացուցիչ, Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինի Քրիստոնէական դաստիարակութեան կեդրոնի տնօրէն Վարդան եպս. Նաւասարդեանի, ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեանի, «Փիւնիկ» հիմնադրամի պատուոյ նախագահ Գաբրիէլ Չեմպերճեանի, Համազգայինի եւ Հայ մշակութային «Արարատ» կազմակերպութեան ներկայացուցիչներուն, ինչպէս նաեւ Երեւան հասած ՀՄԸՄ-ի աշխարհասփիւռ ընտանիքի 104 ներկայացուցիչներուն:
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի ողջոյնի խօսքը փոխանցեց նախագահի օգնական Աւետիս Պէրպէրեան, որ շեշտը դրաւ միութեան նշանաբանին` «Բարձրացիր-բարձրացուր»-ին հետեւելով իրագործուող նուաճումներուն վրայ:
Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսի օրհնութեան խօսքը փոխանցեց Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինի Քրիստոնէական դաստիարակութեան կեդրոնի տնօրէն Վարդան եպս. Նաւասարդեան:
ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենադպիր Կարպիս Գապասագալեան կարդաց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին օրհնութեան գիրը, ուր շեշտը դրուած էր ՀՄԸՄ-ի առաքելութեան եւ յառաջիկայ ծրագիրներուն վրայ:
ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի վարչութեան ատենապետ Հրաչ Շմաւոնեան ողջունեց մասնակիցները մայր հայրենիքի մէջ` նշելով, որ ասիկա 4-րդ Պատգամաւորական ժողովն է, որ կը գումարուի Հայաստանի մէջ` շեշտելով ՀՄԸՄ-ի կապուածութիւնը Հայաստանին: Ապա, ան ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի «Ոսկիէ Շուշանածաղիկ» շքանշանով պարգեւատրեց Օշին Փիրումեանը` ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի նկատմամբ իր ցուցաբերած տարիներու ծառայութեան համար:
Ներկաները ողջունեց սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան, որ կարեւոր նկատելով եւ բարձր գնահատելով ՀՄԸՄ-ի գործունէութիւնը` շեշտեց, որ այս միութիւնը հայ անունը դաջած է իր ճակատին: Անդրադառնալով ՀՄԸՄ-ի գործունէութեան եւ առաքելութեան` նախարար Հ. Յակոբեան ընդգծեց, որ միասնականութեամբ անհրաժեշտ է կառուցել մեր հայրենիքը:
Ապա Հրանուշ Յակոբեան ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեանը պարգեւատրեց Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի «Երախտագիտութեան» մետալով:
ՀՅԴ Բիւրոյի խօսքը փոխանցեց Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան, որ լուսարձակի տակ առաւ ՀՄԸՄ-ի ուղեկից միութիւն ըլլալու գաղափարն ու այլ հայկական գաղութներու մէջ եւս անոր աշխատանքի ծիրը ընդլայնելու անհրաժեշտութիւնը:
ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեան ողջունեց հիւրերն ու ներկաները` անդրադառնալով ՀՄԸՄ-ի վերջին քառամեակին դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն եւ իրագործումներուն թէ՛ Հայաստանի մէջ եւ թէ՛ սփիւռքի տարածքին: Ան նշեց, որ ՀՄԸՄ կրկին առաքելութեան մէջ է` իր շուրջ համախմբելով Եւրոպայի զարգացող հայկական գաղութները: Ապա, ան ՀՄԸՄ-ի «Արժանեաց» շքանշանով պարգեւատրեց Աբրահամ Ահարոնեանը` Հարաւային Ամերիկայի շրջանէն, իսկ «Արտակարգ» պատուանշանով պարգեւատրեց Գաբրիէլ Չեմպերճեանը` միութեան նկատմամբ իր ցուցաբերած անսակարկ աջակցութեան համար:
Պատգամաւորական 11-րդ Ընդհանուր ժողովը իր աշխատանքները կը շարունակէ մինչեւ 12 սեպտեմբեր` Աղուերանի մէջ: