Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վարչապետ Աբրահամեան Մասնակցած Է Եւրասիական Տնտեսական Միութեան Միջկառավարական Խորհուրդի Նիստին

September 9, 2015
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ydm_9-08-15

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան 8 սեպտեմբերին Կրոտնոյի մէջ (Պիելոռուսիա) մասնակցած է Եւրասիական տնտեսական միութեան միջկառավարական խորհուրդի նիստին: Վարչապետին գլխաւորած պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Հայաստանի փոխվարչապետ, միջազգային տնտեսական  համարկման եւ բարեփոխումներու նախարար Վաչէ Գաբրիէլեան, փոխնախարար Սուրէն Կարայեան եւ Հայաստանի արտաքին գործոց փոխնախարար Շաւարշ Քոչարեան:

Եւրասիական տնտեսական միութեան անդամ պետութիւններու վարչապետները քննարկած են համարկման փոխգործակցութեան առնչուող բազմաթիւ հարցեր: Կառավարութիւններու ղեկավարները հիմնականին մէջ քննարկած են Եւրասիական տնտեսական միութեան  ծիրին մէջ արդիւնաբերական համագործակցութեան հիմնական ուղղութիւններուն, մեծ տնտեսական եւ ֆինանսական կայունութեան ապահովման, ծառայութիւններու միասնական շուկայի ձեւաւորման, արտասահմանեան երկիրներու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու հետ յարաբերութիւններու զարգացման վերաբերող հարցեր:

Անդրադառնալով օրակարգային հարցերուն` Հայաստանի վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան իր խօսքին մէջ նշած է, թէ  հայկական կողմը կ’աջակցի ընդունման նիստի օրակարգին վրայ ներառուած եւ համաձայնեցուած փաստաթուղթերու նախագիծերուն, որոնք կ՛ընդգրկեն Եւրասիական տնտեսական միութեան շրջանակներուն մէջ  համագործակցութեան տարբեր մարզեր: Վարչապետը նշած է, որ Հայաստան կարեւոր կը նկատէ այն քայլերը, որոնք ուղղուած են արդիւնաբերական համագործակցութեան ընդլայնման եւ խորացման` Եւրասիական տնտեսական միութեան ծիրին մէջ: Այս պարունակին մէջ ընդգծելով Հայաստանի Հանրապետութեան հարուստ փորձառութիւնն ու մասնագիտացումը` Հայաստանի վարչապետը նշած է հայկական կողմին պատրաստակամութիւնը Եւրասիական ճարտարագիտական կեդրոնի համար հարթակ տրամադրելու հարցին մէջ: Յովիկ Աբրահամեան նաեւ կարեւոր նկատած է մեծ տնտեսական եւ դրամավարկային քաղաքականութեան իրականացման գծով փոխհամաձայնեցուած փորձառութեան փոխանակումը:

Եւրասիական տնտեսական միութեան միջկառավարական խորհուրդի նիստին Հայաստանի վարչապետին առաջարկով որոշուած է յաջորդ նիստը գումարել Հայաստանի մէջ:

Աբրահամեան Առաջարկած Է
Հրաժարիլ Տոլարէն

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան Եւրասիական տնտեսական միութեան անդամ երկիրներուն առաջարկած է ռազմավարական ապրանքներու առեւտուրը կատարել ռուբլիով` հրաժարելով տոլարի  կախուածութենէն: Այս մասին ան յայտարարած է պիելոռուսական Կրոտնօ քաղաքին մէջ տեղի ունեցած Եւրասիական տնտեսական միութեան երկիրներու վարչապետներու հանդիպումին ընթացքին. կը յայտնէ ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը: 

«Եւրասիական տնտեսական միութեան մէջ անհրաժեշտ է քայլերու ձեռնարկել ազգային դրամանիշով կատարուող փոխադարձ հաշուարկները արդիւնաւէտ դարձնելու եւ տոլարացումը կրճատելու ուղղութեամբ: Արդիական է նաեւ համաձայնեցուած մաքրոտնտեսական քաղաքականութեան իրականացման հարցին մէջ փորձի փոխանակումը: Այս ծիրին մէջ կարեւոր է ռազմավարական ապրանքներու փոխադարձ առեւտուրը, առանց տոլարին կապուածութեան, ռուբլիով կատարելու գաղափարը»,  ըսած է Հայաստանի վարչապետը:

 

Նախորդը

Նալբանդեան. «Մեր Բարոյական Պարտքը Կը Նկատենք Կանգնիլ Միջին Արեւելքի Ժողովուրդներուն Կողքին»

Յաջորդը

Ռուսիոյ Մէջ. Մերժ Սարգսեանի Եւ Վլատիմիր Փութինի Հանդիպում

RelatedPosts

Գաղութային

January 31, 2026
39 Տարի Առաջ, Այսօր.  Դաշնակցութեան Նուիրեալներ Զոհ Կ՛երթան Անարգ Ոճիրի Մը
Գաղութային

31 Յունուար 1986-ի Նահատակները, Ու Պայքարը Կը Շարունակուի

January 31, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսամ Իրանի Դէմ Զինուորական  Գործողութեան Դիմելու Չենք Ստիպուիր»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսամ Իրանի Դէմ Զինուորական Գործողութեան Դիմելու Չենք Ստիպուիր»

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.